Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Յունիս 1969)

Յունիս 15, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան

Մուսա Լերան Հայ Ժողովրդական
Բանահիւսութիւնը

Երեւանցի բանահաւաք Վ. Սվազլեանը հաւաքած եւ Երեւանի մէջ հրապարակած է Սուէտիոյ հայերու բանահիւսութեան ընտիր նմուշներ: Այդ նիւթերը գրի առած է Երեւանի Շահումեանի, ինչպէս նաեւ Էջմիածնի եւ Հոկտեմբերեանի շրջաններուն մէջ բնակող այն սուէտահայերէն, որոնք Հայաստան ներգաղթեցին Բ. Համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս յետոյ:

Սվազլեանը կը նշէ, որ Մուսա Լերան ստորոտին ապրող հայերու բանահիւսութիւնը դարերու պատմութիւն ունի: Ժողովրդական այդ պարզ ու անպաճոյճ ստեղծագործութիւններուն մէջ շունչ ու կենդանութիւն ստացած է աշխարհագրական այն միջավայրը, ուր ապրած են անոնք: Ժողովրդական ստեղծագործութիւններու մէջ պատկերաւոր եւ գեղարուեստական ոճով արտացոլուած են այդ վայրի բուսական եւ կենդանական աշխարհը, գիւղերն ու քաղաքները` իրենց բազմազգ բնակչութեամբ եւ իւրայատուկ կենցաղով: Ամենայն հաւանականութեամբ, կը գրէ ան, սուէտահայերը ունեցած են ժողովրդական բանահիւսութեան բոլոր ժանրերու նմուշներ, սակայն բոլորը մեզի չեն հասած:

Գրի առած նիւթերուն մէջ կան վիպական եւ քնարական բնոյթի ստեղծագործութիւններ: Ուշագրաւ եւ հրաշապատում հեքիաթներ, որոնց մէջ մեծ դեր ունին գիրն ու գրականութիւնը, մարդոց եւ անասուններու լեզուն իմանալը:

Սուէտահայերու առօրեայ կեանքն ու յարաբերութիւնները ներկայացուած են նաեւ իրենց իրապատում հեքիաթներուն մէջ:

Մուսալեռցիները ունին նաեւ մեղմ եւ պատկերաւոր առածներ եւ ասացուածքներ, որոնք կ՛արտացոլեն ժողովրդական բազմադարեան կենսափորձով ստուգուած ճշմարտութիւններ:

Մեր ժողովուրդի հոգեկան կերտուածքին, կը նշէ Սվազլեանը, խիստ բնորոշ է աշխատասիրութիւնը: Սուէտացին, ինչպէս` գաղթաշխարհի մէջ ապրող ամէն մէկ հայ, գիտակցած է, որ ազնիւ եւ քրտնաջան աշխատանքով միայն հնարաւոր է գոյութիւն ունենալ:

Պատկերաւոր եւ խորիմաստ են նաեւ անոնց օրհնանքներն ու անէծքները: Բնութիւնը վերակենդանացնող ուժերու նկատմամբ ժողովուրդի տածած անհուն սիրոյ եւ երկիւղածութեան արտայայտութիւնը կայ շարք մը օրհնանքներու մէջ, ուր հողն ու ջուրը, ծաղիկն ու տերեւը կը դառնան մարդկային բնաւորութեան լաւագոյն յատկութիւնները գնահատող չափանիշ:

Սուէտահայերը ունին բազմաթիւ հանելուկներ, որոնք ըլլալով պատկերաւոր հարցադրումներ` գաղափար կու տան շրջապատի բնութեան, զանազան երեւոյթներու, բուսական եւ կենդանական աշխարհի, ինչպէս նաեւ` տեղւոյն բնակչութեան կենցաղի շարք մը հանգամանքներու մասին:

Անմիջական եւ յուզիչ են նաեւ քնարական երգերն ու խաղիկները: Ատոնք կ՛արտացոլեն յոյզեր եւ ապրումներ, խինդ ու վիշտ, պայքար եւ հաստատուն հաւատք` լաւագոյն գալիքի հանդէպ:

Խաչիկ Պապիկեանի Միջոցով

Պապը Մաղթանքներ Ըրած Է Լիբանանի
Յաջողութեան Եւ Բարգաւաճման Համար

Առողջապահութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեան, որ ներկայիս կը գտնուի Ժընեւ, ուր կը մասնակցի Աշխատանքի միջազգային գրասենեակի համագումարին աշխատանքներուն, ընդունուած է պապին կողմէ, որ անցեալ շաբաթ քանի մը ժամուան համար Ժընեւ այցելած էր:

Ունկնդրութեան ընթացքին ս. քահանայապետը իր հայրական սէրն ու գուրգուրանքը արտայայտած է հանդէպ Լիբանանին եւ պարտականութիւն տուած է Խ. Պապիկեանին` յաջողութեան եւ բարգաւաճման իր մաղթանքները փոխանցելու հանրապետութեան նախագահին: Պօղոս Զ. ըսած է, որ Լիբանան շատ սիրելի երկիր մըն է իրեն համար:

Միւս կողմէ, Պ. Ի. Թ.ի համագումարին, Խ. Պապիկեան, խօսած է ճառ մը` անդրադառնալով պաղեստինեան խնդրին: Խ. Պապիկեան ըսած է. «Նպատակ չունիմ նկարագրելու աղբերգութիւնը ժողովուրդի մը, որ խաղաղ կ՛ապրէր իր հողին վրայ, ուրկէ արտաքսուեցաւ հազարաւոր տարիներ ետք: Ո՛չ, ձեզի հետ պիտի քննեմ շրջանին մէջ խաղաղութեան դատին ծառայելու կարելիութիւնները: Սիոնական պետութիւնը ցեղապաշտ քաղաքականութիւն մը վարելո՞վ պիտի կրնայ ապահովել մարդկային ազատութիւնները: Իր քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի խաղաղութեան դատին կը նպաստէ՞ միթէ: Արաբ աշխատաւորներուն արդարութիւն կը պահանջեմ, ինչպէս` բոլոր աշխատաւորներուն»:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փանամայի Մէջ, Կերպընկալէ Շիշերէ Տուներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?