Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Յունիս 1969)

Յունիս 14, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժ. Փոմփիտու

Վաղը` յունիս 15-ին, Ֆրանսան պիտի ընտրէ իր նախագահը: Մասնագէտներու կազմած վիճակագրութեան եւ թերթերուն յայտնած կարծիքներուն համաձայն, ցանկին վրայ մնացած երկու թեկնածուներէն Ժորժ Փոմփիտու աւելի բախտ ունի տը Կոլի աթոռը գրաւելու, քան իր մրցակիցը` Ալեն Փոհեր:

Ժորժ Փոմփիտուի քաղաքական ճակատագիրը, կարճ ժամանակէն իրեն սպասող յաղթանակին հաճոյքը կամ պարտութեան վիշտը առանձին նշանակութիւն չունին այս սիւնակին համար, շահեկան է, սակայն, հաւանական նախագահին միւս երեսը` գրականութեան բարձրագոյն արտայայտութիւնը համարուող բանաստեղծութեան մասին անոր ունեցած լայն մշակոյթը, շեշտուած ճաշակը, խոր հասկացողութիւնը, ինչպէս կը վկայէ ստորեւ տրուած իր ստորագրած «Բանաստեղծութիւն եւ քաղաքականութիւն» խորագրեալ յօդուածը:

Փոմպիտուի շօշափած հարցը հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցած է եւ ծեծուած` բոլոր ազգերուն մէջ: Միշտ գտնուած են բանաստեղծութիւնն ու քաղաքականութիւնը իրարու մօտեցնող տեսարաններ, ինչպէս եւ` զանոնք իրարմէ բաժնելու կողմնակից ուղղափառ մտածողներ: Առաջիններուն մօտեցումը, տուեալ պահուն` Փոմփիտուի տեսակէտը, սակայն, աւելի՛ տրամաբանական ու համոզիչ կը թուի: Քաղաքականութիւնը նո՛յնինքն կեանքն է, կեանքի բոլոր հարցերուն լծակը, վերիվայրումներուն շարժառիթը, մարդոց կենցաղին, ըմբռնումներուն, տրամադրութիւններուն գոյն, ուղղութիւն եւ կշռոյթ տուող ա՛յն երեւոյթը, որուն ազդեցութենէն չի կրնար անմասն մնալ բանաստեղծը, ինչպէս, փաստ է, քաղաքագէտը չի կրնար անտարբեր մնալ` անծանօթ բնագաւառներու յայտնութիւնը ընող բանաստեղծին տեսիլքէն, մնայունը շնչաւորող եւ անցաւորը ոչնչացնող անոր խօսքին զօրութենէն, անոր հեռահայեաց մտածումներէն, մտածումներու ուժգնութենէն:

Շատ են, իրաւամբ, բանաստեղծութեան եւ քաղաքականութեան փոխազդեցութիւնները: Քաղաքական դէմքերն ու դէպքերը միշտ նիւթ եղած են բանաստեղծին, բանաստեղծները յաճախ վճռական դեր ունեցած են քաղաքական դէպքերու ծագման ու զարգացման մէջ: Այդ երկու ասպարէզներուն իրական կոչեցեալներու տարբերութիւնը խառնուածքային հարց է, ոմանք ծնած են արտայայտուելու համար, ուրիշներ` գործելու, կ՛ըսէ Փոմփիտու, եւ ճիշդ կ՛ըսէ:

Փոմփիտուի յօդուածը առնուած է «Ֆիկարօ գրական»-էն եւ տրուած` հատուածաբար:

Պ. Ս.

Բանաստեղծութիւն Եւ Քաղաքականութիւն

Առաջին հերթին, իւրաքանչիւր ոք կը փորձուի մտածել, որ բանաստեղծութիւնը եւ քաղաքականութիւնը հիմնովին հակադիր բաներ են: «Քաղաքականութիւնը, աւա՜ղ, ահաւասիկ մեր թշուառութիւնը», կը գրէ Միւսէ:

Շատ յաճախ քաղաքականութիւնը կը շփոթենք իրապաշտութեան հետ, եթէ ոչ` ստորնութեան, մինչ բանաստեղծութիւնը կը թուի ըլլալ երազին կալուածը, ամէն պարագայի` իտէալին բնագաւառը: Մնաց որ, բանաստեղծները հազուադէպօրէն յաջողած են քաղաքական մարզին մէջ, Լամարթին կոչուին անոնք, Հիւկօ թէ Շաթոպրիան: Անոնք պարտաւորուած են ի վերջոյ ընդդիմադրութեան կողմը անցնիլ, ինչ որ քաղաքականութեան մէջ նշան է ձախողութեան: Ասիկա կ՛ըսեմ ոչ թէ անոր համար, որ ընդդիմադրութիւնը այպանելի կեցուածք մըն է, այլ այն պատճառով, որ ի վերջոյ ան, որ կ՛ընդունի քաղաքական կեանքին անպատեհութիւնները, անոր տաղտուկները, պատասխանատուութիւնները, աղտոտութիւնները եւ երբեմն ալ` անոր վտանգները, կ՛ընէ այդ բոլորը գործելու, իր դրոշմը դնելու համար դէպքերուն վրայ, մէկ խօսքով` կառավարելու համար: Իր կեանքը ընդդիմադրութեան մէջ անցընող քաղաքական մարդը կը նմանի այն բանաստեղծին, որ դատապարտուած է կարդալ ու դատել ուրիշներուն գրած բանաստեղծութիւնները: Իրապէս ընդդիմադիրը կոչուած է հաւաքածոներ միայն կազմել: Կը փորձուինք հոս յիշել Պոտլերի տողերը.

Արդարեւ, ինչ կը վերաբերի ինծի, պիտի դուրս գամ գոհացած
Աշխարհէ մը, ուր արարքը երազին քոյրը չէ.
Նոյնիսկ եթէ ստիպուած ըլլամ սուր գործածել եւ ոչնչանալ սուրով.
Սուրբ Պետրոսը ուրացաւ Յիսուսը, եւ լա՛ւ ըրաւ:

Արդարեւ, այդ երկուքը` քաղաքականութիւնը եւ բանաստեղծութիւնը նոյն նպատակին չեն ծառայեր եւ նոյն զէնքերը չեն գործածեր: Մէկը արուեստ մըն է եւ կ՛աշխատի բառերով, իսկ միւսը կը յարձակի դէպքին վրայ եւ իրեն գործիք ունի մարդը: Բայց վերջապէս յոյներուն համար եւ նոյնիսկ նոր թուականներու բանաստեղծական աւանդութեանց մէջ բառերը ունին իմաստ մը, եւ ուրեմն բանաստեղծութիւնները` նշանակութիւն մը, նպատակ մը: Ինչ կը վերաբերի քաղաքական աքթին, ան եւս խօսքը չի՞ գործածեր իբրեւ գլխաւոր զէնք եւ բառերով չէ՞, որ մարդիկ կ՛առաջնորդուին:

Վիքթոր Հիւկօ բանաստեղծութիւններու հատոր մը ունի, զոր խորագրած է` «Արարքներ եւ խօսքեր»: Շատ յաճախ արարքներն ու խօսքերը իրարու հետ չե՞ն շփոթուիր արդեօք:

Երբ Լամարթին կը գրէ` «Ֆրանսան կը տուայտի», ան արձանագրած կ՛ըլլայ քաղաքական արարք մը, մինչ իր ըրածը բանաստեղծութիւն է: Երբ Հիւկօ կը գրէ «Պատիժները», ան բանաստեղծութիւն կ՛ընէ, մինչ խորքին մէջ քաղաքական արարք մըն է եղածը: Ու տակաւին, անհրաժե՞շտ է ոգեկոչել «Չըրչիլը, որ կ՛ըսէր անգլիացիներուն. «Ուրիշ բան չեմ առաջարկեր ձեզի, եթէ ոչ` արիւն եւ աշխատանք, արցունք եւ քրտինք»: Ասիկա բանաստեղծութիւն եւ մինչեւ անգամ շէյքսփիրեան բանաստեղծութիւն չէ՞:

Անկասկած ես թուեցի այն բանաստեղծները, որոնք քաղաքականութիւն ըրին, եւ` այն պետական մարդերը, որոնք գրագէտներ էին: Բայց պատմութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, որ բանաստեղծութիւնը, առնուազն իր սկզբնական շրջանին, սերտօրէն կապուած է քաղաքական կեանքին: Բանաստեղծական ամենահին ձեւը դիւցազներգութիւնն է, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` հերոսներուն ի պատիւ երգ մը, այսինքն` ի պատիւ անոնց, որոնք կ՛առաջնորդէին մարդիկը:

… Եւ ի՞նչ էր արդէն Շէյքսփիրի ըրածը իր բազմաթիւ ողբերգութիւններուն մէջ, եթէ ոչ` երգել պատմութիւնը, Անգլիոյ մեծութիւններն ու դժբախտութիւնները: Ի՞նչ կ՛ընէ Քոռնէյլ ընդհանրապէս, եթէ ոչ` քաղաքականութիւնը բանաստեղծութեան վերածել: Ի՞նչ կ՛ընէ Ռասին «Պրիթանիքիւս»-ի կամ «Պրենիս»-ի մէջ, եթէ ոչ` ցոյց տալ, որ ինք եւս ի վիճակի է բարձրանալ սիրային ողբերգութիւններէն վեր, որոնք ստիպեցին Թիթիւսը զոհել իր սիրածը, չդառնալու համար`

Մարդոց սիրային տկարութիւններու անարգ պատկերը:

Ի՞նչ կը փաստեն այս ամէնը. կը փաստեն այն, որ քաղաքականութիւնը, պաշտօնական քաղաքագէտներու առօրեայ խաղերուն մէջ ստացած իմաստէն անկախ, իր պարզ եւ ազնուական առումով, կը դպի մարդոց սրտին ու կեանքին, բոլոր մարդոց սրտին ու կեանքին, եւ որ չի կրնար չդասուիլ առաջին կարգին վրայ այն հարցերուն, որոնց մասին կը մտածէր Հիւկօ, երբ կը գրէր.

Որեւէ շունչ, ճառագայթ, բարեբաստիկ կամ ճակատագրական,
Կը փայլեցնէ եւ կը թրթռացնէ իմ բիւրեղեայ հոգին,
Հոգիս հազարաձայն, զոր իմ պաշտած Աստուածս
Դրած է ամէն բանի կեդրոնը` հնչեղ արձագանգի մը նման:

Բանաստեղծներու երգած նիւթերէն անդին` երթանք ու փնտռենք անոնց ներշնչման աղբիւրը: Հանապազօրեայ արարքներէն անդին` փնտռենք նոյնպէս մեծ քաղաքականութիւններուն խոր զսպանակը: Այդ փնտռտուքներու ընթացքին է, որ կը յանգիմ այն համոզումին, որ բանաստեղծներուն եւ քաղաքական մարդոց միջեւ նմանութիւնները ակնբախ են, եւ տարբերութիւնը խառնուածքի խնդիր է: Ոմանք ծնած են արտայայտուելու համար, ուրիշներ` գործելու:

Բանաստեղծներն ու քաղաքական մարդիկը պէտք է ունենան մարդոց զգացումներուն, պահանջներուն եւ բաղձանքներուն ստոյգ եւ խոր ճանաչումը: Բայց մինչ բանաստեղծները այդ երեւոյթները կ՛արտայայտեն աւելի կամ պակաս տաղանդով, քաղաքական մարդիկը կ՛աշխատին գոհացում տալ անոնց` աւելի կամ պակաս յաջողութեամբ:

Վերջին հաշուով, կարգ մը մարդոց մօտ. ես կը խօսիմ միայն մեծերու մասին, կայ տեսակ մը մասնագիտական արժանիք: Ոմանք գիտեն այդ արժանիքը տալ բառերու մէջ, եւ անոնք բանաստեղծներ են: Ուրիշներ զայն կը գործածեն առաջնորդելու համար ժողովուրդները` Աւետեաց երկիրը: Երկու պարագային ալ յաւիտենականութիւնը կը յիշէ անոնց գործերը եւ սխրանքները:

ԺՈՐԺ ՓՈՄՓԻՏՈՒ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արի Պատրանք Յօրինենք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?