Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1969)

Յունիս 17, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուիլիըմ Սարոյեան
Աթէնքի Մէջ

Աթէնքի մեր պաշտօնակիցը` «Ազատ Օր» հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած է ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրագէտ եւ թատերագիր Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ, որ յունիս 8¬ին Աթէնք ժամանած է: Կու տանք այս առիթով գրուած յօդուածը` իր շահեկանութեան համար:

* * *

Աթէնական հելլէն մամուլէն երէկ տեղեկացանք, որ կիրակի օր Աթէնք ժամանած եւ «Կրանտ Պրըթանիը» պանդոկը իջեւանած է աշխարհահռչակ ամերիկահայ գրագէտ ու թատերագիր Ուիլիըմ Սարոյեան, որ տեսակցած է հելլէն լրագրողներու հետ, որոնք լուսանկարներ հրատարակած են իրենց տեսակցութեանց հետ:

Մեր աշխատակիցը` Պատրիկ Սարգիսեան, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ մեր տաղանդաւոր ազգակիցին հետ, որուն բարի գալուստ մաղթեց «Ազատ Օր»¬ի կողմէ եւ յիշեցուց իր նախորդ այցելութիւնը, երբ հանդիպած էր խմբագրատուն եւ լուսանկարուած` խմբագրական ու վարչական կազմերուն, ինչպէս նաեւ ներկայ բարեկամներու հետ: Այցելած էր տպարան, «Զաւարեան» սրահը, ուր իրեն ի պատիւ կազմակերպուած էր հաւաքոյթ մը, եւ ուր ինք խօսած էր հայերէն: Այցելած էր նաեւ հայկական զանազան հաստատութիւններ:

Ուիլիըմ Սարոյեան յիշեց բոլորը եւ յայտնեց, որ կը փափաքէր կրկին այցելել խմբագրատուն, սակայն, դժբախտաբար, պիտի չկրնայ իր այդ փափաքը իրագործել, որովհետեւ, այսօր` չորեքշաբթի, յունիս 11, առաւօտ կանուխ կը մեկնի Յունաստանէն (դէպի Փարիզ):

Խոստացաւ, սակայն, յաջորդ գալստեան անպայման այցելել խմբագրատուն:

«Նէա Փոլիթիա» առաւօտեան օրաթերթի աշխատակից Աբ. Վրախիոլիտիս Սարոյեանի մասին կը գրէ.

«Փոթորկոտ, յախուռն, աղմկայարոյց, ահագին պեխերով, հայկական Կովկասի հարազատ մէկ զաւակն է Ուիլիըմ Սարոյեան, որ արմատ նետած է Ամերիկայի մէջ` շատ կանուխէն գրաւելու համար ամէնէն փայլուն դիրքերէն մէկը` համաշխարհային արձակին մէջ: Նախանցեալ օրէն Աթէնք կը գտնուի ան»:

¬ Անշուշտ, արձակուրդի եկած եմ,¬ կ՛ըսէ:¬ Ճամբորդ մըն եմ: Շարունակ կը ճամբորդեմ, երբեմն մէկ եւ երբեմն ալ` միւս կերպով: Իրական ճամբորդները երբեք ծրագիր չեն ունենար, երբեք չեն գիտնար, թէ ե՞րբ պիտի մեկնին եւ որքա՞ն պիտի մնան… Այդպէս եմ ե՛ս ալ: Կրնայ ըլլալ, որ մէկ շաբաթ մնամ ու կրնայ ըլլալ, որ վաղը մեկնիմ: Ինչպէս որ փչէ խելքս…

Սարոյեան կը խօսի: Կը բաւէ, որ խօսի: Անսպառ է, զուարթ, պարզ ու նախնական, եւ անբիծ` տղու մը պէս, «նամակատան տղուն» պէս` իր պատմուածքներու ամէնէն յատկանշական հերոսներէն մէկը:

Ամիս մը առաջ Սարոյեան հրատարակեց իր վերջին` քառասունհինգերորդ գիրքը:

¬ Կը գրեմ կեանքին մասին,¬ կ՛ըսէ:¬ Կը հոտոտեմ կեանքը, կը շօշափեմ զայն: Քե՛զ ալ: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս մօտեցայ քեզի: Ա՛յս է կեանքը: Կը հոտոտես եւ այո՛ կամ ո՛չ կ՛ըսես: Ինչպէս որ կ՛ուզես: Ուրեմն, լմնցուցի՞նք:

¬ Դեռ չսկսանք,¬ պատասխանեցի:

Խնդաց: Խոշոր պեխերը շարժեցան:

¬ Մարդ երբեք չի գիտեր թէ ե՞րբ կը սկսի եւ ե՞րբ կը վերջանայ: Կ՛աճապարեմ եւ այս գիշեր կ՛ուզեմ թատրոն երթալ: Ամէն պարագայի մէջ քեզի ըսեմ, որ վերջին գիրքիս խորագիրն է «Նամակներ` Թալպաութ փողոցի թիւ 74 տունէն»: Այս տունը ի՛մս է: Տարուան մեծագոյն մասը Փարիզ կը մնամ: Յետոյ Միացեալ Նահանգներ կ՛երթամ: Այս տունէն գրեցի 31 նամակներ, որոնց մէջ կեանքի 31 տարբեր պարագաներ կը ներկայացնեմ:

Կը շարունակէ.

¬ Կը սիրեմ գրել: Յաջողած գրագէտ չեմ, սակայն լաւ գրագէտ մըն եմ… Յաջողութիւնը դրամով չի հաշուըուիր: Իբրեւ գրագէտ` ուրիշներու շահածին չափ չեմ շահիր… Թերեւս պիտի կրնայի ամէնէն աւելի գրել ու շահիլ, բայց չեմ ուզեր:

Լաւ գրագէտը ինքզինքը եւ ընթերցողը գոհացնելու համար կը գրէ եւ ոչ թէ` դրամը նպատակակէտ ունենալով: Ես այսպէս եմ:  «Գրագիտութիւնը» լաւ գործ է եւ գոհ եմ…

* * *

«Էլեֆթերոս Քոզմոս» Սարոյեանի մասին կը գրէ ի միջի այլոց.

«Սարոյեան հայկական ծագում ունի, ծնած է Ֆրեզնօ, 1908¬ին: Տասներեք տարեկանէն սկսած է զբաղիլ գրականութեամբ: 1934¬ին, երբ ներկայացուց իր առաջին վէպը` «Յանդուգն երիտասարդը թռչող կապերտին վրայ» (տրապէզ), մինչեւ այսօր յաջողեցաւ ըլլալ իր ժամանակաշրջանի ամէնէն սիրուած գրագէտներէն մէկը:

«1942¬ին իրեն տրուեցաւ լաւագոյն սենարիոյի «Օսքար»¬ը իր «Մարդկային կատակերգութիւն» գործին համար: Անկէ ի վեր գրեց ուրիշ շատ մը վէպեր ու շարժանկարի սենարիո»ներ ալ»:

Փոմփիտու

Հանրային կարծիքին բազկերակը բռնող հաստատութիւնները այնքան ճիշդ նախատեսած էին, որ կը տարուինք մտածելու, թէ արդի ընկերութեան մէջ, այսուհետեւ, ընտրութիւնները, իբրեւ գործողութիւն, դարձած են պարզ ձեւակերպութիւն մը:

Անակնկալի բաժինը, որ իւրաքանչիւր ընտրութեան կու տայ սըսփենսի խռովքը` մինչեւ վերջին վայրկեանը վառ պահելով ոչ միայն ուղղակի շահագրգռուող երկրին, այլ նաեւ` աշխարհի հետաքրքրութիւնը, իջած է նուազագոյնին:

ԻՖՕՓ եւ ՍՈՖՐԵՍ նախատեսեցին տը Կոլի պարտութիւնը: Զօրավարը պարտուեցաւ: Նախատեսեցին Փոմփիտուի յաղթանակը: Նախկին վարչապետը յաղթեց:

Փոմփիտուի յաղթանակով նոր էջ մը բացուեցաւ Ֆրանսայի համար: Այնքան ատեն, որ զօրավարը կար եւ երկաթեայ բազուկով կը վարէր երկիրը, ֆրանսացի ժողովուրդը եւ Ֆրանսայի բոլոր բարեկամները անձկութեամբ հարց կու տային, թէ ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ օր մը յունիս 18¬ի մարդը անհետանայ քաղաքական բեմէն:

Զօրավարին նախկին վարչապետին յաղթանակը ցոյց կու տայ, որ Ֆրանսայի քաղաքական կեանքին ընթացիկ հոսանքներէն դուրս, աջի ու ձախի սովորական սահմանումներէն անդին, կազմուած է զանգուած մը, որ հինգերորդ հանրապետութեան քիչ մը կարծր եւ անձնակեդրոն քաղաքականութիւնը կը նախընտրէ բազմակուսակցական արկածախնդրութիւններէ, եւ նախագահական վարչակարգը որոշ հրապոյր ունի ֆրանսացի ժողովուրդին համար:

1962¬էն ի վեր, եօթը տարի շարունակ, հակառակ զօրավար տը Կոլի զօրաւոր անհատականութեան անխուսափելի հետեւանքը եղող ճնշիչ ներկայութեան, Փոմփիտու տուաւ վկայութիւնը իր սեփական արժանիքներուն եւ իշխանութեան աստիճաններէն բարձրացաւ քայլ առ քայլ, մինչեւ որ իր ժողովուրդին կրցաւ տալ այն ապահովութիւնը, թէ արժանաւորապէս կրնայ յաջորդել մեծանուն մարդուն, շարունակել անոր գործը, նոյն ատեն այլ հոսանքներու բաղձանքներուն որոշ չափով գոհացում տալու պատրաստակամութեամբ:

Հիմա, դէպքերէն տարի մը ետք, յետադարձ ակնարկով կը հաստատուի անցեալ մայիսին գոյացած այն տպաւորութիւնը, որ եթէ Ֆրանսան կրցաւ պարտութեան մատնել անիշխանութեան ուժերը, ատիկա առաւելաբար կը պարտի Փոմփիտուի պետական մարդու եւ ղեկավարի արժանիքներուն, քան թէ` զօրավար տը Կոլի թատերական ելոյթներուն: Եթէ այդ օրերուն հինգերորդ հանրապետութիւնը կանգուն մնաց, մնա՛ց, որովհետեւ Փոմփիտու կրցաւ վստահութիւն ներշնչել զանգուածներուն` հասկցնելով, թէ զօրավարէն ետք, որ պէտք է մեկնի իր կամքով եւ իւրայատուկ եղանակով, քաոսը, որմէ կը վախցուէր, պիտի չստեղծուի, որովհետեւ պետական մեքենան լաւ ընթացքի մէջ է, ու երբ օրը գայ, գոյութիւն ունի այն մարդը, որ պատրաստ պիտի ըլլայ ազգային պատասխանատուութիւններ ստանձնելու:

Անշուշտ, Փոմփիտուի ընտրութեամբ, Ֆրանսայի դժուարութիւնները, որոնք աւելի տնտեսական եւ ելեւմտական բնոյթ ունին, մէկ օրէն միւսը պիտի չհարթուին: Ֆրանքի խնդիրը, մանաւանդ` մարքը արժեւորելու Պոնի մերժումէն ետք, հրատապ խնդիր մըն է սեղանի վրայ: Բայց, իմաստուն քաղաքականութեամբ մը, Ֆրանսայի կարելիութիւններուն համապատասխան ծրագիրներ մշակելով, մանաւանդ եւրոպական աւելի լայն գործակցութեամբ մը, Փոմփիտու կրնայ յաջողիլ հոն, ուր տը Կոլի մը դիւրազգացութիւնը որոշ արգելքներ կը յարուցէր:

Տը Կոլի մեկնումով մեծ մարդ մը պատմութեան անցաւ:

Փոմփիտու իրեն հետ կը բերէ պետական մարդու մը հաւաստիքները:

Տ. Ո.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Երեւան-Վան` Ուղիղ Թռիչք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?