Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայերը
«Ցեղասպանութիւն» (Ժենոսիտ) բառը հրապարակ նետուեցաւ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, որակելու համար ոճիրը, զոր գործած էր Հիթլերի Գերմանիան հրեաներու դէմ:
Շնորհիւ հրէական զանազան կազմակերպութեանց գրաւոր ու բանաւոր քարոզչական բուռն աշխատանքին` միջազգային մամուլն ու հանրային կարծիքը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր այն խոր համոզումն ունին, որ ցեղասպանութեան առաջին հեղինակն է նացի Գերմանիան եւ առաջին ու միակ զոհերն են Իսրայէլի զաւակները:
Նման արտայայտութիւններ յաճախ կարդացած ենք ֆրանսական լուրջ թերթերու մէջ եւ լսած` տեղական ձայնասփիւռէն ու հերատեսիլէն:
Շատ հազուադէպ է, որ ակնարկութիւն ըլլայ առաջին ցեղասպան թուրքերու եւ առաջին զոհ հայերու մասին:
Մենք սփոփանք զգացինք յունուար 15-ի երկուշաբթի գիշերը, երբ տ՛Ասթիէ տը լա Վիժըրի, երբեմնի «Լիպէրասիոն»-ի տնօրէը, որ բառերը ծամել չի գիտեր իր հերթական «Քառորդ ժամուան ասուլիս»-ին ընթացքին ի միջի այլոց խօսելով նաեւ ցեղասպանութեան մասին յայտարարեց, որ` «ցեղասպանութիւնը սկսաւ դարուս սկիզբը` հայկական ջարդերով»:
Ուրեմն կան տակաւին իրազեկ եւ արդարամիտ մարդիկ, որոնք չեն վարանիր հրապարակաւ արտայայտելու պատմական ճշմարտութիւնները` առանց նկատի առնելու, թէ ի՛նչ քաղաքականութիւն կը վարեն դիւանագէտները:
Իսկ երախտագիտական զգացումներով տոգորուեցանք «Նուվէլ Օպսերվաթէօր»-ի աշխատակից Էլենա տը լա Սուշերի հանդէպ` կարդալով հայկական ջարդերուն նուիրուած իր էջերը «Ցեղապաշտութիւնը հազար նկարներով» հատորին մէջ:
Ճիշդ ու ճիշդ հազար ընտիր նկարներ պարունակող այս գրքին մէջ 26 յատկանշական պատկերներ յատկացուած են հայկական բաժնին:
Ազնիւ տիկինը չէ մոռցած ջարդերու եւ ջարդարարներու նկարներու կողքին աւելցնելու նաեւ հերոսական Մուսա Լերան մարտիկներու մէկ խմբանկարը` յայտնելով, որ անոնք քառասուն օր դիւցազնամարտ մղեցին` կառչած իրենց ժայռերուն: Կը յիշէ Զէյթունի, Սասունի եւ Վանի ազատագրական պայքարները: Նիկոլ Դումանը, Մուրատն ու Անդրանիկը: Խանասորի արշաւանքը, Խաստուրի եւ Առաքելոց վանքի կռիւները:
Հեղինակը ցեղապաշտութեան մասին իր ուսումնասիրութեանց ձեռնարկած է առաւելաբար շեշտելու համար հրեաներու դէմ կատարուած հալածանքները աշխարհի սկիզբէն ի վեր:
Ու իսկապէս իր պրպտումները կը սկսի Աստուածաշունչի «Ծննդոց» գիրքէն, Ադամ-Եւայէն, Աբրահամէն, Իսահակէն ու Յակոբէն` հպանցիկ ակնարկով մը, ու կը հասնի մինչեւ մեր օրերը` միջանկեալ խօսելով նաեւ ցեղապաշտական քաղաքականութեան զոհուած ուրիշ ազգերու մասին:
Փարիզի Ազգային գրադարանին մէջ իր կատարած փնտռտուքներու ընթացքին անխուսափելիօրէն կը հանդիպի հայերու անունին: Ու շուտով կը հաստատէ, որ ցեղապաշտութեան եւ ցեղասպանութեան առաջին եւ մեծ զոհերէն մէկն է եղած հայ ազգը:
Տիկինը աչքի առջեւ ունեցած է կարգ մը գիրքեր, զորս կը յիշատակէ փակագծի մէջ: Ասոնք են` Մանտելշթամի, Մորկընթաուի, Նանսենի, Մորկանի, Լեփսիուսի, Հ. Մսըրլեանի, Անտոնեանի, Ալեմի գիրքերն ու Ատանայի ջարդերուն եւ Մեծ Եղեռնի մասին գրուածները:
Գիրքին մէջ հայական բաժինին յատկացուած մասը սահմանափակ ըլլալով` հրատարակիչը ութ էջի զեղչած է հեղինակին սկզբնական գրութիւնը (30 էջ), ինչպէս հաստատեցինք:
Հակառակ կրճատումներուն` տիկինը յաջողած է խտացած տողերով հայկական ողբերգութեան մասին տալ պերճախօս փաստեր` աղբիւրներու յիշատակումով:
Աւելցնելիք բան մը չունինք իր գրութեան վրայ: Միայն կ՛ուզէինք դիտել տալ, որ ժամանակագրական կարգ մը վրիպումներ սպրդած են դէպքերու եւ դէմքերու թւումին մէջ, ինչ որ ներելի է: Կարգ մը անուններ զոհ գացած են տպագրական սխալի: Այսպէս, Պիթլիսը դարձած է Քիլիս, Գարաքէօյը` Գարաքիւլ եւ այլն:
Պատմական ճշմարտութեան հակառակ, կարեւոր սխալ մըն է, սակայն, իր ակնարկութիւնը Օսմ. դրամատան գրաւման մասին: Դաշնակցական 26 ֆետայիները Բաբգէն Սիւնիի եւ Արմէն Գարոյի գլխաւորութեամբ «Գիշերանց» չէ, որ` «սողոսկած են մինչեւ Օսմ. դրամատան պատերուն տակ», այլ օր ցերեկով, ժամը մէկին, Վոյվոտա փողոցին մէջ երթեւեկող բազմութեան, Պանքայի մուտքը պահող երկու զինեալ ալպանացիներու եւ երկու զինուորներու, քովնտի փողոցին մէջ հսկող 10-12 պահակ ժանտարմներու աչքին առջեւ, ձեռնառումբերով եւ ատրճանակներով քաջաբար գրաւած են զայն:
Բացարձակապէս սխալ է նաեւ, որ ֆետայիները «արկղներու մէջ եղածները առնելով կ՛անհետանան մերձաւոր գիւղը»:
Քանիցս այս էջերուն մէջ մանրամասնօրէն գրած են Պանք Օթոմանի գրաւման մասին` հիմնուած վաւերական փաստաթուղթերու գրայ: Արմէն Գարօ առաջին վայրկեանէն իսկ դրամատան սարսափահար 150 պաշտօնեաներուն պատուիրած է ապահով արկղներու մէջ դնել դրամները: Հերոսները ո՛չ մէկ սանթիմի ձեռք են տարած:
Անոնք նաեւ «մերձաւոր գիւղ»-ը չեն «անհետացած», այլ դրամատան ֆրանսացի եւ անգլիացի զոյգ տնօրէններուն, ռուսական դեսպանատան աւագ թարգման Մաքսիմովի եւ երկու թուրք փաշաներու առաջնորդութեամբ եւ փողոցներու երկայնքին երկու շարքի վրայ պատուի կեցած յիսուն թուրք զինուորներու շղթային մէջէն անցնելով` տարուած են անգլիացի տնօրէն սըր Էտկար Վինսենթի անձնական զբօսանաւը, որ խարսխած էր Մոտայի ծոցին մէջ, յաջորդ օրը Ֆրանս. «Ժիրոնտ» նաւով Մարսէյ ղրկուելու համար»:
Այս ճդշումէն ետք, կրկին մեր խոր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Էլէնա տը լա Սուշերի, որ ա՛յնքան սրտցաւօրէն եւ մեծ համակրանքով հետաքրքրուած է մեր ողբերգութեամբ ու պերճախօս նկարներով եւ ճշգրիտ փաստերով արձանագրած է զայն գեղեցիկ հատորի մը մէջ` անարգութեան սիւնին գամելով ջարդարար ու ցեղասպան թուրքը:
ՀՐԱՆՏ-ՍԱՄՈՒԷԼ
