Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1969)

Յունիս 10, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խօսք Երախտագիտութեան

Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի
Հայագիտական Ամբիոնը

Իր օգտաշատ գործունէութիւնը կը շարունակէ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական ամբիոնը:

Յիսուսեան միաբանութեան արժանաւոր մէկ անդամին` հայր Մորիս Թալոնի հայրական հոգածութեամբ, կը շարունակուի գործը, որուն հիմնադիրը եղած է լուսահոգի հայր Յովհ. վրդ. Մսըրլեանը:

Իր աշակերտներուն թիւը բարձր չէ. 11 աշակերտուհի միայն, որուն մէկը ուսուցչուհի, մնացեալները ուսանողներ են եւ կամ պաշտօնեաներ:

Հարկ չենք տեսներ այսօր դրուատիքը հիւսելու այս կարեւոր հիմնարկին: Գործը արդէն ինքնին պերճախօս է եւ ծափահարելի: Մասնաւորաբար երբ նկատի առնենք, որ անոր գլուխը կեցող եկեղեցական անձնաւորութիւնը ֆրանսացի մըն է, մեր երախտագիտութիւնը կը բազմապատկուի: Յուզիչ է եւ նոյն ատեն խրախուսիչ` տեսնել օտար անձնաւորութիւններ, թէեւ` քիչ թուով, որոնք փարած են մեր մշակոյթին եւ զայն սիրելի կը դարձնեն ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ` օտարներուն:

Ամէն անգամ որ մուտք գործեմ այս մեծ հաստատութեան դռնէն ներս, հպարտութեան ալիք մը կ՛անցնի սրտէս, եւ անմիջապէս կը մտաբերեմ ամբիոնի երախտարժան տեսուչը ու կը հիանամ անոր նուիրուածութեան: Նիւթական մեծ զոհողութիւններու կը կարօտի նման ամբիոնի մը վարումը: Սակայն հ. Մորիս Թալոն անտրտունջ կը տանի այդ հոգը` հրաւիրելով իրեն աջակից ուսուցիչներ, որոնք իրենց կարգին զոհողութիւն կը կատարեն օգտակար ըլլալու համար մեր ժողովուրդին:

Երախտագիտական այս զգացումները հրապարակաւ յայտնելով հանդերձ, կ՛ուզեմ շնորհակալական քանի մը խօսք ուղղել ամավերջի այս օրերու նախօրեակին, տեսուչ հօր եւ ապա` միւս ուսուցիչներուն: Այդ ուսուցիչներուն մէջ առաջին անգամ կ՛ուզեմ անունը տալ գերմանացի երիտասարդ Յիսուսեան վարդապետ, հայր Գոլվենպախի: Հաստատութեան երկրորդ օտար հայագէտն է, որուն ծանօթացանք այս տարի, եւ եթէ իրեն ծանօթանալու առիթը չտրուէր մեզի, իրապէս կորուստ մը պիտի նկատէինք: Ամէն բանէ առաջ` գիտնական-լեզուաբան մը: Բազմաթիւ լեզուներու հմուտ եկեղեցական մը, որ իր երիտասարդական ամբողջական կորովով եւ հոգեւորականի հմայքով կ՛ուսուցանէ գրաբար եւ հայ լեզուաբանութիւն: Այնքան փափկանկատ, այնքան յարգալիր մեր մշակոյթին հանդէպ, որ երբ իր բացատրութիւնները կանգ կ՛առնեն մեր Ոսկեդարի ճանապարհին, աննկարագրելի յարգանքով կը յիշէ մեր մատենագիրներուն անունները, որոնց մէջ առաջին գծի վրայ կու գայ Մովսէս Խորենացին եւ իր նշանաւոր «Պատմութիւն հայոց»-ը: Եթէ այս երկու բառերը լսէք օտար փրոֆեսէօրի մը բերնէն, անկարելի է որ չյուզուիք, նաեւ չամչնաք, որ այս օտար եկեղեցականը մեզմէ աւելի բան գիտէ մեր գրականութեան եւ մանաւանդ մեր Ոսկեդարուն մասին…

Միւս ուսուցիչները նուազ նուիրուած չեղան: Անոնք եւս ունեցան իրենց բաժինը հայագիտական ամբիոնի յաջող ընթացքին, 1968-1969 տարեշրջանին: Սիրելի ուսուցիչներ եղան Մխիթարեան ուխտէն հայր Աւետիք Թալաթինեանը (Վենետիկ) եւ հայր Վարդան Աշգարեանը (Վիեննա): Հայր Սահակ Քէշիշեան, դարձեալ Յիսուսեան ուխտէն, մնաց աշակերտութեան հետ, իբրեւ ուսուցիչ հին հայ մատենագրութեան:

Որպէս սիվիլ ուսուցիչ` ամբիոնը ունեցաւ Խորէն Գաբիկեանը, որ տարիներէ ի վեր կը ծառայէ հիմնարկին` բերելով իր նպաստը հայագիտական ուսման:

Այս առթիւ նշենք, որ ցաւ է Պէյրութի նման հայահոծ շրջանի մէջ ունենալ հազիւ տասնեակ մը աշակերտ` նման բարձրորակ հիմնարկէ մը ներս:

Երբ այնքան կարօտը ունինք որակաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու եւ այդքան պէտքը կը զգանք հայոց լեզուն դասաւանդող հմուտ դասախօսներու, նման ամբիոն մը չունենա՜յ իր արժանի հետաքրքրութիւնը: Պատկան մարմիններ, մասնաւորաբար ուսուցչական միութիւններ պէտք է նկատի ունենան այս պարագան, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` Ուսումնական խորհուրդը, որ հետապնդուի ուսուցիչներու հայագիտական պաշարը զարգացնելու ծրագիր մը, որպէսզի վերջը շատ ուշ չըլլայ: Ժամանակը ամէն անգամ ի նպաստ մեզի չ՛աշխատիր եւ պէտք է օգտուիլ գիտնալ ներկայացուած առիթներէն:

***

ԾՐԱԳԻՐ.- Հայագիտական այս ամբիոնին ծրագիրը կը պարփակէ հետեւեալ նիւթերը.

Հայոց լեզու, գրաբար: Դասախօս` հայր Աւետիք Թալաթինեան:

Հայերէն լեզուաբանութիւն եւ շարահիւսութիւն, նաեւ` գրաբար. դասախօս` հայր Գոլվենպախ:

Հայոց պատմութիւն, դասախօս` հայր Մորիս Թալոն:

Հայ մատենագրութիւն, դասախօս` հայր Սահակ Քէշիշեան:

Հայ արդի գրականութիւն, դասախօս` հայր Վարդան Աշգարեան:

Հայ մշակոյթի պատմութիւն, դասախօս` Խորէն Գաբիկեան:

Իր երեք տարուան ծրագրով Ամբիոնը վկայական կու տայ յաջող քննութիւն մը անցընողներուն: Յիշեալ վկայականը մաս կը կազմէ համալսարանի Արեւելեան գիտութեանց կաճառի ճիւղին` որպէս հայագիտութիւն:

***

Մեր իրականութեան մէջ իր ուրոյն վարկն ու արժէքը ունեցող հայագիտական այս ամբիոնին տեւականացման պիտի սատարեն նոր ուսանողներ, որոնք պէտք է գան ու խտացնեն դասարանային շարքերը: Դիւրին է հայ լեզուի, հայ ժողովուրդի եւ հայ պատմութեան մասին խօսիլ, սակայն պէտք է ճիգ թափել նաեւ, որ մեր մշակոյթին համար վառուած օճախները մնան մեր գուրգուրանքին առարկան:

Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական ամբիոնին շուրջ փոքրիկ հետաքրքրութիւն մը մեծ արդիւնք կրնայ տալ: Պէտք չէ զլանալ զայն, եթէ կը սիրենք մեր մշակոյթը, եթէ կը սիրենք մեր ժողովուրդը, եթէ կը հաւատանք մեր ապագային:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գաղափարաբանական Հարցեր. Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարներու Ընկերային Բարօրութեան Նոր Մօտեցումը` Երրորդ Ուղիի Մահուան Յայտարարութենէն Ետք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?