Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Յունուար 1968)

Յունուար 25, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զրոյց

Նիւթ` Սփիւռքահայ Վէպը

Դասախօս` Վահէ Օշական

Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 18 յունուար երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի ակումբ:

Վ. Օշական արագ ակնարկով մը ներկայացուց սփիւռքահայ վէպը: Ան այս նիւթով անցեալ տարի պատրաստած էր իր տոքթորայի թեզը եւ յաջողութեամբ ստացած` համապատասխան վկայական:

Վ. Օշական իր զրոյցի ընթացքին նախ բացատրեց, թէ հայ ժողովուրդը ի՛նչ կարծիք ունի ինքն իր մասին, երկրորդ` եթէ մաղէ անցընենք մեր վէպերը համալսարանաւարտի մը չափանիշով, ի՞նչ կը մնայ եւ ինչո՞ւ: Եւ վերջապէս, վէպի կապակցութեամբ ի՞նչ հարցեր կարելի է դնել:

– Ընդհանրապէս մենք մեր մասին լաւատես ենք, ունինք դպրոց, եկեղեցի, լաւ յատկութիւններով օժտուած ժողովուրդ ենք: Սակայն այդքան ալ լաւատես ըլլալու պատճառներ չունինք: Նոր սերունդը գրեթէ գրականութենէ տեղեակ չէ հազիւ 19-րդ դարէն քանի մը բանաստեղծի անուն գիտէ, իսկ մարդոց մասին, որոնք բուն գրականութեան արժէքներն են, ոչինչ գիտէ: Ընդհանուր տրամադրութիւնը այն է, որ գրականութիւնը շատ ալ կարեւոր չէ, հարցը իբրեւ հայ դիմանալն է: Հետեւանքը այս բոլորին այն է, որ մեր մշակոյթը լքուած է բախտին:

Եթէ մեր ժողովուրդը դատենք իր գրականութեան մէջէն, հայ ժողովուրդը հարիւր տարուան ընթացքին նոյնն է, կայ քերթողական արուեստ որոշ չափով, իսկ վէպը խորթ է մեր գրական զգայարանքի հետ: Առաջին պատճառը այն է, որ վէպը արձակ է, արուեստի ամէնէն ազատ ու ազատագրող սեռն է, շատ ալ կապ չունի լեզուին հետ: Բանաստեղծութիւնը բառ է, վէպը նախադասութիւն է, գաղափար: Վէպ գրելը ազատագրող աքթ է, եւ որովհետեւ մենք կապուած ենք մեր ազգային աւանդութիւններուն, վէպը կը մնայ խեղճ ու կրակ, չի զարգանար: Մենք կ՛ուզենք քաշուած մնալ, որպէսզի դիմանանք, աշխարհէն կտրուած ըլլալով` ի վիճակի չենք վէպը զարգացնելու: Արեւմտահայ գրականութիւնը չէ ունեցած իրապաշտ վէպ, ունեցած է ժողովրդային վէպ կոչուածը, որմէ կ՛ամչնան մեր դպրոցները: Օրինակ` Հաճեանի, Շիտանեանի վէպերը: Նոյնն է պարագան մեր օրերուն: Արեւմտահայ գրականութիւնը ունեցած է 180 վէպ` իր զանազան սեռերով, մինչեւ 1915-ի սպանդը:

Ամէնէն հարազատ վէպը ազգագրական վէպն է, որ զարգացած է 1860-1900 թուականներուն, իսկ ժողովրդային վէպը` հասարակ զգացումներու վէպը սկիզբէն մինչեւ 1920, հիմնական 7 վիպասան ունինք. Արմենակ Հայկունի, Տիւսաբ, Կամսարական, Եսայեան, Երուխան, Զարեան եւ Յ. Օշական: Ասոնց վրայ կարելի է աւելցնել` Հաճեան, Մաթիկեան եւ Օտեան:

Սփիւռք վէպ չունի արեւմտեան իմաստով: Ամբողջ սփիւռքի արտադրութիւնը 300-ը չ՛անցնիր, բանաստեղծութիւն եւ արձակ միասին: Ասոնց մէջէն մեծ զիջումով կարելի է փրկել 5 հեղինակ, որոնք թէեւ եւրոպական չափանիշներու չեն դիմանար, սակայն հայկական չափանիշով անոնց գործը կարելի է վէպ նկատել: Մինչեւ 1940 կարելի է հաշուել 80 վէպ: Այս 80 վէպերը կը բաժնուին երեք մեծ ճիւղերու.

1.- Արկածի վէպ, ժողովրդային հասարակ վէպ: 20 գրող ունինք, մեր բուն իրապաշտութիւնը պէտք է գտնենք այս հասարակ վէպերուն մէջ, հայ տիպարները մանրամասնօրէն նկարագրուած են:

2.- Սիրային, զգացական վէպ, 16 գրող, լաւագոյն ներկայացուցիչներն են Շուշանեանը եւ Փոլատեանը:

3.- Հոգեբանական ընկերային վէպ, ունինք 4 գրող:

Սփիւռքի վէպ ըսելով` պէտք է հասկնանք 5 վիպասան, բոլորն ալ` Ֆրանսայէն: Ֆրանսահայ սերունդը հրատարակած է սփիւռքի ամբողջ գրականութեան մէկ երրորդը, այսինքն` մօտ 100 հատոր:

Այս հինգ գրողներն ալ ունին խառնուածքի նմանութիւններ, բայց անկախ զգայութեան տէր մարդիկ են, լայն շփումներ ունեցած են օտար գրականութեան հետ:

Ա.- Շուշանեան.- Խառնուածքով ամէնէն անկայունն է, բանաստեղծութենէն եկած է արձակի: Այն բանաստեղծները, որոնք կը փորձեն արձակը, դժբախտաբար չեն յաջողիր: Շուշանեան կրցած է մասամբ ինքզինք փրկել: Ունի կառոյցի պակաս, գաղափարի խեղճութիւն, բայց` զգալու նոր եղանակ:

Բ.- Փոլատեան.- Զգայուն է, բանաստեղծութիւն ալ կրած է, գրել չի գիտեր, արուեստի գաղափար չունի, բայց այնքան սէր, տաքութիւն ունի, որ կը յաջողի կոկիկ գործ մը ստեղծել:

Գ.- Որբունի.- Վէպ գրած է, բայց շատ աւելի խոստովանութիւն է, տագնապի գաղափար չունի, սակայն ունի մարդը տեսնելու վիճակներ, ապրելու կարողութիւն:

Դ.- Շահնուր.- Լաւագոյն տիպարը` այս սերունդին, վէպ կը փորձէ գրել, սակայն անոր վէպը ընդարձակ պատմուածք մըն է: Այնքան տարուած է իր ըսելու եղանակով: Իր խելացութենէն յաճախ կ՛անտեսէ վէպի պայմանները, տիպարներու բախումի, զարգացումի թեքնիքը: Շատ հայ է, պէտք չէ շատ հայ ըլլալ լաւ վէպ գրելու համար:

Ե.- Զարդարեան.- Խորք ոնի, ըսելիք ունի, բայց շունչ չունի: Ամէնէն լաւ գրուած, ամէնէն խորունկ գործն է: «Մեր կեանք»-ը:

Փարիզի սերունդը 1940-էն ի վեր դէպի անկում կ՛երթայ եւ տարօրինակ կերպով կարծէք մեր գրականութեան պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: 1860-ական թուականներու Պոլսոյ առաջին սերունդը եւ Ֆրանսայի սերունդը իրարու կը նմանին, երկուքն ալ բացուած են Արեւմուտքի, երկուքն ալ փախուստի գրականութիւն են` անցեալին դառնալու կամ իտէալիզմի մէջ մխրճուելու:

1865-1890 մենք վէպ չենք ունեցած, 1940-1955 դարձեալ վէպ չունինք, ամլութիւն մը, որ կը կրկնուի:

Կը տարուինք մտածելու, որ մեր ժողովուրդը հաւատարիմ իր խառնուածքին` երկունքի շրջան մը կ՛անցընէ, 10 տարի ետք պիտի ունենանք նոր սերունդ մը` համալսարանական կրթուած սերունդ մը, ճամբայ կ՛ելլէ եւ պիտի կարենայ ուժ տալ գրականութեան:

Ինչո՞ւ սփիւռքը վէպ չունի.- Վէպը կապ ունի մտքի կառոյցի հետ, հայ մտքի կառոյցը տարբեր է, մենք զգացական ժողովուրդ ենք, բանաստեղծական: Առարկայական մտածումի հաշտ չէ մեր միտքը: Վէպը հոգեբանութիւն է, յստակատես, քաջ, անկեղծ տեսնել է եւ անկաշկանդ ձեւով տալ է: Չկայ հայ մը, որ կարենայ յստակօրէն եւ խելահասօրէն հայ իրականութիւնը դատել եւ առանց վախնալու ըսել: 1915-ի սպանդը զարկաւ մեր գլխուն, կարծէք ճակատագրի ազդարարութիւնն էր` արթննալու. քիչ մը արթնցանք, հիմա դարձեալ թմրած ենք: Մտքի սուր դատողութիւնը գաղափարներու հանդէպ չկայ:

Ինչպէ՞ս կրնանք փոխել.- Մեծագոյն դերը կրնան կատարել դպրոցները. եթէ հայ գրականութիւնը առարկայականօրէն տրուի, գիտական մօտեցումով, պարկեշտութեամբ քննուի, մեր երիտասարդութեան մէջ կը զարգանայ առարկայական մօտեցումը: Որպէսզի այս ենթահողէն մէջտեղ գան բանասէրներ, քննադատներ, իմաստասէրներ եւ անոնք ստեղծեն մթնոլորտ մը, որմէ կրնայ յառաջ գալ վիպասանը, եթէ անոր գալը պայմանաւորուած է արտաքին ազդակներու դասաւորութեամբ:

Մեր ժողովուրդը ունի ազգային մտահոգութիւններ, համամարդկային մտահոգութիւններ մեր մշակոյթին մէջ չկան: Պէտք է քիչ մը կտրուինք անցեալի աւանդութիւններէն եւ բացուինք աշխարհին: Քննադատներ, պատմաբաններ, բանախօսներ, պէտք է ազատին կրօնական, բարոյական սեղմումներէ: Գրողը պէտք է գիտնայ, թէ աշխարհի մէջ ի՛նչ կ՛անցնի:

Կը թուի, թէ վէպը աքսորուած ժողովուրդներու մէջ չի զարգանար: Անկայուն, իր կեանքի տագնապին մէջ ան ի վիճակի չէ հանդարտ միտք պահանջող վէպ ստեղծել:

Ուրեմն պէտք է սպասել, որ վիպասանը գայ, երբ որ ուզէ, կարելի չէ հաշիւով գիտնալ:

Ա. Գ.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Ձեր Զաւկին Բաւարար Ազատութիւն Տուա՞ծ Էք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?