Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1969)

Յունիս 20, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

Կեանքի Ու Մահուան Խաղերէն

Ահաւասիկ` պատմութիւնը լուրի մը, որ իրական է, դժբախտաբար, մէկու մը համար, ու իրական է, բարեբախտաբար, ուրիշի մը համար: Յաճախ մէկու մը դժբախտութիւնով կը շինուի ուրիշի մը կատարեալ բախտը:

Եւ ահաւասիկ այդ աւետաբեր ու աղէտաւոր պատմութիւնը` այդ լուրին:

Տիգրան Տիգրանեան անուն ազգային մը, երեկոյ մը, ըմպելարանի մը մէջ, երկու ախորժաբեր ըմպելէ ետքը, հաշիւը վճարած ատեն կը գնէ նաեւ ֆրանսական ազգային  վիճակահանութեան տոմսերէն հատ մը ամբողջութեամբ` վճարելով երեսուն նոր ֆրանք:

Սեղանակիցներէն անգործ ու անկուտի Մինաս Մարգարեանը իր ծոցատետրին մէջ գրեթէ գաղտնաբար` կ՛արձանագրէ Տիգրանեանի տոմսին թիւը:

Հինգ օր անցած աղքատ Ղազարոս Մինասը գիտէ, թէ վիճակահանութիւնը քաշուած է, ու կը փութայ թերթ մը գնել` շահող թիւերու ցանկին մէջ փնտռելով թիւը Տիգրանին: Եւ յուզումով ու ցնծութեամբ կը տեսնէ` որ Տիգրան շահած է տասը միլիոն: Աչքերուն չի հաւատար: Կը գնէ ուրիշ թերթ մը` վախնալով տպագրական սխալ է: Այդ թերթին մէջ ալ` նոյն թիւը: Կը ցատկէ հանրակառք մը` երթալու համար Տիգրանին խանութը, վստահ ըլլալով, որ բախտաւոր բարեկամը անտեղեակ է, որ երկինքէն իրեն համար ինկած է գանձ մը: Մինաս կ՛ուզէր ինք ըլլալ առաջին աւետաբերը` պզտիկ նուէրի մը ակնկալութեամբ:

Կը գտնէ Տիգրանեանը խանութին խորը նստած, ծխելով անտարբերօրէն:

Մինաս կը հասկնայ, որ Տիգրանը բանիկէ մը լուր չունի: Կ՛ուրախանայ ու ոգեւորութեան նոպայի մը մէջ, խելացնոր վիճակով, բարձրաղաղակ կը պոռայ` խենթացածի մը տպաւորութիւնը տալով.

– Էհէ՜, հէ՜յ, հէ՜յ, հէ՜յ…

Բարեւ, արե՛ւ, ոսկի անձրեւ… Մեծ աւետիս ունիմ տալիք…

Տիգրանեան համոզուած է, որ Մինաս եկած է քիչ մը դրամ ուզելու: Հեգնօրէն կը հարցնէ.

– Ո՞վ ծնած է, ո՞վ ամուսնացած է, ո՞վ մեռած է…

Մինաս ալ իր կարգին կը հարցնէ.

– Սա անցեալ իրիկուն գնած վիճակահանութեան տոմսդ աղէկ պահա՞ծ ես…

– Գրպանս է. ի՞նչ կայ որ…

– Ուրեմն գիտցիր, հէ՜յ… Տասը միլիոն շահած ես:

Տիգրան կատակին կատակով պատասխանելով` կ՛ըսէ.

– Հարկաւ մատդ մէջն է:

Ա՜հ, մատիկիս ծայրիկը սանկ քիչիկ մը եթէ մէջը ըլլայ, ինծի կը բաւէ… Տասը միլիոն է աս, պապաս…

– Է՜, քանի որ այդպէս է, կէսը քեզի կը նուիրեմ:

– Մ՛ըսեր, Տիգրանիկս, մ՛ըսեր, կը խենթացնես զիս:

– Մարդ քանի՞ անգամ կրնայ խենթանալ:

– Իրա՞ւ կ՛ըսես… Կէսը ինծի՞…

– Բացարձակապէս:

– Չե՞ս կատակեր:

– Դրամի հետ կատակ կ՛ըլլա՞յ…

– Կ՛երդնո՞ւս…

– Ինչի վրայ որ ուզես:

– Կը նետես կոր:

– Նետածս բռնէ, յիմա՛ր:

– Ուրեմն կէսը ի՞մս է: Մեղք եմ, շիտակ ըսէ:

– Ծօ՛, դուն խօսք կը հասկնա՞ս… Քանի՞ անգամ ըսելու եմ:

– Ուրեմն շահածիդ կէսը կ՛առնես, միւս կէսն ալ, այսինքն հինգ միլիոն, ինծի՞ կու տաս:

– Աւելի չէ, բայց կէսը կու տամ:

– Հինգ միլիոն է կէսը:

– Հինգ միլիոն, եթէ շահածս տասը միլիոն է:

Ճակատագրականօրէն Տիգրան կը շարունակէ այս կատակը առանց հաւատալու` որ Մինաս Մարգարեանին ըսածը կրնայ ամբողջովին իրական ըլլալ:

Մինաս, միշտ թերահաւատ, կը հարցնէ.

– Խօսքդ խօ՞սք է:

– Խօսքս խօսք է, գործս ալ գործ է: Ես օր մը օրանց սուտ խօսա՞ծ եմ…

– Ո՛չ, ատանկ բան մը չեմ յիշեր: Օր մը օրանց քու սուտ խօսիլդ չեմ լսած:

– Քանի որ ստախօս չեմ, ուրեմն ճշմարտախօս եմ:

– Ըսել է` հինգ միլիոնի տէր պիտի ըլլամ: Բայց դուն ան ըսէ, որ ինչո՞ւ հինգ միլիոնը կը նուիրես ինծի:

– Քէյֆիս Քէհեա՞ն ես… Ազատ չե՞մ: Սա նայեցէք, պարոնին թէ՛ հինգ միլիոն պիտի տամ, թէ՛ բացատրութիւն… գուցէ դուն իմ նուէրիս մէջ ստորին նպատակ մը կը տեսնես…

– Քմա՞յք մըն է…

– Քմայք է, քրիստոնէութիւն է, քեզի՞ ինչ… Ա՛լ սկսար գլուխ ուռեցնել:

– Ուրեմն լրջօրէն, պարկեշտօրէն, եղբայրաբար ինծի կը նուիրես շահած տասը միլիոնիդ կէսը, որ կ՛ընէ հինգ միլիոն…

– Աստուա՛ծ վկայ, դուն խենթացած ես…

– Հաւատալո՞ւս համար…

– Ծօ՛, չէ, չհատաւալուդ համար:

– Ա՛ռ ուրեմն թերթերը, ու նայէ շահող թիւերուն ցանկը…

Մինաս կ՛երկարէ թերթերը, որոնցմէ մէկը ձեռքէն կ՛իյնայ գետին…

Կը ծռի, որ վերցնէ…ճիչ մը… ձեռքը կը տանի սրտին… վար կ՛իյնայ…

Մեռած էր Մինասը…

Տիգրանեան կատարել տուաւ Մինասի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը:

Իրապէս շահած էր տասը միլիոնը, որուն կէսը խոստացած էր Մինասին` սուտով, կատակով: Մինաս մարդ մարդասանք չունէր, որով հինգ միլոնը, որ տակաւին տրուած կամ տրուելիք չէր, ժառանգեց Տիգրանեան, որ եղաւ Մինասին կեանքին դէմ դաւողը ու մահուան բարերարը:

Մինաս Մարգարեան մեռաւ միլիոնատէր: Վայրկեան մը հաւատաց, որ եղած է միլիոնատէր. իսկ Տիգրան, որ արդէն միլիոնատէր է, դարձաւ բազմամիլիոնատէր:

Անգործ, անկուտի, դժբախտ Մինաս հոգին աւանդեց երջանիկ մահով:

Կեանքն ու մահը երբեմն կը դաշնակցին` դժբախտի մը գլխուն խաղ մը սարքելով…

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

… «ՄԵՐ ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ»

Արեւմտահայ լեզուն` մէկը արեւմտահայերու կերտած մեծագոյն հրաշալիքներէն, իր կազմութեան առաջին իսկ շրջանին Մեծասքանչ հռչակուեցաւ ու դարձաւ բոլորին պաշտամունքի առարկան, բանաստեղծութիւնը, հոգեկան, կեցուցիչ սնունդը:

Պատմութեան եւ հայ հոգիին հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու պարզ միջոցէն վեր բան մը համարուեցաւ անիկա առաջին իսկ օրէն, ըստ ինքեան գեղեցկութիւն մը, ազգին լաւագոյն տարերը իր կախարդանքին մէջ առած շռայլ արարչագործութիւն մը:

Ինքը տաղերու ծնուցիչ ` տաղերու նիւթ դարձաւ ապա, մեծեր խմորեց, մեծերու հետ մեծնալով կրկին` գանձեր բաշխեց ամէնուն` աւելցնելով գանձային իր պերճութիւնը ամէն հանգրուանի, սերունդէ սերունդ, Զարթօնքէն մինչեւ արուեստագէտները, Փարիզի սերունդին (1930) հետ եւ Միջին Արեւելքի մէջ երեւցած օժտուածներուն բերքով:

«Հայոց լեզու, որքան կը սիրեմ քեզ»,- պիտի ըսէր հայոց լեզուին վերջին երախտաւորներէն տարաբախտ Վազգէն Շուշանեան եւ վարակիչ նոյն յուզումով աւելցնէր, թէ` «Հաւատարմութիւնը, որ կը զգամ քեզի հանդէպ, աւելի զօրաւոր է, քան` մեր այս եղկելի կեանքը: Կ՛ուզեմ քեզ սորվիլ մինչեւ վերջին վայրկեանը, քու յետին շեշտերդ ու քու յետին բառերդ: Քու ներքին երաժշտութիւնդ ու քու գծած ճամբադ պատմութեան մէջ: Դուն, որ մեր աղօթքն ես ու մեր հաճոյքը, հայոց լեզու, կը սիրեմ քեզ»:

Ու բնաւ տարօրինակ չէ, որ լեզուն, իբրեւ այդ, իբրեւ երգ, աղօթք, հաճոյքի իբրեւ վճիտ աղբիւր դիտող, ընդունող խառնուածքնե՛րը միայն կրցան ապրող երգ գրել տուեալ լեզուով, աղօթքի չափ սնուցիչ էջեր կտակել, աճեցնել ուրիշներուն ապրելու հրճուանքը:

Արեւմտահայ լեզուին գիտութիւնը ունեցող եւ  անոր շունչին հաղորդ բոլոր անձերուն պէս` Դուրեանի, Մեծարենցի, Վարուժանի եւ Սիամանթոյի, Զարդարեանի եւ Ինտրայի, Թէքէեանի եւ Օշականի լեզուին հանդէպ առանձին պաշտամունք մը սկսաւ նաեւ հայրենիքի մէջ, երիտասարդներու մէջ յատկապէս, որոնց ներկայացուցչական դէմքերէն մին` Պարոյր Սեւակ սփիւռքի դերին, պարտքին հարստութիւնները պահելու, տոկալու պարտաւորութիւններուն մասին խօսք բացած ատեն կ՛ըսէր.

«Պահպանել գիրն ու գրականութիւնը, լեզուն եւ երգը: Պահպանել մեր սքանչելի արեւմտահայերէնը, որի վրայ այսօր դողդողում է ամէն մի գիտակից արեւելահայ»:

Գիտակիցներու կողքին, դժբախտաբար կան եւ անգիտակիցներ, կայ մանաւանդ անգիտակցութեան մշտնջենական ախոյեան Նայիրի Զարեանը, որ բոլորովին տարբեր բան կ՛ըսէ, կ՛առաջարկէ «Խորհրդային Հայաստանի լեզուն դարձնել գրական լեզու նաեւ սփիւռքի համար», բայց ատիկա ուրիշ խնդիր է, ուրիշ օրուան նիւթ, առայժմ հաճելի է լսել ու կենսագործել անարատ կաթ ծծած ու արիւնը անարատ պահած բանաստեղծին հազար բանաստեղծութիւն արժող խորհուրդը:

«Պահպանել մեր սքանչելի արեւմտահայերէնը»:

Պ. Ս.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Եղանակի Հիւանդութիւններ. Արեւահարութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?