50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (30 Մայիս 1969)

Արդի Հայուն «Հայր Մեր»-ը Մայիսի այս աղուոր օրերուն, մայրութեան, ծաղիկներու  թարմ ու խանդակաթ շունչին հետ, կը յիշենք մեր պատմութեան մայիսը: Խիստ էր արշալոյսը մեր հերոսներու անգերեզման շիրիմներուն վրայ: Բառ մը միայն աստանդական մեր ժողովուրդին հետ կը սաւառնէր Անիէն Կիլիկիա, մինչեւ Ղարաբաղ, մինչեւ Սարդարապատ: Ազատութի՛ւն: Ոչ ոք այնքան գիտցաւ քաղցրութիւնը անոր, որքան` հայը, որ մի՛շտ, մի՜շտ նահատակուեցաւ անոր համար, շատ յաճախ կորսնցուց զայն, ստիպուած եղաւ լքել հայրենիքը` անոր փնտռտուքին համար: Հայը հայրենիքէն դուրս, ամէն տեղ գտաւ Ազատութիւնը, գուրգուրանքով պահեց զայն իր հոգիին մէջ, պահեց, ուռճացուց իր հոգեմտաւոր ժառանգութիւններուն, ստեղծագործութիւններուն մէջ: Հայը Ռաքքայի աւազներուն մտերմացաւ, գլխիկոր նուաճեց կեանքը, արհամարհեց հայակուլ ահեղագոռ Եփրատի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Մայիս 1969)

Խմբագրական Մայիս 28 Հազիւ երեք տարի անցած էր «Վարդահեղեղ արշալոյսը» աւետող բանաստեղծին նահատակութենէն: Երեք տարի` մահուան կարաւաններէն, որոնք քալեցին տառապահար ցեղի մը գողգոթան: Երեք տարի, բայց` որքա՜ն սուգ ու աւեր Հայաստան աշխարհին մէջ, կոտորած, աքսոր ու հալածանք: Հնչած էր ժամը հայ ժողովուրդին համար, հասած էր պատմակշիռ որոշումի վայրկեանը, երբ վճիռը պիտի արձակուէր մարդոց ու պատմութեան առջեւ: Ժողովուրդներու կեանքին մէջ կան պահեր, երբ նահանջի բոլոր ճամբաները կը կտրուին, կը սկսին ճգնաժամը, գոյութեան կռիւը, որուն ելքէն կախում ունի ամբողջ ցեղի մը ապագան: Այդ պահերուն, ճշմարտութեան այդ գերագոյն ժամուն, եթէ այդ ժողովուրդը իր մէջ գտաւ գոյատեւելու, ճակատագրի հարուածներուն տոկալու անհրաժեշտ կամքը, ներքին ուժականութիւնը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Մայիս 1969)

Վեհաշուք Յուղարկաւորութիւն Ս. Վրացեանի 50 Հազարի Հասնող Բազմութիւն Մը Հետեւեցաւ Դագաղին Պետութիւնը Հանրապետութեան Նախագահին Ներկայացուցիչով, Մասնակցեցաւ Յուղարկաւորութեան Դամբանականներ Խօսեցան` Տաճատ Արք. Ուրֆալեան, Գարեգին Եպս. Սարգիսեան, Կարօ Սասունի, Մուշեղ Իշխան, Հրաչ Տասնապետեան Եւ Սարգիս Զէյթլեան Պէյրութ շատոնց նման յուղարկաւորութիւն տեսած չէր: Աւելի ճիշդը` երանաշնորհ Զարեհ կաթողիկոսի յուղարկաւորութենէն ի վեր: Ու մինչ եղերաբախտ հայրենապետին սգակիրներուն հոգին ալեկոծող զգացումները սէրը, վիշտը եւ ափսոսանքն էին, ընկ. Սիմոն Վրացեանի դագաղին հետեւող ծովածաւալ բազմութեան ապրումը եղան յարգանքը, երկիւղածութիւնն ու երախտագիտութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 24 մայիսի յետմիջօրէին Պէյրութի հայութիւնը երախտաշատ մարդ մը յանձնեց հողին, Դաշնակցութեան պանթէոնը տարաւ վարչապետը հայոց, մարդը, որ վերջին վաթսունամեակի մեր ալեկոծ պատմութեան գլխաւոր դերակատարներէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Մայիս 1969)

Ժողովրդային Վերջին Յարգանք Ս. Վրացեանի Մեծանուն Հայուն Մարմինը Ժամը 8:30-էն Ի Վեր Կը Հանգչի Իր Շատ Սիրելի Ճեմարանի Յարկին Տակ Այսօր` շաբաթ, 24 մայիս, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ընկեր Սիմոն Վրացեանի ազգային յուղարկաւորութիւնը, Ս. Նշան մայր եկեղեցիին մէջ: Այնուհետեւ հայութիւնը իր վերջին հանգստարանը պիտի փոխադրէ իր երախտաշատ զաւակը, որուն կեանքը, տասնամեակներ շարունակ, ամբողջական նուիրում եղաւ իր ժողովուրդին եւ Հայաստանի ազատութեան դատին: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին պատասխանատու ընկերներէ բաղկացած խումբ մը Ամերիկեան հիւանդանոցի սառնարանէն Ճեմարան փոխադրեց ընկերոջ մարմինը, որ ներկայիս կը հանգչի իր այնքան սիրելի հաստատութեան «Տէր  Մելքոնեան» սրահին մէջ: Ճեմարանի արտաքին դռնէն մինչեւ գլխաւոր շէնքին մուտքը միջնակարգի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1969)

Ապրիլ 24-ը Երեւանի Մէջ Երեւանէն ստացուած եւ հարազատի մը ուղարկուած նամակէ մը քաղելով` ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հինգշաբթի, 24 ապրիլ 1969-ին, ամբողջ օրը, դէպի Ծիծեռնակաբերդ` Մեծ եղեռնի նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը հոսող հարիւր հազարաւոր երեւանցիներու խումբերով անվերջանալի տողանցքը, նկարագրուած` հայրենասիրական խոր ապրումով եւ յուզումով: Ապրիլ 24-ին` մեր ազգային մեծ սուգի օրը, ականատես եղանք աննկարագրելի այնպիսի երեւոյթի մը, որ սուգի օրուան յատուկ մեր տրամադրութիւններն ու տխուր յիշատակներու վշտառիթ մտորումները փոխեց երջանկացուցիչ բերկրանքի մը: Ատիկա մեր վերածնուած ժողովուրդի անթիւ, անհամար զանգուածներուն հեղեղն էր` դէպի 1915 թուականի Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանը` Ծիծեռնակաբերդ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսած, քաղաքի բոլոր ծայրերէն, անոր հազարաւոր փողոցներէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1969)

Ընկ. Սիմոն Վրացեանի Մահով Հայ Ժողովուրդը Խոր Սուգի Մէջ Հեռագիրներ ղրկուեցան` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Վազգէն եւ Խորէն վեհափառ հայրապետներուն եւ զանազան կազմակերպութեանց ու հաստատութիւններու Յուղարկաւորութիւնը` Շաբաթ, 24 Մայիս, Կէսօրէ Ետք Ժամը 4:00-ին Երէկ հայ ժողովուրդի հայրենասէր եւ ազատախոհ զանգուածները խոր կսկիծով իմացան մեր բազմավաստակ ու մեծանուն ընկերոջ` Ս. Վրացեանի մահուան լուրը: Վերջին դարուն հայ ժողովուրդին ապրած ազգային, քաղաքական ու մշակութային բուռն զարթօնքին իրենց մասնակցութիւնը բերած երախտաշատ գործօններէն մէկը եղաւ Ս. Վրացեան, մէկը` բազմակողմանի, բազմաշնորհ, եռանդայորդ այն ընտիրներէն, որոնք անհատական կեանք չունեցան բնաւ, շնչեցին ու տքնեցան ժողովուրդին ու հայրենիքին համար` իրենց բովանդակ անձը ընծայաբերելով իրենցմէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Մայիս 1969)

Արդի Ընկերութեան Ցաւը Հակառակ մեր ժամանակներուն իրագործուած գիտական հսկայ նուաճումներուն, հակառակ նոր ընկերութեան արտադրութեանց եւ սպառումներու աննախընթաց չափերուն, Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ, մարդկութիւնը հեռու կը մնայ երջանկութեան այն իտէալէն, որուն կը ձգտէր դարերէ ի վեր: Ինչո՞ւ ամէն կողմէ կը բարձրանան դժգոհութեան ալիքներ: Ինչո՞ւ երիտասարդութիւնը կը տուայտի խելակորոյս մոլորանքի մը բաւիղներուն մէջ: Ինչո՞ւ ուսանողութիւնը կ՛ուզէ քանդել գոյութիւն ունեցող կարգուսարքը: Ո՞ւր կը ձգտին հասնիլ, ի՞նչ է ուզածնին, որո՞ւնն է յանցանքը: Հարստութի՞ւն... Բայց պատմութեան մէջ չէ եղած ժամանակաշրջան մը, ուր կեցութեան եւ վայելքի այսքա՛ն առատ միջոցներ գտնուէին: Մեքենաներ կը թաւալին անդադար եւ ճարտարարուեստական ապրանքներու հետ միասին հրապարակը կ՛ողողեն նաեւ թերթն ու գիրքը, երգն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Մայիս 1969)

«Ափոլլօ 10» Արձակուեցաւ Երէկ Սթաֆորտ Եւ Սերնան Հինգշաբթի Պիտի Հասնին Լուսնին Արուարձանը Եւ Միայն 15 Քմ Բարձրէն Պիտի Դառնան Մեր Բնական Արբանեակին Շուրջ - Եանկ Պիտի Մնայ Մայր Խուցին Մէջ ՔԵՆԵՏԻ ՀՐՈՒԱՆԴԱՆ (Ֆլորիտա), 18 (ԱՖՓ).- Կիրակի, 18 մայիսէն երկուշաբթի, 26 մայիս անջրպետային սխրագործութիւններու պատմութիւնը պիտի հարստանայ նոր արկածախնդրութեամբ մը: Երեք աներկիւղ ամերիկացիներ, որոնք կարծէք դուրս ելած են սիանս-ֆիքսիոնի վէպէ մը, պիտի զարդարուին իրականութեան գոյներով եւ պիտի ապրին լուսինին մերձակայքը` հազիւ 15 քմ հեռու մեր բնական արբանեակէն: Գնդապետ Թոմաս Սթաֆորտ եւ հազարապետ Ճոն Եանկ ու Իոճին Սերնան, աստղանաւորդներու յատուկ ծանր զգեստներ հագած, կիրակի, 18 մայիս, կէսօրէ ետք ժամը 6:49-ին (Պէյրութի ժամ),...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Մայիս 1969)

Տագնապը Լուծելու Համար Քարամէ Կ՛աշխատի Համոզել Եռեակ Զինակցութիւնը Ժեմայել Տրամադիր Է Հանդուրժելու Ֆետայիներու Ներկայութեան, Բայց Հետեւանքներուն Պատասխանատուութիւնը Չ՛ուզեր Ստանձնել Երեքշաբթի` Զինակցութեան Երեսփոխաններու Ժողով Հրաժարեալ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, որուն կարծիքով, մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ ոչ մէկ կառավարութիւն կարելի պիտի ըլլայ կազմել, երէկ աշխատանքի լծուեցաւ` համոզելու համար Եռեակ զինակցութիւնը, որ լուծումի մը յանգելու համար պէտք է զիջումնեեր ընել: Թրիփոլիցի ղեկավարը երէկ առտու տեսակցութիւն մը ունեցաւ Փիեռ Ժեմայելի հետ: Տեսակցութենէն ետք Քարամէ յայտարարեց, որ խօսակցութեանց ընթացքին փոխադարձ հասկացողութիւն ցոյց տրուած է: Նոյն ատեն հրաժարեալ վարչապետը դրուատեց Ժեմայելի հայրենասիրութիւնը, գործակցութեան ոգին եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը: Ռ. Քարամէ չուզեց որեւէ բան ըսել փաղանգաւորներու պետին հետ իր ունեցած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Մայիս 1969)

Թուրք Պատուիրակութեան Մը Այցելութեան Առթիւ Ապրիլ 11-ին Պոլիսէն Հարաւային Ամերիկա մեկնեցաւ թրքական 156 հոգինոց պատուիրակութիւն մը` այցելելու համար Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Պրազիլ: Այս երկիրները երեք շաբաթ մնալէ ետք, պատուիրակութիւնը Թուրքիա պիտի վերադառնայ մայիս 4-ին: Նախ` աչքի կը զարնէ թրքական պատուիրակութեան բազմամարդ ըլլալը: Ոչ մէկ պետութիւն արտասահման կ՛ուղարկէ 156 հոգիէ բաղկացած պաշտօնական առաքելութիւն մը: Երկրորդ` յատկանշական է թրքական պատուիրակութեան կազմը` ութսուն հրեայ, ութ հայ եւ վաթսունութ թուրք: Բոլորն ալ` առեւտրականներ եւ գործարանատէրեր: Ի հարկէ թուրք կառավարութիւնը տնտեսական այնպիսի առաքելութիւն մը չէր ուղարկեր արտասահման, որուն մեծամասնութիւնը կազմէին օտարազգիներ: Հետեւաբար ինչո՞վ բացատրել այս երեւոյթը: Ատոր պատասխանը տալու համար անհրաժեշտ է բանալ փակագիծ մը:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Մայիս 1969)

Բերիոյ Թեմի Ազգային Գաւառական Ժողովի Լրացուցիչ Ընտրութիւնները Հալէպէն կը հաղորդուի մեզի.- Կիրակի, 11 մայիսին Հալէպի մէջ տեղի ունեցան Բերիոյ թեմի Ազգ. Գաւառական ժողովի լրացուցիչ ընտրութիւնները: Առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ իրիկուան ժամը 6:00, Հալէպի հայ լուսաւորչական համայնքի զաւակները` մեր սահմանադրական կարգերուն լաւապէս գիտակից, խուռներամ դիմեցին երեք քուէատուփերը` կատարելով իրենց ազգային-եկեղեցական պարտականութիւնը եւ ընտրելով 14 նոր անդամներ` վիճակով դադրած, մեռած կամ մեկնած անդամներուն փոխարէն: Անկախ օրուան իրապէս ոգեւորիչ մթնոլորտէն` ընտրութիւնները կատարուեցան խիստ կարգապահ եւ խաղաղ եղանակով: Պետական յատուկ վերահսկիչ յանձնաժողով մը հսկեց ընտրութեան օրինաւորութեան եւ ապահովութեան եւ ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին հետ կատարեց քուէահամարը: 4336 ձայներ ինկած էին սնտուկներու մէջ` կազմելու համար պերճախօս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Մայիս 1969)

«Ատանայի Դէպքը»   Բնաւ կասկած մի՛ ունենաք, որ թուրքը զղջումի ընդունակ ժողովուրդ չէ, ո՛չ ալ իր գործած չարիքները դարմանելու կամ հատուցում ընելու յօժար է: Իր ցեղային խառնուածքին իսկ բերումով, կը մտածէ միայն առնելու մասին, բայց երբե՛ք` տալու մասին: Առնելը ազգային քաղաքականութիւն է իրեն համար, տալը ազգային դաւաճանութիւն է: Կողոպտելը, սպաննելը, ջարդելը, աւերելը նկարագիր են այս ժողովուրդին մէջ եւ ոչ թէ` պատահականութիւն: Եօթը մահացու մեղքերը եօթը առաքինութիւններ են իրեն համար: Իմաստութեան եօթը սիւները դաւի ու խարդաւանանքի աշտարակներ են, ուրկէ կը նայի աշխարհի վրայ եւ կը ծիծաղի լայնաբերան: Վարժուած ենք արդէն պատմութիւնն ու իրողութիւնները նենգափոխելու եւ զանոնք մեկնաբանելու այն կերպին, որուն անմրցակից...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1969)

«Ատանայի Դէպքը» Բնաւ կասկած մի՛ ունենաք, որ թուրքը զղջումի ընդունակ ժողովուրդ չէ, ո՛չ ալ իր գործած չարիքները դարմանելու կամ հատուցում ընելու յօժար է: Իր ցեղային խառնուածքին իսկ բերումով, կը մտածէ միայն առնելու մասին, բայց երբե՛ք` տալու մասին: Առնելը ազգային քաղաքականութիւն է իրեն համար, տալը ազգային դաւաճանութիւն է: Կողոպտելը, սպաննելը, ջարդելը, աւերելը նկարագիր են այս ժողովուրդին մէջ եւ ոչ թէ` պատահականութիւն: Եօթը մահացու մեղքերը եօթը առաքինութիւններ են իրեն համար: Իմաստութեան եօթը սիւները դաւի ու խարդաւանանքի աշտարակներ են, ուրկէ կը նայի աշխարհի վրայ եւ կը ծիծաղի լայնաբերան: Վարժուած ենք արդէն պատմութիւնն ու իրողութիւնները նենգափոխելու եւ զանոնք մեկնաբանելու այն կերպին, որուն անմրցակից դրօշակիրն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1969)

Տարօրինակ Զրոյցներ Մերձաւոր Արեւելքի Քարտէսը Փոփոխութեան Պիտի Ենթարկուի... Լիբանանեան պաշտօնական շրջանակները, ըստ «Լ՛Օրիան»-ի, մտահոգուած են զանազան աղբիւրներէ հասած այն տեղեկութիւններով, որոնց համաձայն, ծրագիր կայ Մերձաւոր Արեւելքի քարտէսը ենթարկելու փոփոխութեան մը` ցեղային եւ համայնքային հիմունքներով: Հին ծրագիր մըն է այս, որ շրջանային իւրաքանչիւր տագնապի երեւան կու գայ: Ըստ այդ ծրագրին, պիտի ստեղծուին քրտական պետութիւն (որ պիտի պարփակէ Սուրիոյ մէկ մասը), ալեւիական պետութիւն, քրիստոնեայ պետութիւն մը (որ պիտի ըլլայ անդամահատուած Լիբանան մը), արաբ պաղեստինեան պետութիւն մը, որուն պիտի մաս կազմէ նաեւ հարաւային Լիբանանը: Այս զանազան պետութիւնները պիտի արժանանան արտաքին օժանդակութիւններու, որոնց շնորհիւ պիտի կրնան ապրիլ եւ կազմաւորուիլ: Այս զրոյցները նոր չեն: Թերթերը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Մայիս 1969)

Երկրորդ Յիսնամեակը Նահատակներ չունին այն ժողովուրդները, որոնք բան մը չեն ուզեր, ուստի նաեւ հարկ չեն տեսներ այդ բանին համար արիւն թափելու: Սակայն մենք հակասութիւններ սիրող ժողովուրդ ենք. կը տօնենք մեր պարտութիւններ եւ գրեթէ կը մոռնանք մեր յաղթանակները: Ինչո՞ւ այս հակասութիւնը, կը կարծենք` պատճառն այն է, որ կրցած ենք յաղթանակի վերածել մեր պատերազմը: Պարտութիւն էր Աւարայրի պատերազմը: Պարտութիւն էր ապրիլ 24-ը: Պարտութիւն էր փետրուար 18-ը: Այս պարտութիւնները տօնելով` մենք կը մտածենք յաղթանակի մասին, իսկ յաղթանակները տօնելով` կրնայինք մտածել պարտութեան մասին: Պիտի ըսենք անվարան, որ մեր բոլոր պարտութիւնները ստորակէտ են միայն այն մեծագոյն յաղթանակին բաղդատմամբ, զոր շահեցանք ժամանակին եւ տարածութեան դէմ, քանի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Մայիս 1969)

Մեր Ընթերցողներուն

Նահատակաց Յիշատակի Օրուան Նախագահ Հելուի Պատգամը Ժողովուրդին  «Պատրաստ Ենք Մեռնելու Լիբանանի Պաշտպանութեան Համար»  Մայիս 6-ի Նահատակաց յիշատակի օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահը երէկ ազգին ուղղեց պատգամ մը` երկարօրէն ծանրանալով պաղեստինեան հարցին եւ անոր լիբանանեան անդրադարձներուն վրայ: Իր պատգամին մէջ նախագահը ըսաւ, որ` «Ազգի մը յաւերժութիւնը կախում ունի զոհողութենէն իր այն զաւակներուն, որոնք կ՛ապրին ու կը մեռնին անոր համար: Այս փառքին կարելի է տիրանալ, այդ փառքը կարելի է փոխանցել զոհողութիւններու գնով: Անոնք, որոնք գիտեն իրենց քաջութիւնը պահել խաւարին մէջ, անոնք միայն արժանի են մխիթարութեան եւ յոյսի աղբիւրներուն»: Յայտնելէ ետք, որ Լիբանան ներկայիս կ՛ապրի իր պատմութեան բախտորոշ մէկ պահը, նախագահը ըսաւ, որ մեր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Մայիս 1969)

Օր  Նահատակաց Ասկէ ուղիղ քսան օր առաջ հայութիւնը ոգեկոչեց թուրք ցեղասպանութեան զոհ իր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, իսկ այսօր Լիբանանը կ՛ոգեկոչէ ի՛ր նահատակները, որովհետեւ ասկէ ալ անցած է թուրքը: Թուրքին ոտք դրած տեղը խոտ չի բուսնիր, ըսած են, ու սխալ չեն ըսած: Թուրքին ոտք դրած տեղը կախաղաններու չոր փայտեր կը բուսնին, ըսած են, ու դարձեա՛լ սխալ չեն ըսած: Արաբական թերակղզիէն մինչեւ Կովկաս ու մինչեւ Պալքանեան երկիրները, ամենայն տեղ, ուր հասած է Ասիոյ խորերէն թաւալգլոր եկած բարբարոսներու այս խուժանը, ձգած է նո՛յն հետքերը, ճամբաներուն վրայ` աւեր, քաղաքներուն մէջ` աւերակ, հոգիներուն մէջ` սուգ: Ցեղասպան այս ցեղին ամենաբիրտ շրջանին մենք եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Մայիս 1969)

Անդրադարձ (Ապրիլ 24-էն Ետք) Նոր սերունդը` ան, որ յիսունը լրացուցած է արդէն եւ կը գտնուի վաթսունի հրուանդանին առջեւ, ապրիլ 24-ը չտեսաւ, բայց ապրեցաւ, կ՛ապրի ու պիտի ապրի իր ժողովուրդին մեծ, նոյնիսկ մեծագոյն այս ողբերգութիւնը: Աչքով չտեսաւ Եղեռնը, սակայն անշուշտ տեսաւ հոգիով, ջիղերով եւ ցեղային առհաւութեամբ: Այս սերունդն է անցեալին աւանդապահը եւ կոչումը ունի յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու յիշատակը, գոնէ յիշատակը անասելի ողբերգութեան եւ Եղեռնին:Որեւէ ժողովուրդ չի կրնար մոռնալ իր նահատակները, որոնք ինկան վասն ազգի եւ հայրենեաց: Ու ինկան ո՛չ թէ մեռնելու, այլ` ապրելու եւ յաւերժ ապրեցնելու համար ցեղին ոգին: Որեւէ ժողովուրդ չի կրնար մոռնալ նաեւ իր հերոսները, որոնք յաղթանակի վերածեցին պարտութիւնը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Մայիս 1969)

Զրոյց` «Նոր Հայ»-ուն Շուրջ   Առանձին յօդուածով մը ներկայացուցած էի «նոր հայ»-ու տիպարը: Այսինքն` այն հայը, որ ամբողջապէս սփիւռքի արտադրութիւն է, կտրուած` անցեալի յուշերէն, աւանդութիւններէն, կարօտներէն եւ մինչեւ իսկ մայրենի լեզուէն: Այսուհանդերձ, հայ կը զգայ ինքզինք, որովհետեւ ներքնապէս կ՛ապրի իր ազգային պատկանելիութեան տագնապը եւ մտքի ճամբով կ՛ուզէ հաղորդակցիլ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ անոր արդար Դատին հետ: Բարեկամ մը, որ շատ մը ուրիշներու պէս ընդվզած էր այս «նոր հայ»-ուն պատկերին առջեւ, հարց տուաւ ինծի. - Աղբա՛ր, ասանկ հայ կ՛ըլլա՞յ: Հայերէն պիտի չխօսի, հայու սովորութիւնները պիտի մոռնայ, հայու ցաւն ու կարօտը պիտի չապրի, եւ մենք ասանկ մէկը «հայ» պիտի կոչենք: Ո՛չ, չեմ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Ապրիլ 1969)

Թափուր Աթոռը Ցեղ մը ոչնչացնելով` կենսական տարածութիւններ նուաճելու եւ հզօրանալու հրէշային յղացումը ամէնուն կողմէ ու ամէնէն աւելի դատապարտուած երեւոյթն է, բայց առաջին ցեղասպանը դատելու համար երբեւիցէ եւ որեւէ տեղ ատեան չկազմուեցաւ, եւ դատախազի աթոռը թափուր կը մնայ դեռ, ինչպէս պիտի ըսէր մեծ խղճմտութեամբ  պայքարի ելած եւ Լիբանանի խիղճը մարմնացնող լիբանանցի կորովի փաստաբանը` Մուսա Փրենս: Հեռանկարները փոխուած են հիմա ու փոխուած են շա՜տ: Հայ երիտասարդութեան մէջ զգացուող զարթօնքի նոր շունչը, տարուած նոր աշխատանքները եւ հարցերը միջազգային լեզուներով ու միջազգային հարցերուն յարակցաբար ներկայացնելու անոնց բացայայտ կարողութիւնները կ՛ամրացնեն ա՛յն յոյսը, որ դատախազի աթոռը չի կրնար տեւաբար թափուր մնալ եւ ցեղասպան թուրքը` անպատիժ: Այս...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 9 of 69 1 8 9 10 69

Արխիւներ