Երաժշտագէտ Միշէլ Հոֆմանի Կարծիքը Հայ Երաժշտութեան Մասին
Փարիզի երաժշտական շրջանակներուն խիստ ծանօթ դէմք մըն է Միշէլ Հոֆման` իբրեւ հեղինակաւոր երաժշտագէտ-քննադատ: Հեղինակն է շարք մը արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններու, որոնք իրենց տեղը ունին արդի երաժշտական գրականութեան մէջ:
Վերջերս, դէպի Հայաստան իր կատարած այցելութենէն վերադարձին, Փարիզի երաժշտական ամսագրին` «Միւզիքա»-ի մէջ «Երաժշտութիւնը Հայաստանի մէջ» խորագրով շահեկան իր գրութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն առթած է:
Միշէլ Հոֆման պատկերազարդ իր այս յօդուածին սկիզբը նախ տուած է հայ քաղաքական-ընկերային պատմութեան եւ միջնադարեան մշակոյթին վերաբերեալ կարգ մը տեղեկութիւններ: Պատմամշակութային փուլերուն շաղկապումը տուած է իրատես ու ճշգրիտ հայեացքով:
Ապա, լաւատեղեակ հայ երաժշտութեան պատմութեան, հակիրճ ակնարկով մը դասաւորած է անոր զարգացման փուլերը` վեցերորդ դարու գուսաններէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը երկարող ժամանակաշրջանը: Յիշած է հայ մեծանուն երաժշտագէտները: Մեծ հիացումով արտայայտուած է մասնաւորաբար Կոմիտասի մասին: Որակած է մեծ արուեստագէտ` «որ գիտցաւ լիովին արժեւորել հայ ժողովրդական երաժշտութեան անսպառ գանձը, մանաւանդ ազգային «մոտ»-երուն ինքնուրոյն արժէքներուն ճիշդ օգտագործումով կայացնել անոր շուրջը իւրայատուկ նոր «փոլիֆոնի» մը:
Երաժշտագէտ Միշէլ Հոֆման իր յօդուածը վերջացուցած է հետեւեալ տողերով. «Իր հնադարեան մշակոյթով հարուստ այդ զմայլելի երկրին մէջ ներկայիս երաժշտութիւնը մեծ եռուզեռ ցոյց տալով` զարթնումի մէջ է: Կասկած չունիմ, որ ան շուտով պիտի կարենայ նաեւ արուեստի աշխարհին մէջ համամարդկային գետնի վրայ ամրապնդել իր ներկայութիւնը»:
Հայ Աղքատասիրաց Տիկնանց Միութեան Հաւաքոյթը` Կաղանդի Եւ Սուրբ Ծնունդի Առիթով
Հայ աղքատասիրաց տիկնանց միութեան վարչութիւնը, իր օժանդակ անդամուհիներով, 28 դեկտեմբեր 1967-ին հաւաքուեցաւ «Գարակէօզեան» դարմանատուն` Կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի առիթով միութեան 50 սաներուն եւ 35 ծերերուն նուէրներ բաժնելու համար:
Սաներու երգերով եւ արտասանութիւններով շուտով ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ:
Ստեղծուած խանդավառութեան մէջ եկաւ Կաղանդ պապան եւ բաժնեց իր բերած նուէրները: Իւրաքանչիւր սանի տրուեցաւ անկողինի բուրդէ ծածկոց մը (պլանքեթ), 2 տուփ ծիրանի անուշ, մէկ տուփ շաքար, մէկ տուփ «Նեսթլէ» կաթ, մատիտներ, տետրակներ եւ խաղալիքներ: Իսկ 35 ծերունիներ նուէր ստացան` մէկական ամսական:
Վարչութեան տիկիններուն համար իսկապէս հոգեկան մեծ հաճոյք մը եղաւ դիտել սաներուն եւ ծերերուն ուրախութիւնը:
Այս առիթով Հայ աղքատասիրաց տիկնանց միութեան վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ օժանդակ անդամուհիներուն եւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք իրենց սիրայօժար մասնակցութեամբ ուրախացուցին միութեան սաներն ու ծերերը:
Բեթղեհէմի Աղքատները…
Սիոնական նախայարձակումով կատարուած սահմանային վերջին բռնաբարումներէն ետք Պաղեստինի մեր գաղութին հետ միանգամայն կտրուեցան մեր կապերը: Օտար թղթակիցներէն, օտար թերթերու միջոցով կը հասնին հատուկտոր տեղեկութիւններ միայն, որոնք, երբեմն, ո՛չ միայն իբրեւ լուր հետաքրքրական են, այլեւ յուզիչ են` իբրեւ խորք, մարդկայնական իբրեւ գիծ ու ցեղային նկարագիր:
Ահաւասիկ մէկը` այդ լուրերէն.
«Ֆիկարօ Գրական»-ի թղթակիցներէն մէկը, թերթին լատինական ծնունդին զուգադիպող թիւին մէջ, երեք էջնոց գրութիւն մը լոյս ընծայած է Բեթղեհէմի մասին, նկարագրած է կրօնական համայնքները, Աստուծոյ Որդւոյն ծննդավայրին կապակցութեամբ համայնքային իրաւունքները, գիւղը, գիւղացիները, եւ, ի միջի այլոց, արձանագրած է հետեւեալ տողը:
«Բեթղեհէմի յաւիտենական պահապաններուն մէջ հայերը ամէնէն աղքատներն են: Բայց անո՛նք են, որ կը հայթայթեն հացը գիւղի ժառանգազուրկներուն»:
Աղքատութիւնը ո՛չ բաղձալի եւ ո՛չ ալ մաղթելի վիճակ մըն է: Տնտեսական հարուածներէն անկախ` չարեաց աղբիւր է երբեմն աղքատութիւնը, ձեւով մը կը նմանի միւս ծայրայեղութեան` ծայրայեղ հարստութեան, որ նոյնպէս փորձիչ է ու փորձանքներու դրդիչ: Բայց երկու պարագային ալ, մեր ժողովուրդը, իր ջախջախիչ տոկոսով, անխաթար պահած է իր հոգին, չէ մոռցած մարդ ըլլալ, մարդը չէ մոռցած: Իր հարստութենէն բաժին հանած է իր բնակած երկրին, մարդոց, ու կիսած է իր չոր հացը մերձաւորին ու հեռաւորին հետ, ինչպէս ըրած են ու կ՛ընեն Բեթղեհէմի յաւիտենական պահապաններուն է՛ն աղքատները համարուող մեր հարազատները:
Համաշխարհային համակրանքներ նուաճած ու իրենց մասին ու մե՛ր մասին լաւ բաներ ըսել տուող մեր մեծանուն գրագէտներուն, արուեստագէտներուն ու գիտնականներուն չափ ուրախութիւն կը պատճառեն անկասկած Բեթղեհէմի մեր աղքատները, որոնք, ինչ խօսք, ժողովուրդը կը ներկայացնեն պարզապէս եւ իրենց վերաբերումով առիթ կու տան շեշտելու ցեղային մեր խառնուածքին էական մէկ գիծը` այլասիրութիւնը:
Համաշխարհային մամուլին մէջ, ընդհանրապէս, բացառիկ դէմքեր կը ներկայացուին. անանուն զանգուածը, ժողովուրդը դուրս կը մնայ մարդոց տեսողութենէն: Պարագան տարբեր է հոս, աղքատները ուշադրութիւն գրաւած են, ու ներքին հարստութեան մը տէ՛րն են աղքատները:
Որքան, ալ դէմ ըլլանք չտեսութեան, պիտի ընդունինք սակայն, որ համաշխարհային տարածում ունեցող «Ֆիկարօ»-ի մէջ արձանագրուած այս տողը գեղեցիկ է ու պերճախօս:
Պ. Ս.