Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Փետրուար 1968)

February 5, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Ու Նետեր

 Համբաւներ`
Զանազան Երկիրներէ

Անգլիա

Անգլիական արքունիքին աւագ անդամուհիներն ու անդամները չարչարուած` պալատին աւանդական սեղմումներէն, տաղտկացած` խստութիւններէն ու խեղդուած` անհանդուրժելի փրոթոգոլէն, որոշած են հեռանալ ի մօտոյ:

Կը տենչան դուրսի ազատ օդը շնչել:

Վճռած են ընտրել ազատութիւնը:

Որպէսզի հագուին, ուտեն, խմեն, խօսին, գործեն, շրջին, քնանան իրենց ուզած ատենը, իրենց ուզած տեղը, իրենց ուզածին հետ, իրենց ուզածին պէս, իրենց ուզածին չափ, այսինքն` մարդավարի:

Այս ընթացքով ամայութիւնն ու լռութիւնը պիտի տիրեն անգլիական արքունիքին մէջ:

Եւ սակայն կ՛ըսուի, թէ քանի մը ուրուականներ, քանի մը բուեր ու մլաւող կատուներ այդ ամայութիւնն ու լռութիւնը պիտի չընեն զգալի:

Թուրքիա

Վերջերս կատարուած պաշտօնական վիճակագրութեան մը համաձայն, ամբողջ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս կան մէկ միլիոն գործազուրկներ:

Այս մէկ միլիոն գործազուրկներուն մէջ չեն` մուրացկանները, քսակահատները, գողերը, կանկըստերները հրոսակները, կաւատները, աղիճները, խաբես-խուբեսները, հաշիշավաճառները, արհեստով խաղամոլները, պարտքով ապրող եւ ապա անյայտացողները, իրենց սիրուհիները աշխատցնողները եւ ոճրագործները:

Այս մասնագէտներուն համար կ՛ըսուի, թէ Թուրքիոյ բնակչութեան կէսը կլորիկ ու կոկիկ կերպով կը շահի իր ապրուստը եւ զերծ է անգործութենէ:

Դարձեալ Թուրքիա

Տիւզճէի թուրքերուն ծռած ուղեղները (երկրաշարժին պատճառով հաւանաբար) քիչ մը աւելի ծռած են, երբ թերթերու մէջ կարդացած են հետեւեալ լուրը.

– Ըստ շարժագէտներու, Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժ պիտի ըլլայ շարունակաբար, ամբողջ յիսուն տարի:

Յիսուն տարի՜, յիսնամեակ, յոբելեան:

Եւ ծուռ տիւզճէցիները խուժած են փողոց ու ատրճանակներ պարպած են… երկնքին դէմ:

Ուզած են սպաննել Աստուածը` իբրեւ պատասխանատու երկրաշարժերու:

Իրենց մզկիթին հոճան հրապարակ ելած ու աղաղակած է.

– Անկրօննե՛ր, անխիղճնե՛ր, խենթեցա՞ք… Աստուծոյ դէմ գնդա՞կ կ՛արձակէք… Զէնզէլէին զուլումը յիսուն տարիի տեղ հարիւր տարիի՞ վերածել պիտի տաք… թո՛ւ ձեզի, դուք կեաւուր եղած էք…

Տիւզճէցիները այս անգամ ատրճանակները կ՛ուղղեն հոճային, որ ահաբեկ` կ՛ապաստանի երկու լայնարձակ կիներու` Ֆաթիմէի եւ Ֆաթմայի ետեւը…

Ամբոխը կը խուժէ երկու պատնէշ կիներուն վրայ, բայց չի գտներ հոճան, որ տարերային նոր ցնցումի մը պատճառով մտած էր Ֆաթմային լայնարձակ ու շէն շալվարին մէջ:

Ֆրանսա

Ֆրանսայի վարչապետը` Փոմփիտու, հրապարակեց նոր օրէնքներ, որոնք կը վերաբերին գործաւորներուն եւ գործատէրերուն:

Քննութիւն մը երեւան հանեց, որ այդ նոր օրէնքներուն թէ՛ թեր, թէ՛ դէմ եղողները ճղճիմ փոքրամասնութիւններ են:

Ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կազմողները անտարբերներն են:

Անտարբերութիւնը եղած է փիլիսոփայութիւն մը, որ ունի հետեւորդներ անհաշուելի:

Անտարբերութիւնը վարակիչ է:

Եւ ֆրանսահայերէն շատեր իւրացուցած են այդ իմաստասիրութիւնը:

Հայ անտարբերներուն բնաբաններն ու նշանաբանները հետեւեալներն են.

– Ինծի ի՛նչ, աղբա՛ր, ինծի ի՛նչ…

– Հոգս հատե՞ր է, որ ատանկ խնդիրներով զբաղիմ, երբ կարգելիք երեք աղջիկ ունիմ… Ահա՛ գործը, թէ) ազգային, թէ՛ միջազգային…

– Դրամ շահելնիս նայինք մեր ապագան ապահովելու համար… Ատոնք փոր չեն կշտացներ…

– Պարապ բաներով չեմ կրնար ատեն անցընել… Դիզուած լուրջ գործեր ունիմ… Գլուխ քերելու ժամանակ չունիմ…

– Ա՞զգ… Ազգս ո՞րն է… դեռ ա՞զգ մնացած է…

– Ես հիմա ամարանոց մը շինել տալով զբաղած եմ… Կը բաւէ՜… Քիչ մըն ալ մեր մասին մտածենք, ի՞նչ ըսիր…

– Ծերանոց` ծուլանոց… Ազգին համար ըրած ծառայութիւններս ու զոհողութիւններս հերիք են… Տեսած ապերախտութիւններս ալ կ՛օգտեն… Ա՛լ ամէն գործէ քաշուած եմ… Միայն  հաւերուս եւ խոզերուս նուիրուած եմ…

Իսկ մենք կ՛ըսենք այս անտարբերներու թափօրին նայելով.

– Հայե՛ր, ճանապարհ բացէք, դագաղներու կարաւան մըն է, որ կ՛անցնի ու կ՛երթայ գերեզմանատուն… Խաչակնքեցէ՛ք, մի՛ թերանաք ձեր վերջին յարգանքին մէջ: Լուսերու մէջ պառկին այս վաստակաւորները, եւ գերեզմանաքարերը թեթեւ ըլլան իրենց վրայ…

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կեդրոնականցին Ահաբեկչական Բջիջ Պիտի Ստեղծէ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.