Փափկանկա՜տ Հիւրընկալներ…
Անցեալ երկուշաբթի, յունիս 3-ին Պոլսոյ մէջ կայացաւ Միջազգային առեւտրական սենեակներու 22-րդ համագումարը` 66 երկիրներէ եկած երկու հազարէ աւելի պատգամաւորներու մասնակցութեամբ:
Կը կարդանք, որ առաջին նիստը շատ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ չէ անցած, մանաւանդ անոր համար, որ` «սրահին մէջ հեղձուցիչ տաք մը կը տիրէր եւ ժողովականները սաստիկ քրտնեցան` սրահին հովահարումի մեքենան խանգարուած ըլլալով»:
Թուրքիոյ մէջ, պաշտօնական թէ անպաշտօն օրերու, պայման է կարծես, որ անխուսափելիօրէն բան մը խանգարուի եւ խանգարման պատճառով հեղձուցիչ ուրիշ բաներ պատահին:
Չենք գիտեր հեղձուցիչ օդի՞ն, թէ՞ ուրիշ պատճառներով համագումարի կարգ մը պատգամաւորներուն «քրտնած» տիկինները կ՛երթան թրքական բաղնիք եւ, ինչպէս օրէնք է, եւայական մերկութեամբ կը սկսին լոգանքի:
Մինչեւ հոս ոչինչ կայ տարօրինակ: Թրքական բաղնիք մտնողը այցելուի հագուստը վրան պիտի չպահէր հարկաւ եւ բաղնիքին երանելի գմբէթներուն տակ, բնակա՛ն է, լրիւ պիտի վայելէր արտօնուած ազատութիւնը: Տարօրինակը այդ չէ: Թրքական բաղնիքին թրքական բաժինը հետեւեալն է.
Օտար տիկիններուն լոգանքի պահուն թուրք նկարիչ մը կը սպրդի բաղնիքէն ներս եւ կը նկարէ մօրէ մերկ տիկինները, եւ ատիկա` ո՛չ թէ անհատական ախտագին հակումէ մը դրդուած, այլ թուրք հասարակութեան սնունդ հայթայթելո՜ւ նախանձախնդրութեամբ: Այսպէս: Թուրքը առած նկարները կը յանձնէ թերթերուն, որոնցմէ երկուքը տեղ կու տան անոնց` առիթ տալով ա՛յն տակնուվրայութեան, զոր լրագրական գործակալութիւնները «Պոլսոյ գայթակղութիւնը» խորագրով հաղորդեցին թերթերուն:
Մի՛ հարցնէք, թէ հեռուներէն եկած տիկինները ի՛նչ պէտք ունէին թրքական բաղնիքին: Այցելուի իրենց հետաքրքրութեան գոհացում տալու համար ո՞ւր երթային հապա օտար տիկինները: Թուրքերու Լո՞ւվրը այցելէին, թուրքերուն մատենադարա՞նը, օփերա՞ն: Միւս ազգերու հրաշալիքներուն մօտեցող բան չունին թուրքերը, ունին անոնց չունեցածը` թրքական բաղնիքը, ուր, ըստ երեւոյթին, յղփանալու հեշտանքին հետ թափ կ՛առնէ նաեւ Ճենկիզ Խանի թոռներուն ձեռներէ՜ց ոգին, հնարամտութիւնը, արուեստը, որ պատկերազարդ լրբութեամբ մը կը յանձնուի ամբոխներու վայելումին:
Առեւտրական գրասենեակներու համագումարին մասնակցող 66 երկիրներու երկու հազար պատգամաւորները առեւտրական իրենց առաջին ու չնախատեսուած փորձառութիւնը ապրեցան եւ հաւանաբար պիտի հանդիպին ուրիշ անակնկալներու եւս, վասնզի առեւտրականներու փափկանկա՜տ հիւրընկալները թուրքեր են, եւ թուրքերը առանց քանի մը խաւ թրքութիւն ցուցադրելու` չեն կրնար բաժնուիլ իրենց հիւրերէն…
Պ. Ս.
Հայութեան Տօնը
(Մայիս 28-ի Առիթով)
Մայիս 28-ը միայն անցեալ մը չէ, այլ նաեւ, այլ մանաւանդ ապագայ մըն է: Իբրեւ անցեալ` անմոռանալի յիշատակ մըն է, իբրեւ ապագայ` անթաղելի յոյս մըն է:
Մեզ յաճախ կը մեղադրեն ո՛չ անոր համար, որ մայիս 28-ը չենք տօներ, այլ անոր համար, որ կը տօնենք:
Բայց մայիս 28-ը շահարկելի դրամագլուխ մը չէ Դաշնակցութեան համար, ընդհակառակն, Դաշնակցութիւնն է, որ շահարկելի դրամագլուխ մըն է մայիս 28-ի համար: Ըսել կ՛ուզենք` մայիս 28-ը Դաշնակցութեան ստացուածքը չէ, բայց Դաշնակցութիւնը մայիս 28-ի ստացուածքն է:
Այս պանծալի թուականը` մայիս 28 մասնաւոր տէր մը չունի, այլ ունի ընդհանրական տէր մը, որ հայ ժողովուրդն է: Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին մէկ մասն է միայն, ինք չէ մայիս 28-ի տէրը, այլ մայիս 28-ն է իր տէրը: Եւ կրնայ հպարտութեամբ յայտարարել, թէ չէ ուրացած իր տէրը եւ պիտի չուրանայ երբեք:
Պիտի ըսենք նաեւ, ի լուր եւ ի յուշ մտքով չքաւորներուն, թէ մայիս 28-ին կրնայ յաղթել միայն մայիս 28-ը: Ըսենք աւելի պարզ ու որոշ. երկրորդ մայիս 28 մը միայն կրնայ պարտութեան մատնել առաջին մայիս 28-ը: Այլ խօսքով, 1918 մայիս 28-ը գրուած պատմութիւն մըն է. մեր ազգային ուխտը պիտի ըլլայ զայն կրկին դարձնել գրուելիք պատմութիւն մը, անշուշտ` առանց մոռնալու կամ ուրանալու գրուածը:
Մայիս 28-ը մասնաւոր տէր մը չունի, այլ ունի ընդհանրական տէր մը, որ հայ ժողովուրդն է: Զայն ուզեցին բոլոր հայերը, անոր համար արիւն թափեցին բոլոր հայերը, զայն օրհնեցին ու փառաբանեցին բոլոր հայերը: Ուստի ան կը պատկանի բոլոր հայերուն` լուսաւորչականին, կաթողիկէին, բողոքականին, հնչակեանին, դաշնակցականին, ռամկավարին, համայնավարին, անկուսակցականին, նոյնիսկ` հայմաթլոս հայերուն:
Արդիւնքը եղաւ Սարդարապատը: Արդիւնքը եղաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը:
Մայիս 28-ը, ուրեմն, կը պատկանի բովանդակ հայութեան:
Այս իմաստով ալ հայութեան տօնն է ան:
Մենք դէմ ենք ամէն երկուութեան, որ մասերու կը բաժնէ հայրենիքն ու հայութիւնը: Ուստի կը պահանջենք ո՛չ թէ մասը, այլ` ամբողջը: Ո՛չ թէ միաւորը, այլ` միացեալը, ամբողջականը: Մենք այս ձեւով կ՛ըմբռնենք մայիս 28-ի խորհուրդը:
Ահա թէ ինչու ա՜յնքան խոր հաւատք կը դնենք մեր խօսքին մէջ, երբ կը մտածենք, կ՛ըսենք ու կը գրենք շարունակ. մէկ Հայաստան, մէկ հայութիւն: Երբ այս «մէկ»-ութիւնը յաղթէ, յայնժամ յաղթական կը դառնայ մայիս 28-ի ոգին: Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ մենք հաւատարիմ հպատակներն ենք այս ոգիին:
«Յուսաբեր»
Վեհափառ Հայրապետը
Ուիլսընի Շիրիմին Առջեւ
Միացեալ Նահանգներու մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան Ուաշինկթընէն կը հեռագրէ, որ երկուշաբթի, յունիս 9-ին, Արլինկթընի ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած է յուզիչ արարողութիւն մը, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. Կիլիկեան Մեծ Խաչի շքանշանով պատուած է ամերիկացի անծանօթ հերոսները: Շքանշանը մնայուն կերպով պիտի ցուցադրուի գերեզմանատան ամփիթատրոնին մէջ:
Վեհափառ կաթողիկոսը ապա գացած է Ուաշինկթընի աթոռանիստ եկեղեցին` աղօթելու համար նախկին նախագահ Ուիլսընի շիրիմին առջեւ:
Ֆրանսական գործակալութիւնը, որ նոյնպէս կը հաղորդէ լուրը, կ՛աւելցնէ. «Հայերը կը մեծարեն նախագահ Ուիլսընը, որ Ա. Աշխարհամարտէն ետք ջարդերու եւ աքսորի զոհ իրենց հայրենակիցներուն ի նպաստ գործունէութիւն մը ունեցաւ»: