Արամ Խաչատուրեան
Նիւ Եորքի Մէջ
«Գեղջուկ Ժողովուրդի Ծոցէն Ծնած Այս Մեծ Երաժշտագէտը Տակաւին Կապուած Կը Մնայ Իր Ժողովուրդին Հետ` Երաժշտութեան Ճամբով»
«Նիւ Եորք» փոսթ»-ի դժուարահաճ քննադատը կը գրէ.
«Խորհրդահայ համբաւաւոր երգահան-խմբավար Արամ Խաչատուրեան կիրակի, յունուար 28-ին Նիւ Եորքի մէջ տուաւ նոր ունկնդրութիւն մը եւ դիմաւորուեցաւ այնպիսի ջերմ ընդունելութեամբ մը, որուն սովորաբար կ՛արժանանան ժողովուրդներու կողմէ կուռքերու վերածուած փրիմատոննաները միայն:
«Խաչատուրեան խելայեղօրէն ծափահարուեցաւ Նիւ Եորքի «Ֆիլհարմոնիք հոլ»-ի մէջ յորդող բազմութեան մը կողմէ, որ զինք դիմաւորեց հին բարեկամի մը նման: Երգահանը ասկէ առաջ, 1960-ին, Հարաւային Ամերիկայէն դէպի Ռուսիա իր վերադարձի ճամբուն վրայ անգամ մը միայն հանդիպած էր Միացեալ Նահանգներ եւ Նիւ Եորքի «Ֆիլհարմոնիք հոլ»-ի մէջ ղեկավարեց Ուաշինկթընի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը` իբրեւ յայտագիր ունենալով մի միայն իր ստեղծագործութիւնները:
«Համբաւաւոր ռուս ջութակահար Մոթեսլաւ Ռոսթրոփովիչի հետ գործակցաբար` Խաչատուրեան ներկայացուց իր համբաւաւոր քոնչերթօ ռափսոտին, որուն նուագումը հազիւ աւարտած` առաջին անգամ Ռոսթրոփովիչ համբուրեց Խաչատուրեանը, յետոյ, երկուքը իրենց ձեռքերը միացուցած, կը պատասխանէին ունկնդիրներու ջերմ ծափերուն: Աւելի ետք անոնք զիրար կը ծափահարէին ու ձեռք ձեռքի տուած` կը բաժնուէին բեմէն: Սակայն կը ստիպուէին վերադառնալ` պատասխանելու համար անվերջ ծափերուն եւ կը կրկնէին նուագումը քոնչերթօ ռափսոտիի վերջին մասին:
«Գալով Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ին` ունկնդիրները դրապէս կը յարմարէին անոր երաժշտութեան զգայուն եւ կշռութաւոր մասնայատկութիւններուն:
«Գեղջուկ ժողովուրդի ծոցէն ծնած այս մարդը երաժշտականօրէն կատարելութեան հասած, տակաւին մօտէն կապուած կը մնայ իր ժողովուրդին հետ` երաժշտութեան ճամբով: Ան կը գծէ հասարակաց պատասխան մը թէ՛ իբրեւ մարդ եւ թէ՛ իբրեւ երգահան` թէ՛ Ամերիկայէն եւ թէ՛ հին Ռուսիայէն: Իր պալէն միշտ կը փնտռուի այս երկրի զանգուածներուն կողմէ:
«Կայտառ, կենսունակ եւ տպաւորիչ ղեկավար մըն է Խաչատուրեան: Մարդ մը, որ կը պարտադրէ կեդրոնացում մը` դէպի իր անձը: Իր երաժշտութիւնը լեցուցած է հաղորդականութեամբ մը եւ անհրաժեշտ պարագային գիտէ բարձրացնել երանգները: Կրնայ նոյնպէս նուագախումբը առաջնորդել ամենանուրբ երանգներուն: Մեծ երաժշտագէտ մըն է, որ կը հաւատայ գեղջկական սրտին եւ անկեղծօրէն կը խոստովանի, որ այս ոգին տուած է իր երաժշտութեամբ»:
Մամո՞ւլը, Թէ՞ Թուղթը
Գաղափար մը երբ կը յղացուի մտքի մը մէջ, պէտք է որ հաղորդուի ուրիշներու` իրենց հասկցած լեզուովը, նոյն երկրի հեռաւոր մասերու մէջ ապրողներու, կամ երկրին սահմաններէն դուրս տարբեր երկիրներու մէջ ապրող անձերու: Տպագրութիւնը, հաղորդակցութեան այդ հրաշալի միջոցը եղաւ:
Բայց տպագրութիւնը ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար, եթէ թուղթը չըլլար: Ուրեմն, թուղթին գործածութիւնը առնուազն կարեւոր է այնքան, որքան մամուլը կամ անջատ գիրերու գիւտը: Ուէլզ կ՛ըսէ, թէ դժուար է որոշել, որ նախապատուութիւնը կը պարտինք թուղթի՞ն, թէ՞ մամուլին, որոնք գործակցաբար ստեղծեցին հետագայ դարու յառաջդիմութիւնը, մինչեւ մեր օրերը:
Թուղթը հնարուեցաւ եւ դարերով գործածուեցաւ Չինաստանի մէջ` սկսեալ Քրիստոսի թուականէն երկու դար առաջ:
751-ին չիները յարձակեցան Սամարկանտի արաբ իսլամներուն վրայ, բայց ետ մղուեցան: Գերի ինկան արաբներուն ձեռքը չիներ, որոնցմէ ոմանք թուղթ շինող վարպետ արհեստաւորներ էին: Արաբները անոնցմէ սորվեցան արհեստը: Ներկայիս գոյութիւն ունին արաբերէն ձեռագիր գիրքեր, որոնք թուղթ են եւ մինչեւ իններորդ դարու հնութիւն ունին: Թղթաշինութեան արհեստը Եւրոպա մուտք գործած պէտք է ըլլայ կա՛մ Յունաստանէն եւ կա՛մ Սպանիայէն, երբ քրիստոնեաները մաւրիտանացիներէն ազատագրեցին երկիրը եւ տիրացան, ի միջի այլոց, անոնց թուղթի գործարաններուն: Եւ սակայն քրիստոնեաները չյաջողեցան որակաւոր թուղթ արտադրել մինչեւ 13-րդ դարու վերջերը, եւ թուղթին լաւագոյնը արտադրողներն ալ նոյն ատեն իտալացիներն էին:
Թղթագործութիւնը 14-րդ դարուն հասաւ Գերմանիա, ուր հազիւ թէ մինչեւ դարուն վերջը քանակով եւ որակով բարւոքեցաւ եւ դրամապէս մատչելի գինով վաճառուեցաւ գիրքերու տպագրութեան համար:
Իբրեւ հետեւանք թուղթի վրայ տպագրութեան գործնական կարելիութեան` բազմաթիւ Աստուածաշունչներ հրապարակ հանուեցան: Դպրոցական դասագիրքերը աժան գինով աշակերտներու ձեռքը անցան: Կարդալու փափաքը եւ կարողութիւնը ընդհանրացաւ: Ոչ միայն տպագրուած գիրքերը առատացան, այլ նաեւ աւելի դիւրութեամբ ընթեռնելի եղան տպագրութեան յստակութեամբը: Կարդացողը կարդացածը կը հասկնար առանց կանգ առնելու եւ կարդացածին վրայ խորհելու, կամ կրկին անգամներ կարդալու` հասկնալու համար կարդացածը: Գիրքը զարդ ըլլալէ դադրեցաւ եւ եղաւ ուսանողին համար խորհրդաւորութիւն մը: Հեղինակներ գիրքեր գրել սկսան ո՛չ թէ նախորդ դարերու ձեռագիր գիրքերուն պէս անոնց վրայ նայելու, այլ զանոնք կարդալու եւ անոնցմէ բան սորվելու համար:
14-րդ դարուն սկսաւ եւրոպական գրականութեան ճշմարիտ պատմութիւնը: Մէկ բարիքն ալ այն եղաւ, որ գաւառաբարբառները կամաց-կամաց անհետացան, եւ լեզուները որոշ եւ ընդհանրական կաղապարի մէջ թափուեցան. իտալերէնը ընդհանրական եւ միօրինակ լեզուով իտալերէն եղաւ, նոյնպէս` անգլերէնը, նոյնպէս` ֆրանսերէնը կամ գերմաներէնը կամ սպաներէնը եւ այլն: Կամ, մէկ խօսքով, եւրոպական լեզուները դարձան գրական լեզուներ, հասկնալի` զանոնք գործածող ժողովուրդներուն համար: Եւ հետզհետէ յղկուելով եւ ազնուանալով` այդ լեզուները արժանաւոր միջոցներ եղան փիլիսոփայական որեւէ խորունկ միտք արտայայտելու այնքան ճշգրտօրէն, որքան յունարէնը կամ լատիներէնն էին: