Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Փետրուար 1968)

Փետրուար 12, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պարզ Ու Պայծառ Պարտէզ

Առածներ,
Որոնց Համամիտ Չենք

Չեխական առած մը կ՛ըսէ.

– «Օրէնքին քիթը շինուած է մեղրամոմէ»:

Օրէնքին միայն քի՞թը շինուած է մեղրամոմէ:

Օրէնքները յոտից գլուխ մոմեղէն են: Ամէն օրէնք կակուղ է կաւի պէս ու կարծր է կապարի պէս: Ուզուած ձեւը կ՛առնէ ի նպաստ զօրաւորին: Դատական կազմին մատները մէջն են այդ խմորին, որուն ներքեւ չկայ հոգի:

Շատ զօրաւոր անձնաւորութեան մը համար օրէնքին մեղրամոմը կը հալեցնեն ու կը մոմեն տախտակամածը, որպէսզի իրենց ուզած մարդոցը պարել տան ու անոնց ոտքերը սահեցնեն:

Չեխոսլովաքիոյ մէջ Պենեշ մը բաւական եղաւ, որ ամբողջ երկիրը վերածուի մեղրամոմի ու հալի եւ հալեցնէ ժողովուրդը համայնավարութեան հուրերուն մէջ, սոցիալիստական իրապաշտութեամբ:

***

Վրացական առած մը կ՛ըսէ.

– «Եթէ կինը բարի արարած մը ըլլար, Աստուած ալ կ՛ունենար իր կինը»:

Այս առածին հեղինակ վրացին անպատճառ եղած է որբ ի մօրէ: Ապա ինկած է ճանկերուն մէջ մօրուի մը մոլի: Ետքն ալ ունեցած է դրուժան սիրուհի: Ի վերջոյ` կին մը մեգերայ: Չէ վայելած քրոջ մը քաղցրութիւնն անգամ: Ու դարձած է կնատեաց: Եղած է նաեւ աստուածապաշտ մը յոռի:

Քրիստոնէական Երրորդութեան մէջ կին չգտնուիլը կ՛երեւի ուրիշ պատճառ մը կամ բուն պատճառը եղած է այդ առածին ծնունդին: Հին եգիպտական Թրիմուրտիին (Երրորդութիւն) մէջ կար կինը (Օսիրիս, Իսիս, Հորուս):

Եթէ Աստուած կամենար, չէ՞ր կրնար ստեղծել կին մը, նոյնիսկ` կիներ կատարեալ:

Մի՞թէ չէ ստեղծած արդէն բազմաթիւ կատարեալ կիներ: Կ՛երեւի, իբրեւ պատիժ, այդ պարգեւները չէ տուած վրացիներուն: Եւ հակառակ զրկած ըլլալուն հայերը բազմաթիւ բարիքներէ` այդ պատուական պարգեւը տուած է մեզի: (Թէ այսուհետեւ ալ պիտի շարունակէ՞ տալ, կը թուի կասկածելի…):

Եւ եթէ Աստուած ինքզինքին ալ չէ տուած այդ պարգեւէն, ուզած է հաւանաբար ցոյց տալ, որ ինք ալ գիտէ ապրիլ զրկանքով:

Եւ առանց կնոջ կամ կիներու, հրաշքով է, որ իր տունը տեղը (տիեզերքը) կը դնէ կարգի մէջ ու կանոնի:

***

Հապէշական առած մը կ՛ըսէ.

– «Շունը աւելի հաւատարիմ է, քան` կինը»:

Հաւատարիմը հազուագիւտ արարած մըն է, որովհետեւ հաւատարմութիւնը հազուադէպ առաքինութիւն մըն է: Չըսելու համար, որ անսգիւտ է: Բայց ինչո՞ւ կ՛ակնարկուի կնոջ անհաւատարմութեան մասին, ու չի խօսուիր այր մարդուն մասին, որուն ամբողջ կեանքը շարք մըն է անհաւատարմութեանց: Կարծէք` կինը պարտի ունենալ այդ առաքինութիւնը, իսկ այրը կարծէք զերծ է այդ պարտքէն: Մարդ արարածը կրնայ անհաւատարիմ ըլլալ բազմաթիւ կերպերով. մարմինով, մտքով ու հոգուով: Հաւատարիմ այրեր գրեթէ գոյութիւն չունին: Հաւատարիմ կիներ կան, որովհետեւ անոնց անհաւատարմութեան գինը չեն կրցած վճարել:

Գալով շան հաւատարմութեան` պատճառը կաշառքն է: Շունին ընդունած կրծօնը կերակուրն է` հանդերձ միսով ու ոսկորով:

Բայց եթէ «հաւատարիմ» հռչակուած շունը բանտարկէք իր շատ սիրած տիրոջը հետ եւ օրերով զանոնք պահէք անօթի, ի վերջոյ «հաւատարիմ» շունը կը յարձակի տիրոջը վրայ ու կ՛ուտէ անոր միսը մաս առ մաս:

Կինը նոյն պայմաններուն մէջ գուցէ կ՛ուտէ էրկանը միայն գլուխը` զայն գտնելով աւելորդ:

Շունին հաւատարմութեան կրծօնը կերակուրն է:

Կնոջ հաւատարմութեան կրծօններն են` կաշիները, կերպասները, գոհարեղէններն ու գլուխ մը:

Իսկ այրերը եթէ կանանոց իսկ ունենան, անընդունակ են հաւաքական հաւատարմութեան անգամ: Այրը կ՛ուզէ ընդհանրական հաւատարմութիւն ունենալ` հանդէպ բոլոր աղուորներուն, որոնք միաժամանակ մեկոն ու կոկոն են:

Ի մի բան. բոլոր արարածները իրար կ՛արժեն հաւատարմութեան մէջ: Բայց անհաւատարմութեան ցանկին գագաթը գրաւած է այր մարդը, որ ուրիշներէն կը պահանջէ այն յատկութիւնները, որոնցմէ ինք բնա՛ւ չունի. անոնցմէ մէկն է հաւատարմութիւնը:

Շունը համբաւ ունի իր հաւատարմութիւնով:

Կինը համբաւ ունի իր անհաւատարմութեամբ:

Այր մարդն ալ իրական համբաւ ունի իր հաւատարմութեամբ… հանդէպ անհաւատարմութեան:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նոր Գործելադաշտ Մը ՀՅԴ-ին Համար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?