Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1968)

Փետրուար 6, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գիրքերու Հետ

Այլապէս օգտաշատ մատենաշար մըն է, զոր հաստատած է Համազգային հայ մշակութային ընկերակցութիւնը Պէյրութի մէջ:

Սեփական եւ արդիական տպարանի մը ընձեռած կարելիութիւններու լայն օգտագործումով ահա հրապարակի վրայ են շահեկան հատորներ, շատեր արդիւնք` տքնաջան պրպտումներու եւ հաւաքումներու: Հրապարակ ելած հատորներէն իւրաքանչիւրը կը կրէ արդի ճաշակի եւ թեքնիքի լաւագոյն յատկանիշները, ինչ որ իրաւունք կու տայ գոհունակութեամբ հաստատելու, որ Պէյրութի մէջ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած հատորները գեղեցիկ նմուշներ են տպագրական արուեստի:

Նիկոլ Աղբալեանի մահուան (1947 օգոստոս) տասնամեակին առիթով, 1957-ին Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղը նախաձեռնեց հմուտ բանասէրին, գրական եւ հանրային գործիչին երկերու հաւաքման եւ հրատարակութեան` քանի մը հատորներու մէջ: Այս առաջադրութեամբ կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը` մտաւորական դէմքերէ:

Ընդունուած է ըսել, թէ Ն. Աղբալեան, որ պայծառ մտածողութեամբ, գեղագէտի նուրբ զգայնութեամբ եւ գիտնական-բանասէրի մը արժանիքներով պայմանաւորուած մեծ դէմք մըն էր մեր իրականութեան մէջ, ներքին եւ արտաքին պայմաններու բերումով չէ կրցած արտադրել իր իմացական եւ հոգեկան տարողութեան չափանիշով արժեւորուած համադրական մեծ երկասիրութիւններ: Գուցէ` ճիշդ, քանի որ նման խոստովանութիւններ ըրած է յաճախ ինք եւս: Այսուհանդերձ, այն երեք հատորները, որոնք յաջորդաբար լոյս տեսան Պէյրութի մէջ, կը հաստատեն այն անվիճելի իրողութիւնը, որ Ն. Աղբալեան կարեւոր ու անկորնչելի գրական-հրապարակագրական ժառանգութիւն մը ձգած է հայ մշակոյթին:

Երկերու շարքին Ա. հատորը, որ ունի «Գրական քննադատական» ընդհանուր խորագիրը, հինգ հարիւրի հասնող մեծադիր էջերու մէջ կը պարփակէ հեղինակին քննադատական այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերին հայ ժամանակակից գրականութեան:

Տասնամեակներու վրայ տարածուած եւ ընդհանրապէս գրական նոր գործերու հրապարակման առիթով մամուլի մէջ երեւցած այս գրախօսականները մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց թարմութիւնն ու այժմէութիւնը: Հատորին մէջ ներկայ է տիրական գիծով բանասէրը, երբ վերլուծուող աշխատութիւնը ունի բանասիրական նկարագիր, արուեստաբանը, երբ քննութեան նիւթն է արձակ, չափածոյ կամ թատերական երկ մը:

Բանասէրն ու արուեստաբանը, այնուամենայնիւ, զոյգ կը քալեն Աղբալեանի գրախօսականներուն մէջ: Արդարեւ, իւրաքանչիւր գրութեան մէջ զգալի է ներկայութիւնը արուեստագէտի մը հարուստ հոգիին, որ ներքին զգայնութեամբ գիտէ կորզել արտայայտութեան գեղեցիկ երանգներն ու մարդկային նուրբ յոյզերը, եւ, միեւնոյն ատեն, բանասէրին պրպտող, ստուգող եւ վերլուծող միտքը, որ կը յամենայ նոյնիսկ ամէնէն աննշան թուացող «մանրուքներու վրայ` զանոնք վերծանելու, վերլուծելու հաստատ որոշումով:

Այս զոյգ արժանիքներուն շնորհիւ է ապահովաբար, որ Աղբալեանի վիճակուեցաւ յայտնաբերել մեր ժամանակակից գրականութեան քանի մը վաւերական դէմքերը` Աւ. Իսահակեան, Ե. Չարենց, Ժագ Յակոբեան եւ ուրիշներ շատ բան կը պարտին քննադատին:

Ցաւալի է, անշուշտ, հաստատել, որ Աղբալեան չիրագործեց իր կեանքի երազը` «գրել հայոց գրականութեան մի լաւ պատմութիւն», որ անտարակոյս պիտի դառնար մնայուն եւ կոթողական  աշխատասիրութիւն մը մեր գրական անդաստանին մէջ: Սակայն հարկ է հաստատել նաեւ, որ Աղբալեան գրադատութիւնը հասցուց նշանակալից բարձրութեան մը, իսկ գրադատը` իր անձով` պատգամախօս մը գրադատական մարզին մէջ:

Երկերուն Բ. հատորը, որ լոյս տեսաւ 1966-ին, ունի «Սայաթ Նովայի հետ» ընդհանուր խորագիրը եւ կը բովանդակէ մեծ աշուղին մասին Ն. Աղբալեանի գրած ուսումնասիրութիւններուն, նշմարներուն եւ յօդուածներուն մեծ մասը:

Այս պարագային եւս երեւան կու գայ հեղինակին իմացական եւ հոգեկան կարողութիւններուն հանրագումարը` գեղագէտի զգայնութիւն, վերլուծող միտք եւ խոհուն գրիչ: Այսպէս է ահա, որ ան շատ իրաւամբ կը դառնայ Սայաթ Նովայի լաւագոյն մասնագէտներէն մէկը մեր իրականութեան մէջ:

Կապը կամ աւելի ճիշդ` հոգեկան մտերմութիւնը, որ կայ աշուղին եւ հեղինակին միջեւ, կու գայ, անշուշտ, Հաւլաբարէն, Թիֆլիսի այն թաղամասէն, ուր ծնած եւ ապրած էին աշուղն ու քննադատը: Աղբալեանի օրերուն միջավայրը, հակառակ տասնամեակներու թաւալումին, կը մնար նոյնը` իբրեւ հոգեխառնութիւն, կեանքը ըմբռնելու եւ ըմբոշխնելու եղանակ: «Ես,- կը գրէ Աղբալեան,- ուրեմն մի մնացորդն եմ այն հին օրերի, որ դեռ կարող եմ լաւ հասկանալ այն լեզուն ու բարքը, որ երեւում է Սայաթ Նովայի գործին մէջ»:

Այնուամենայնիւ, հատորին մէջ ներկայացուածը  տպաւորապաշտ տողեր չեն եւ ոչ ալ միջավայրի նոյնատպութենէ բխող ընդհանուր եզրակացութիւններ: Աշուղը հոս ներկայացուած է վերլուծական միտքով, գիտական բացատրական եղանակով: Աղբալեան կը վերլուծէ, կը մեկնաբանէ բառերը, կու տայ անոնց ծագումը, կրած փոփոխութիւնը իմաստի մէջ եւ այլն: Բառերու, շատ անգամ հողերու եւ ամբողջ պարբերութիւններու քննական-բացատրական, ինչպէս նաեւ միջավայրի, արուեստի յատկանիշներու, բարքերու, կենցաղի եւ, մասնաւորպէս, տաղասացին ներքին աշխարհի ցուցադրութեան ճամբով մեզի կը հրամցուի այն մեծ դէմքը, որ կոչուեցաւ Սայաթ Նովա, եւ` այն մեծ գործը, որ ցայսօր կը մնայ եզակի իր խորքով եւ կառոյցով` աշուղական արուեստի մէջ:

Գրական-քննադատական բնոյթ ունեցող քանի մը յօդուածներ կը լրացնեն այս հատորին բովանդակութիւնը:

Երկերու Գ. հատորին հրատարակութիւնը, 1967-ին, կը զուգադիպի Ն. Աղբալեանի մահուան 20-ամեակին: Բարեդէպ զուգադիպութիւն մը` հատորով ներակայացնելու այս անգամ Աղբալեան-հանրային մարդը, այն, որ հայոց պատմութեան նորագոյն շրջանին եղաւ անձնանուէր գործիչ մը, պետական լուսամիտ դէմք մը եւ գնահատուած հրապարակագիր-տեսաբան մը:

«Մտածումներ» ընդհանուր խորագիրը, որ իբրեւ տարազ հանգուցուած է այս հատորին, լաւագոյն ձեւով կը բնորոշէ գիրքին բովանդակութիւնը: Արդարեւ, երեք առանձին գլուխներու մէջ բովանդակուած յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները, որոնք հեղինակին 45 տարիներու (1912-1947) հրապարակագրական վաստակին մէկ մասը կը ներկայացնեն միայն, կը շօշափեն ազգային, քաղաքական եւ ընկերային այլազան հարցեր:

Անշուշտ առիթով մը քննութեան պիտի առնուին Աղբալեանի հիմնական միտքերն ու տեսակէտները, որոնք իբրեւ մեկնակէտ եւ հիմնակէտ ունեցած են ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական եւ ընկերային առաջադրութիւնները:

Առ այդ, այս հատորին առնչուող իբրեւ ընդհանուր հաստատում` պիտի ըսուի անպայման, որ այս մարզին մէջ եւս ցայտուն կը դառնայ մտածող, հարցերուն իրատես մօտեցում ցուցաբերող, գաղափարապաշտ եւ այլապէս պայծառ միտքը Մեծ Հայուն:

Կը մնայ մաղթել, որ շարունակուի Աղբալեանի գրական-բանասիրական եւ հրապարակագրական ժառանգութեան մէկտեղումի աշխատանքը` հատորներու մէջ:

Ժ. ՄԻՐԻՃԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ (Բ.) («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?