Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1969)

Յունիս 3, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հերոսական Գարահիսարը

3 յունիս, 1915:

Լաւ միտքերնիդ պահեցէք այդ թուականը: Այդ օրն էր, որ հայ ժողովուրդի խենթ զաւակներէն մաս մը, միակամ, թքաւ թուրքի անամօթ ճակտին ու զէնք առնելով` ելաւ լեռ մեռնելու:

Բայց մեռնելէ առաջ` մեռցնելու:

Իրաւ է` պայքարը անյոյս էր, ապագան` մռայլ, մահը` անխուսափելի, բայց ի՞նչ փոյթ, խենթերը ե՞րբ են երկար բարակ հաշուի նստեր…

Փա՜ռք խենթերուն:

Հասկցաք հաւանաբար, որ խօսքս, այս անգամ, շապինգարահիսարցի խենթերուն մասին է:

Չեմ հաւատար, որ անոնք տեղեակ էին թուրք կառավարութեան ծրագրին տարողութեան, գիտէին միայն, որ բաներ մը կ՛անցնէր կը դառնար, շրջակայ գիւղերը աւերի ու կոտորածի կ՛ենթարկուէին, բայց այդ նորութիւն չէ՜ր… Օսմանեան կայսրութեան մէջ ամէն 20-25 տարին անգամ մը կրկնուող երեւոյթ էր…

Պատրուա՞կը այս անգամ:

Կառավարութիւնը կ՛ուզէր պատերազմական ճակատէն հեռու, ապահով վայրեր փոխադրել հայ ժողովուրդը:

Եթէ այդ էր նպատակը, ինչո՞ւ կը փորձէին անգլուխ ձգել հայ ազգը:

Զարմանալի է ընդունիլ, որ հայերու մէջ իսկ գտնուեցան այս հեքիաթին հաւատացողներ, խոհեմութեան ու հանդարտութեան քարոզ կարդացողներ:

Բայց փառք իրենց: Գարահիսարի խենթերը իրենց ականջները ամուր փակեցին խոհեմներու յորդորին ու պահեցին վառօդը չոր: Ու երբ դանակը ոսկորին հասաւ, պահը եկած համարելով` բլթակներուն վրայ եղող մատերը քաշեցին ձգանը:

«Մահ անիմացեալ մահ է, մահ իմացեալ` անմահութիւն», կ՛ըսենք ու կ՛երթանք: Ես չեմ խորհիր, որ Գարահիսարի մէջ այդ բանաձեւին ծանօթ տասը հոգի կար: Անոնք երբ զէնք առին, ո՛չ անմահանալու տենչ ունէին, ոչ ալ` տխմար ու ապերախտ պետութիւնը ճգնաժամային պահու մը մէջէն պայթեցնելու: Պարզապէս խառնուածքով ըմբոստ մարդեր էին ու կը հաւատային, որ արդար է մեռնելէ առաջ մեռցնելը:

Այդ էր եղած չեղածը:

Գարահիսարի ժողովուրդը, ծանօթ` թուրքերու բնազդին ու ախորժակներուն, քանի ուշ չէր, բռունցք դարձած` կռուի դուրս եկաւ: Ապաստանեցաւ իր դարաւոր բերդի ապառաժներուն ետեւ ու կռուեցաւ կատաղօրէն:

Մեր պատմութեան մէջ անկրկնելի երեւոյթ պիտի մնայ անոնց բերդ բարձրանալու ճիգը: Մէկ գիշերուան մէջ, բոցավառուող քաղաքի բոցին լոյսով ու երկնքէն անձրեւող տաք մոխիրներուն տակ, հինգ հազար հոգի, քրտնաթոր, բեռնաւորուած, արեգակի լոյսին բացուելէն առաջ բարձրացաւ բերդ ու նորոգեց դիրքերը:

Կը յիշեմ, ծանրօրէն բեռնաւորուած, երբ նեղ կածանէն չորրորդ թէ հինգերորդ անգամ վեր կը բարձրանայինք ընկերներով, ստիպուեցանք մեր ուղին խափանող նահատակի մը դիակին շուրջ դառնալ: Այդ բանը տեսնող Հմայեակ Գարակէօզեանը` մեր վերելքին հսկող զինակիցի մը, դառնալով` ըսաւ.

– Ձեռք մը տուր ինծի սա դիակը նետենք վար, ողջերու ողջ մնալուն արգելք կ՛ըլլայ:

Այն ատեն ահաբեկուեցանք այս սրբապղծութեան դէմ:

Մանուկ էինք: Խելքերնիս չէր հասներ:

Ութ օր ետք դադրեցանք մանուկ ըլլալէ:

Մահն ու մեռելը սովորական բաներ դարձան:

Հետագայ օրերուն, կռիւը եղաւ կատաղի: Մինակ էինք: Սահմանէ ու օգնութիւն ստանալու յոյսէն զրկուած: Ծարաւ էինք յաճախ, անօթի: Միշտ վախով, որ կը հատնին մեր վառօդն ու փամփուշտը: Եթէ պատահէր այդ բանը, եթէ հատնէին վառօդն ու փամփուշտը, պիտի կռուէինք քարերով, սուրով, դաշոյնով, եղունգներով:

Երբ թշնամին ներման խօսքով ջանաց համոզել, որ վար դնենք մեր զէնքերը, մերժեցինք անոր գութը, չհաւատացինք անոր խոստումին: Համամիտ չեղանք նուաստ, ստորնաքարշ կեանքի մը:

«Քիչ ապրիլ, բայց` պատուով ապրիլ»-ն եղաւ մեր նշանաբանը:

Գարահիսարցիք եղան քաջ, որովհետեւ չվախցան մահէն:

Անգամ մը, տասը ժամ տեւող ահեղ կռուէ մը ետք, երբ հայ եկեղեցին խունկով ու մոմով կ՛օրհնէր օրուան մեր նահատակները, «Ախպրտիք, մեզ հոս մինակ ձգած` ո՞ւր կ՛երթաք», պոռթկաց մարտիկ մը ու ծռած համբուրեց անոնց ճակատները: Յետոյ, չլալու համար շրթունքը խածաւ, զէնքը առաւ, ու բուի աչքերով խաւարը հետախուզելով` մեկնեցաւ ճակատ:

Հակառակ մեր ցեղի գլխուն իջած մեծ փոթորիկին, մեծ չեղաւ թիւը ըմբոստացողներուն: Յաճախ խաբուեցանք, կամ պայմանները ձեռնտու չէին: Գարահիսար, Մուսա Տաղ, Ուրֆա, Հաճըն, Այնթապ, Մարաշ, Վան: Ասոնց յաջորդեցին Սարդարապատը, Ղարաքիլիսէն ու Բաշ Ապարանը:

Ու մեր պետական անկախութիւնը` երկար տարիներու կապոյտ երազէն ետք:

***

Տարիներ անցած են այս բոլորին վրայէն: Հայրենիքի հիմերը օրըստօրէ կ՛ամրանան, ու ան կը ծաղկի:

Մենք կ՛աճինք թիւով ալ:

Ու փոքրիկ շահ մը չեն այս բոլորը:

Ու վաղը միւս օր, երբ ապագայ պատմաբանը իր գլուխը հակէ թուղթերու դէզին վրայ` մեր դարուն պատմութիւնը ուսումնասիրելու, յուսահատութեամբ գրիչը պիտի չկոտրէ էջին վրայ.

– Փա՜ռք մեր ժողովուրդին, որ ոչխարներու հօտի մը պէս չգնաց սպանդանոց,- պիտի ըսէ ու շտկէ իր ողնայարը:

Յիշատակումն քաջաց օրհնութեամբ եղիցի:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Մասնաւոր «Ազդակ»-ին

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

80-ամեակի Աւարտական Հանդէս. Մեսրոպեանը Յանձնեց 63 Շրջանաւարտներու Յոբելենական Հունձքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?