Ցաւը, Որ Մեզի Կը Տանջէ…
Մահը շունչ առնել չի տար մեզի:
Մէկուն փոսը հազիւ փակած` միւսին կորուստը կը սգանք:
Միայն վերջին մէկ տարուան ընթացքին, տարբեր կշիռով ու արժէքով, սակայն համահայկական չափանիշով դէմքեր տուինք հողին, տո՜ւն դառնալու եւ անդրադառնալու համար ճնշիչ կսկիծով, որ մեռնողներուն հետ ապրողները եւս կը մահանան քիչ մը…
Ռուբէն Դարբինեան, Ժիրայր Միսաքեան, Շաւարշ Նարդունի, Յակոբ Մուրատեան, Արսէն Երկաթ, եւ, ահաւասիկ, ազգային առումով պատմական դէմքի մը` Սիմոն Վրացեանի խաղաղ շիջումը Լիբանանի մէջ…
Տարուան մը ակնթարթը այսքան դաժան եւ անկարեկիր եղած է արդէն` առանց յիշելու տերեւաթափը ուրիշ շատերու, որոնք կեանքի բնականոն օրէնքով կամ բախտի չար խաղով կը խզուին մեզմէ ընդմիշտ, հայութեան «մարդու կարօտ» եւ բախտորոշ այս օրերուն…
Յոռետեսութեան ջատագովանքը չենք ըներ: Ո՛չ ալ ողբաձայն վարժապետութիւնը միջոց ու դարման կը համարենք մխիթարութեան:
Տարրական դատումն իսկ բաւական է տարապայման եւ անսովոր ոչինչ տեսնելու համար եղածին մէջ:
1950-ական թուականներէն ասդին ալեւոր սերունդը ա՜յս կամ այն ձեւով կը փակէ կեանքի իր գիրքը: 1880-1900-ական թուականներու թոհուբոհին մէջ կռանուած, ազգային ծանօթ վերիվայրումներով տագնապած, հայ կեանքի գրեթէ բոլոր ճակատներուն վրայ յառաջապահ դերակատարութեան կոչուած «մեծ»-երու փաղանգն է, որ կը նօսրանայ, կ՛անէանայ` կրնանք ըսել:
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ պատկերը, ու որքան ալ մարդկօրէն տխրինք կամ ընդվզինք, բնական կը նկատենք ընդհանուր տերեւաթափը:
Համազգային մտահոգութիւնը, որ մղձաւանջային ծանրութեամբ կը հնչէ հոգիներու վրայ, տարբե՜ր իրողութիւններէ եւ վիճակներէ կը թելադրուի:
Անդարձ մեկնողները կ՛ազդարարեն մեզի, թէ հայութեան նոր ժամանակներու կեանքը գաղութներու մէջ չի զարգանար կամ չ՛ապահովուիր այն պայմաններով ու միջոցներով, որոնք յատուկ էին 1880-ական թուականներուն:
Հիմնովին փոխուած է հայկական արտասահմանի ենթակայական եւ յարաբերական մթնոլորտը, եւ եթէ ազգային գոյապայքարի հարց մը կայ գէթ չափահաս սերունդին համար, անհրաժեշտ է պատշաճիլ նոր ստիպողութեանց:
Ղեկավարութեան տագնապ մը կ՛ապրի մեր ժողովուրդը` աշխարհացրիւ իր բոլոր կորիզներով:
Ղեկավարներ կան ամէն տեղ, ղեկավարելու ընդունակ տարրեր կը հասնին ամէնուրեք, սակայն ղեկավարութիւնը կը պակսի, որովհետեւ անհատապաշտութեան եւ ինքնագոհութեան զգացումները մեզ անատակ կը դարձնեն հաւաքական աշխատանքի, համագործակցութեան, ազգային ընդհանրական մտահոգութեանց թելադրանքով գործելու:
Գիտութեան բարձունքներուն, ընկերային եւ մշակութային վերնական դիրքերու հասած երիտասարդութիւն մը ունինք այսօր` արեւմտեան ոստաններու մէջ: Իսկ Միջին Արեւելքը հայ երիտասարդութեան կ՛ընծայէ ոչ միայն «դարուն ոգին»` մասնագիտական պատրաստութիւն եւ ազատ արուեստներ, այլեւ` «հայեցի դաստիարակութիւնը» (հանրային գիտակցութիւն):
Այսուհանդերձ, անոնք` այդ երիտասարդներու բացարձակ մեծամասնութիւնը, աւելի տեսակա՜ն մարզանքներով կը զբաղին, քան` ստեղծագործ քննադատութեամբ եւ գործնական յանձնառութիւններով:
Տանիք բարձրացած ենք հիներու սխալները կամ ժամանակակից ղեկավարութեան կարճատեսութիւնը դատափետելու համար, առանց արժեւորելու սակայն քննադատութեան իրենց իրաւունքը եւ «դժգոհանքի վարդապետութիւնը»:
Իրողութեանց եւ երեւոյթներու քննութիւնը մեզ կը հասցնէ գրեթէ անվէպ այն եզրակացութեան, որ կարողութիւններու եւ արժէքներու տագնապ չկայ հայ կեանքի մէջ, սակայն մտահոգիչ համեմատութեամբ տժգունած է հայ երիտասարդութեան հանրային մտածողութիւնը:
Հայրենասիրութիւն, ազգային գիտակցութիւն, միտք եւ ծառայութեան զգացում` անփոխարինելի տուեալներ են վաղուան ղեկավարին համար. սակայն հիմնականը ամբողջական եւ անսխալ ճանաչումն է սփիւռքին, զայն իր ինքնութեան եւ ազգային կենսունակութեան մէջ առողջ պահելու կարելիութեանց:
Տարասփիւռ մեր համրանքը նոր ստիպողութեանց հետ հաշտ պահելու հրամայական պահանջը ընթացք եւ լուծում պէտք է գտնէ ա՛յս ճանաչման թելադրանքով, եւ ոչ թէ` գրքունակ տեսութիւններով:
Երէցներու տերեւաթափը թանձր տխրութեամբ կը ճնշէ մեր հոգիներուն վրայ, որովհետեւ անոնց կորուստով կը շեշտուի հանրային մտածողութեան եւ ազգային ճանաչումի աղօտացումը համահայկական կեանքի մէջ:
Մտահոգութեան խնդիր չէր մնար, եթէ կարենայինք հաշտուիլ աշխարհաքաղաքացի դառնալու ակներեւ մեր ճակատագրին հետ: Հիւրընկալ երկիրներու մէջ հայութիւնը բնիկ տարրին հետ ձուլուելու եւ իր ազգային… ծագումը ի միջի՜ այլոց չմոռնալու բոլոր երաշխիքները կ՛ընծայէ մեզի: Աւելի՛ն. նաեւ դիրք ու փառք կ՛ապահովէ ընկերային, քաղաքական, տնտեսական թէ մշակութային ճակատներու վրայ:
Ազգային մեր «հարցը», սակայն, ներկայիս ինքնապահպանումի հարցն է. հետեւաբար մեզ չեն խանդավառեր նոր սերունդին նուաճումներն ու յաջողութիւնները` անհատական կեանքի մէջ կամ` տեղական-քաղաքացիական առումով:
Ինչո՜վ եւ ի՛նչ չափով ազգային գոյութեան մեր պայքարին կը նպաստեն անոնք: Ահաւասիկ չափանիշը` հանրային իրենց մտածողութեան եւ արժանաւորութեան:
* * *
Մեր մեծանուն ընկերոջ` Սիմոն Վրացեանի շիջումէն թելադրուած սա արագ հաստատումները կը միտին մատնանշել աղբիւրն ու արմատը այն «ցաւ»-ին, որով կը տագնապի այսօր գաղթաշխարհի հայութիւնը:
Երբ կ՛ընդգծենք հանրային ճանաչումի եւ մտածողութեան աղքատացումը եկուոր սերունդներու մօտ, կը ձգտինք շեշտել պարզապէս, որ ենթահողը եւ աշխարհաքաղաքական պայմանները կը դաւաճանեն մեզի:
Ամէն «տերեւ», որ կ՛իյնայ, կամ ամէն «ճիւղ», որ կը փրթի, կը մղէ մեզ գիտակցելու, թէ աւիշը ցամքելու վրայ է, որովհետեւ արմատները հիւրընկալ օտար հողին մէջ խրած, ու արեւը հայրենի ջերմութիւնը չունի…
Մ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
Վերջին Ժամ.
Վեհափառ Կաթողիկոսը
Սպիտակ Տան Մէջ
Նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն հինգշաբթի իրիկուն Սպիտակ տան մէջ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.-ը: Վեհափառը, որուն այցելութիւնը «քաղաքական» կ՛որակուի, Սպիտակ տուն գնաց ընկերակցութեամբ հանրապետական կաթողիկէ երեսփոխան Էտուըրտ Էրուինըսքիի: Վեհափառը «Կիլիկեան մեծ խաչ» շքանշանով պատուեց նախագահը:
Այսօր` ուրբաթ, ի պատիւ կաթողիկոսին, հացկերոյթ մը պիտի տրուի Ուաշինկթընի մեծ պանդոկներէն մէկուն մէջ: