Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Յունուար 1968)

Յունուար 26, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարօտ` Երկու Գերեզմաններու

… Դու լսո՞ւմ ես ինձ, գանգրահեր տղայ,
Մի փնտռի նրա շիրիմը ի զուր:
Անմահութիւնը շիրիմ չի ուզում…:
Գ. ԷՄԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն եւ սփիւռքի կազմութենէն ետք, մեր գրականութիւնը ունեցաւ խառնուածքային արտակարգ եռուզեռով օժտուած երկու դէմքեր, մէկը հոն` հայրենիքի մէջ, միւսը հոս` սփիւռքի մէջ:

Եղիշէ Չարենց եւ Վազգէն Շուշանեան:

Արու գեղեցկութիւններու տեսիլքը սաստկօրէն զգացող երկու բորբ տրամադրութիւն, հայոց հայրենիքը եւ ժողովուրդը լոյսի եւ ուժի մէջ տեսնելու իղձով այրող երկու սիրտ, հայ կեանքին մէջ շատ անկատար բաներ տեսնող զօրաւոր երկու աչք, երկու յեղափոխական, որոնք գրեթէ նոյն տարիներուն հրապարակ եկան, փթթեցան երեսնական թուականներուն ու մեռան նոյն տարիքին, կեանքի կէս ճանապարհին, քառասունին հազիւ հասած, քառասունին դեռ չհասած:

Խոցուած էին ի տղայ տղոց, խոցուած էին արհաւիրքներով, ոտնակոխուած սրբութիւններու դառն իրականութեամբ, որբութեամբ, ու աշխարհէն վրէժ լուծելու համար կարծես` իրենց լաւագոյնը, ամբո՛ղջ հոգին նուիրեցին յաւիտենական հայրենիքին ու ժողովուրդին, ճանչցան, ճառագայթեցին, արարեցին ու արիւնեցան` դառնալով ի վերջոյ ընդարձակ ու մշտանորոգ վաստակի մը կենսաթրթիռ խորհրդանշանները:

Տրուած էր իրենց շատ բան, «լուսաւոր ու վեհ» բազում գեղեցկութիւններ, այն ամէնը, «ինչ ունեցել է ժողովուրդը», ու տրուածը, այսպէս, կրկնապատկեցին իրենք, քառապատկեցին սիրով, հաւատարմութեամբ, անդուլ տքնութեամբ, ճգնութեամբ, ողողելով ամբողջ հայ գրականութիւնը, հայ կեանքը ամբողջ:

Եւ որովհետեւ շատ տրուած էր իրենց, եւ տաղանդաւորներուն շատը ի կենդանութեան շատ հանդուրժելի ընծայ մը չէ, բարեկամներէ աւելի թշնամիներ ունեցան անոնք, քարկոծողներ, դատախազներ:

Ու զարմանալին այն է, որ թէ՛ Չարենց եւ թէ՛ Շուշանեան` հայ գրականութեան այս երկու ճառագայթները աւելի բախտաւոր եղան դուրսը, քան ներսը` հայրենիքի մէջ: Պատմութիւնը ծանօթ է: Չարենցին ու Շուշանեանին անուններուն յիշատակութիւնը մահացու մեղք համարող շրջան մը արձանագրուած է մեր հայրենիքի պատմութեան մէջ, որ մեզի պատահած միւս ողբերգութիւններէն նուազ ողբերգական չէ:

Այսօր խնդիրը քիչ մը տարբեր է: Չարենցի ու Շուշանեանի վաստակին ու անցաւոր անձերուն կապուած վիճելի կողմերէն անկախ` մարդիկ ընդհանուր գուրգուրանքի մը առարկայ դարձուցած են զանոնք: Ամէն քաղաքի մէջ, ամէն թերթի մէջ ամէն օր Չարենց կայ, Շուշանեան կայ, Չարենցէն քերթուած, Շուշանեանէն արձակ, Չարենցի մասին յօդուած, Շուշանեանի մասին սրտայոյզ խօսք:

Այս երկու տաղանդաւորներուն վերանորոգուած վարկին առընթեր, սակայն, անոնց նշխարներուն կորուստը խորապէս կը խոցէ հայ մարդուն սիրտը: Ահաւոր բան է, երբ մարդ կ՛անդրադառնայ, որ երկուքն ալ գերեզման չունին: Շուշանեան մեռաւ Փարիզ եւ մետասաներորդ ժամու իր բարեկամներուն գձուձ հաշիւներուն պատճառով հասարակաց փոսի մը մէջ նետուեցան գրագէտին խոնջ ոսկորները, իսկ Չարենցի ոսկորներուն մասին այս չնչին տեղեկութիւնն իսկ չունինք, պետական որոշումով մեռաւ մեր «յաղթ ժողովրդի օղակը վերջին», պետական որոշումով անհետ եղաւ իր մարմինը եւ պետական որոշումով հայրենիքը կը շարունակէ դեռ այդ մասին բառ չարտասանել:

Հայրենիքի սրտին վրայ պետականացած այս ոճիրին համար եւ լուսոյ քաղաքին մէջ ցուցադրուած այս միւս ապիկարութեան համար քի՛չ է ամէն ընդվզում, ամէն հայհոյանք: Ողջերուն տէր կանգնելու լայն տրամադրութիւններ շատ չենք ունեցած, բայց նոյն օրն իսկ սկսած ենք գուրգուրալ անշնչացած վաստակաւորներուն վրայ: Այսպէս եղած ենք միշտ, ամէ՛ն տեղ: Նոյնիսկ հայ արիւնին ու հանճարին աւանդական թշնամւոյն` Թուրքիոյ մէջ կրցած ենք պահել մեր մեծ դէմքերուն ոսկորները, արձաններ բարձրացնել անոնց հողաթումբերուն վրայ, մինչ մեր հայրենիքին մէջ ու ազատութեան մայրաքաղաքին մէջ ձգեցինք, որ անդամբան կորսուին մեր վերջին մեծատունները:

Ս. Մեսրոպի մասին երախտագիտութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ կը խօսինք, ազգովին կը խոնարհինք անոր գիւտին առջեւ, բայց Ս. Մեսրոպի առիթով երկրպագելի է նաեւ ի՛նքը, հայ ժողովուրդը, Ս. Մեսրոպին գերեզմանը պահելու իր իմաստութեան, փառքի՛ն համար: Թագաւորներ շատ ունեցած ենք, հռչակաւոր սպարապետներ, հազար մեծամեծ, բայց հազիւ թէ մէկ-երկուքին յետմահու հասցէն գիտենք, շատերը չկան, փոշիացած են, այլ կայ Ս. Մեսրոպի գերեզմանը, հրաշքը, որ երկնային միջամտութեամբ չպատահեցաւ, մնաց հայ ժողովուրդին կամքով, կը մնայ տակաւին, կը ներշնչէ, կը ստեղծագործէ, կը հրաշագործէ՛ տակաւին:

Զուր է ծածկել մեր մեղքերը եւ վերացական խանդավառութիւններով օրօրել մարդոց հոգին, ինչպէս կը փորձէ քնարերգել բանաստեղծ Գէորգ Էմին:

«Անմահութիւնը շիրիմ չի ուզում», կ՛ըսէ Էմին: Ո՞վ է «շիրիմ ուզում» հապա: Ոչնչութի՞ւնը, անցաւո՞րը, ժամանակավրէ՞պը, ո՞վ:

Ժողովուրդները բանաստեղծներուն չափ բանաստեղծ չեն ու արտայայտչական հրապուրիչ ձեւերով շատ չեն տարուիր, կը հետեւին իրենց բնազդին, խոր իմաստութեան: Ժողովուրդները շիրիմ կը շինեն անմահութիւնը նուաճած մարդոց, կը փնտռեն «անմահօրէն մահացեալ»-ներու հասցէն` աւելի շօշափելիօրէն զգալու համար անոնց ներկայութիւնը, առանց անոնց չկարենալ ապրելու մղումով մը գուցէ, ուխտի մը համար, երդումի մը համար, անդիմադրելի կարօտի մը անձնատուր:

Շիրիմները ձգողութիւն մը ունին, կարօտ մը կը յուզեն, ու Հայաստան ու Փարիզ այցելող հետաքրքիրներու սրտին, Չարենցի եւ Շուշանեանի անուններուն դիմաց` անհանգչելի պիտի մնայ այդ կարօտը: Ափսո՜ս:

Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լուսապաշտութիւնը, Այվազովսկին Եւ Իր Ազգային Պատկանելիութեան Հարցը (Այվազովսկիի Ծննդեան 200-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?