Համազգային Պուրճ Համուտ
Զրոյց Բագինի Շուրջ Եւ
Ընթրիք-Հանդիպում
Հետաքրքրական ու հաճելի ձեռնարկ մըն է Համազգային Պուրճ Համուտի ընթրիք-հանդիպումը, որ տեղի կ՛ունենայ երկու շաբաթը անգամ մը, չորեքշաբթի երեկոները, միութեան ակումբին մէջ, ի ներկայութեան անդամներու եւ համակիրներու: Այս ընթրիք-հանդիպումները առիթներ կը ստեղծեն ընկերային, մշակութային, նաեւ տոհմիկ մթնոլորտ մը ստեղծելու շրջանին մէջ, ինչ որ կենսական է եւ անհրաժեշտ: Ընթրիք-հանդիպումին վերջինը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 7 փետրուարին, յիշեալ ակումբին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ի ներկայութեան շրջանի մտաւորական դասակարգի անդամներուն եւ հիւրերուն:
***
Զրոյց` «Բագին»-ի Շուրջ
Այս հանդիպումին սկիզբի առաջին ժամուն տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց մը «Բագին»-ի շուրջ: Զրոյցը բացաւ Գրիգոր Նգրուրեանը եւ վարեցին «Բագին»-ի խմբագիրներ Կարօ Սասունին եւ Պօղոս Սնապեանը:
«Վեց տարուան ճամբայ կտրած ենք, կը մտնենք եօթներորդ տարի: Այս ամսագիրը հրատարակուեցաւ գրասէրներու ընդհանրական մէկ ըմբռնումով: Դարձաւ համագաղութային գրական թերթ մը` մօտ 2000 տպաքանակով»: Այս խօսքերով սկսաւ զրոյցի Կարօ Սասունին շարունակեց. «Ճիգ մը թափեցինք, ու այդ ճիգը արդիւնաւորուեցաւ: «Բագին» միայն Լիբանանի գրասէրներուն յատուկ հանդէս մը չէ, ան ընթերցողներ ունի` Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաները, Եթովպիա, Եգիպտոս, Քուէյթ, Սուրիա, Իրան: Հայաստան եւս մուտք կը գործէ «Բագին», կը ղրկուի գրագէտներու եւ մշակութային ու գրական կեանքի ներկայացուցիչներուն:
«Մեր ժողովուրդին նման` մեր գրականութիւնն ալ եղաւ թափառական, բայց դարձանք մայր չմտնող արեւի կայսրութիւն: Օր մը մեր մամուլը կոչուեցաւ «Ազատամարտ», ուրիշ օր մը «Դրօշակ» եւ այլն: 100 տարուան ընթացքին ճիգեր շատ եղան: Գրականութիւն մը մէջտեղ եկաւ: Մեր գրագէտները կոչուեցան տեղ մը Դանիէլ Վարուժան, Չարենց, Սիամանթօ մը Ժընեւի փողոցներուն մէջ հայութիւն երգեց:
«Բագին» կոչուած է շարունակելու մեր գրականութեան աւանդը: Մէկ տարուան ընթացքին «Բագին»-ի մէջ կը տեսնենք 65 գրիչ: Ուրեմն ան կրցաւ բան մը ընել` իր շուրջ հաւաքելով հին եւ նոր գրողները»:
Ապա Սասունի դրուատեց Պուրճ Համուտի գրասէրները, որոնք զօրավիգ կանգնած են գրական այս հանդէսին` իր լոյս ընծայած օրէն իսկ: Ան բաղձանք յայտնեց սակայն, որ ընթերցողներու թիւը բազմանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ աւելի բարձրին:
Խօսուեցաւ «Բագին»-ի շուրջ նոր հետաքրքրութիւն մը ստեղծելու միջոցներուն մասին: Եղան գործնական առաջարկներ: Օրինակ` տեղւոյն վրայ կազմուեցաւ կամաւորներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որ պիտի սկսի բաժանորդագրական արշաւի Պուրճ Համուտի մէջ` տարածելու համար ոչ թէ միայն «Բագին»-ը որպէս թիւ եւ տպաքանակ, այլ նաեւ` դէպի ընթերցասիրութիւն առաջնորդող նպատակ: Վերջին հաշուով, հարկ է գրական մթնոլորտ ստեղծել հոծ հայութիւն ունեցող նման շրջանի մը մէջ:
Ներկաներուն խօսք տրուեցաւ` արտայայտելու համար իրենց գնահատանքը կամ քննադատութիւնը: Ոմանք մատնանշեցին թերիներ` բովանդակութեան մասին: Օրինակ` ընթերցող մը կը շեշտէր թարգմանական գրականութեան բացակայութիւնը` «Բագին»-ի մէջ: Պատասխանատուն կը լուսաբանէր, որ զարկ տրուած է ստեղծագործական, ինքնագիր արտայայտութիւններու: Երկրորդ մը տկար կը գտնէր գեղարուեստական բաժինը, իսկ «Իմացական շարժում»-ի մասը` խիստ գնահատելի: Ուրիշ ընթերցող մը փափաք յայտնեց, որ երկար, շարունակելի պատմուածքներ, վէպեր եւ պոէմներ լոյս չտեսնեն «Բագին»-ի մէջ:
«Բագին»-ի խմբագիրներէն Պօղոս Սնապեան խօսք առնելով` դիտողութիւնները գտաւ արդար ու ըսաւ.
«Մի կարծէք, որ «Բագին»-ի խմբագրութիւնը ամբողջովին գոհ է թերթին ներկայ վիճակէն: Ո՛չ, ընդունեցէք սակայն, որ այս ուղղութեամբ ճիգ չենք խնայած: Հին, միջին եւ բոլորովին նոր գրողներէն 65 հոգի քով քովի բերելու աշխատանքը փաստ մըն է: Մնաց որ, խմբագրութիւնս միշտ ուզած է ամսագիրը դարձնել իրապէս որակաւոր, միջազգային մակարդակով գրական թերթ: Այս մտահոգութեամբ մենք երկար ատեն դիմած ենք ու չենք դադրած դիմելէ մեր մտաւորական, համալսարանական, պատրաստուած երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք մեզի հայթայթեն փիլիսոփայական, գրական լուրջ ուսումնասիրութիւններ, ներկայացնեն միջազգային հեղինակ մը` իր գործով, հայեցակէտով, իմաստասիրութեամբ, ու մանաւանդ,- շեշտեց Սնապեան,- դիմած ենք (ու խոստացած ենք լաւ վարձատրութիւն) մեր արաբագէտ մտաւորականներուն, որպէսզի մեզի ներկայացնեն, եթէ ոչ արաբական աշխարհի, գէթ` լիբանանեան գրական կեանքը: Ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ մեր երկրին մէջ (գրական տեսակէտէ). ո՞ր մէկ գրողը ի՛նչ է ըրած, կամ ի՞նչ պիտի ընէ. որո՞նք են նոր հեղինակները: Հիներէն ի՞նչ է մնացած: Ինչպէ՞ս կ՛անցնի լիբանանեան գրական առօրեան եւ այլն: Ձեզի կը վստահեցնենք, որ ի մօտոյ պիտի կենսագործենք թէ՛ մեր ծրագիրները եւ թէ՛ ձեր` ընթերցողներուն բաղձանքները:
***
Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան նկատի ունենալով, որ հարցը ըստ բաւականին սպառած է, եւ ներկաները, բաւարարութիւն ստացած, փակուած յայտարարեց զրոյցի բաժինը ու բացուած` ընթրիքի ժամը: Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը պատրաստած էր համեղ ընթրիք: Ներկաները ճաշակեցին գոհունակութեամբ` երգերու, նուագի, անակնկալներու եւ հայկական տոհմիկ պարերու խանդավառ մթնոլորտին մէջ:
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԹՂԹԱԿԻՑ