Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Յունուար 1968)

Յունուար 31, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական Յուշագրութիւն

 Շատ Կը Ցաւիմ, Որ Զիս Ստիպեցիր
Ոճրագործի Մը Ձեռքը Սեղմելու

Թուրք հրապարակագիր Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայ «Անցեալ» խորագրին ներքեւ, «ՏԻՒՆԻԱ» թերթին մէջ «Կիրակնօրեայ զրոյց»-ներ կու տայ: Վերջին զրոյցին մէջ ծանր ամբաստանութիւններ կան Պահաէտտին Շեքիրի մասին.-

Հալիտէ Էտիպը Պոլսէն Սուրիա կը տանէի Պէյրութի վարժարանին մէջ իբրեւ տնօրէնուհի պաշտօնավարելու համար: Կայարանի մը մէջ Պահաէտտին Շեքիրի հանդիպեցանք, որ արեւելեան կողմերէն կու գար: Ներկայացուցի Հալիտէ Էտիպին եւ ծանօթացան իրարու: Երբ Հալիտէ հանըմ շոգեկառք մտաւ, Պահաէտտին Շեքիր ըսաւ ինծի.

– Ուշադրութիւն ըրէ այս կնոջ, կրնայ նկարագիրդ խաթարել:

Անոր այս ազդարարութենէն ետք շոգեկառքը ճամբայ ելաւ, եւ ես ալ մեր բաժնեակը վերադարձայ: Հալիտէ հանըմ ըսաւ ինծի.

– Շատ կը ցաւիմ, որ զիս ստիպեցիր ոճրագործի մը ձեռքը սեղմելու:

Երբ ռուսական բանակները դէպի արեւելեան նահանգները կը յառաջանային, հայ քոմիթաճիները տեղ-տեղ ըմբոստութիւններ կը կազմակերպէին: Անոնք բանակը կռնակէն պիտի հարուածէին, ռուսերուն ճամբան պիտի հարթէին, արեւելքէն մինչեւ կիլիկեան ափերը մեծ Հայաստան մը պիտի հիմնէին:

Օսմանեան պատմութեան ընթացքին կոմիտէական շարժումները ժողովրդական շարժումներ չեն եղած երբեք: Ժողովուրդը կոմիտէականներուն ճնշումին ներքեւ` կը հպատակի ու կ՛ենթարկուի անոնց: Բայց երբ ինքն իր վիճակին ձգուի, ընդհանրապէս չ՛ուզեր, որ հանգիստը խռովի, կը նախընտրէ խաղաղ ապրիլ: Այս առիթով Պահաէտտին Շեքիր գաղափարը յղացած էր հայութիւնը բնաջնջելով` առաջքը առնելու ապագային մեծ եւ ընդարձակ հայկական պետութեան մը կազմութեան: Օրինակ, Չորրորդ բանակը այդ մտածելակերպը չէր բաժներ: Այն բանը, զոր իբրեւ միջոցառում կը մտածէր բանակը, սպայակոյտի նախագահ Ալի Ֆուատ (Էրտեմ) ամփոփած էր օսմաներէնով բանաձեւուած հետեւեալ տարազին մէջ:

«Հայկական մեծամասնութիւնները վերածել հայկական փոքրամասնութեանց»: Այսինքն` զանոնք ցրուել թրքական գիւղերու թուրք բնակչութեանց մէջ: Կամ, այլ բացատրութեամբ, զանոնք հանել հաւաքական խմբաւորութեան մը վիճակէն: Իսկ Ամերիկան ուզած է, որ այս բոլոր տարագրուածները առնէ եւ նաւերով փոխադրէ: Թերեւս ալ ամէնէն ճիշդը այս էր: Եւ կամ` երկուքը մէկանց ընել: Տարագրուածները ճամբան փճացեր էին ու կորսուեր: Չորրորդ բանակի շրջանին մէջ գտնուողները դէպի ներսերը տարուեր էին եւ մինչեւ այսօր սուրիական հպատակ են եւ կամ` լիբանանեան: Հալէպի շուկային մէջ թուրքերէնը հաստատողները մեր հայերն էին:

Եթէ Արեւելքի մէջ հայերը զանգուածային վիճակով մնացած ըլլային, անկասկած 1918-ի դաշնագրէն ետք անմիջապէս հայկական պետութիւն մը պիտի հիմնուէր այնտեղ: Եւ սակայն այս զանգուածը ցրուած էր զանազան ուղղութիւններով, եւ շատերն ալ` երկրէն հեռացուած, այսպիսով վտանգը չէզոքացուած կ՛ըլլար: Դէպքերը ցոյց կու տան, որ այդ պարագային վտանգ չի մնար: Ցեղասպանութիւնը մարդկային ամենածանր յանցանքներէն մէկը կը նկատուի: Ցեղ մը, կրօն մը կամ ազգային հաւաքականութիւն մը բնաջնջել եւ մէջտեղէն վերցնել… Այս արարքը գործուած է Անտալուչիոյ մահմետականներուն դէմ: Պալքանեան պետութիւններուն կողմէ ալ` թրքութեան դէմ: Հիթլեր նոյնը ըրաւ հրէութեան դէմ, Ստալին ալ նոյն յանցանքը գործեց Խրիմի թուրքերուն հանդէպ: Եւ սակայն, երբ ուրիշ միջոցներ գոյութիւն ունին, ինչո՞ւ այդ արարքը գործել, արատաւորուիլ: Մուսթաֆա Քեմալ եւս դէմ էր ջարդին ու սպանդին: Օր մը, Հալէպի «Պարոն» պանդոկին մէջ, զոր իբրեւ բանակատեղի ընտրած էր, կը հանդիպի Հասան Ամճայի, երբ հոն կ՛իջեւանի: Հասան Ամճա քաղաքական տարագիր մըն էր Դամասկոսի մէջ: Ճեմալ փաշա պաշտօն յանձնած էր իրեն` գործ եւ զբաղում գտնել տեղւոյն հայ որբերուն համար: «Պարոն օթել»-ի մէջ մնալուն պատճառն ալ այդ էր արդէն:

Մուսթաֆա Քեմալ հարցուցած էր Հասան Ամճային:

– Դուք հոս ինչո՞վ կը զբաղիք:

Հասան Ամճա պատասխանած էր.

– Ես, էֆենտիմ, հայկական…

Բայց Մուսթաֆա Քեմալ ընդմիջած էր զայն եւ պոռացած` առանց թոյլ տալու, որ վերջը բերէ ան.

– Կրակի գծին վրայ ձեզմէ եւ ոչ մէկը կը տեսնեմ: Բայց երբ ճակատին ետին կարգը մարդասպանութեան կու գայ, բոլորդ ալ հերոսներ կը դառնաք:

Բայց, աւելի ուշ, երբ խնդրին իրողութեան վերահասու դարձաւ, ջանացած էր սիրտը առնել Հասան Ամճային եւ երեկոյեան` իր սեղանը հրաւիրած: Ամճան այդ գիշերուան համար հետեւեալ զուարճալի պատմութիւնը կը պատմէր հետագային.

– Գացի, սեղան նստայ: Բոլորն ալ գլխաբաց նստած էին: Առաջին անգամ ըլլալով, գլխաբաց կը տեսնէի սեղանին գլուխը` թէ՛ Մուսթաֆա Քեմալը եւ թէ՛ միւսները: Այդ միջոցին երիտասարդ պահեստի սպայ մը ներկայացած էր եւ Մուսաֆա Քեմալին դէմ բարեւի կենալով` անկէ գիշերուան մը համար արձակուրդ խնդրած: Այդ խնդրանքին մէջ պատճառաբանութիւն մըն ալ առաջ կը քշէր, բայց Մուսթաֆա Քեմալ հոն ընդնշմարած էր բուն նպատակը եւ ըսած.

– Հասցէն գիտէ՞ք: Ես Հալէպը լաւ գիտեմ: Բերդին դրան առջեւի պողոտայէն երբ դէպի աջ դառնալու ըլլաք…:

Այսպէս տեղ մը բացատրելէ ետք, անոր ըսած էր վերջն ալ.

– Գնա՛, զուարճացի՛ր, բայց գիտցած ըլլաս, որ առաւօտուն կանուխ կը մեկնինք, չըլլա՛յ, որ ուշանաս:

Օր մը, երբ Հալէպի մէջ կը շրջագայէի, փշաթելերով շրջապատուած հայկական ճամբարի մը մօտէն կ՛անցնէի: Տարագիրները ուրիշ նահանգներէ Հալէպ կը բերուէին եւ հոն, այդ փշաթելերուն ետին հաւաքուելէ ետք, դէպի Պաղտատի անապատները ճամբայ կը հանուէին: Ես համազգեստաւոր էի: Յանկարծ երիտասարդ մը դէպի այդ փշաթելերը վազեց եւ իմ կողմս պոռալով` պաղատեցաւ.

– Ազատեցէք զիս…

Հարցուցի, թէ ի՛նչ էր անունը եւ ինչո՞վ կը զբաղէր:

– Ես նկարիչ էի, պատասխանեց ան եւ հարկ եղած տեղեկութիւնները տուաւ: Անունը առի եւ երբ բանակատեղի գացի, կացութիւնը բանակի հրամանատարին պարզեցի:

– Փաշա՛ս, – ըսի, – մենք Երուսաղէմի համար գծագրութեան ուսուցչի մը պէտք ունինք: Հայ տարագիրներուն մէջ հատ մը գտայ: Կ՛արտօնէ՞ք, որ առնեմ:

– Թուղթ մը գրէ եւ ա՛ռ, բեր, – ըսաւ հրամանատարը:

Գրութիւն մը պատրաստեցի` Հալէպի կուսակալին ուղղեալ: Ստորագրեց: Առի եւ կուսակալ Մուսթաֆա Ապտիւլխալիքին տարի: Ոստիկանի մը հետ գացինք եւ երիտասարդը առինք: Բանտակատեղիին մէջ իրեն կերակուր տուի: Ճամբու ծախսն ալ առաւ ու դէպի Երուսաղէմ ճամբայ ելաւ: Պատերազմի աւարտէն ետք ալ բաւական երկար ժամանակ թղթակցած էի իրեն հետ:

Կեանքիս ամենաքաղցր յիշատակը կը կազմէ այս փրկութեան գործը, զոր կատարեր էի:

Ես յանցանքի մը համար փոխադարձութեան իրաւունք չեմ ճանչնար:

Պահաէտտին Շեքիրն ալ հայերը սպաննած էին: Սա կար, որ Պահաէտտին Շաքիրը կոմիտէական մըն էր եւ գաղափարապաշտ մը: Իր խելքն ու մտածողութիւնը նոյն էին, խօսքը` գործքին համապատասխան:

Ահա ձեզի այս շաբաթ գրեցի յիշատակները այն մտածումներուն, զորս ունեցայ` յիսուն տարուան լուսանկար մը դիտելով: «Անցեալի յուշերը երբեմն աշխարհ կ՛արժեն», կ՛ըսէ առածը: Կ՛ուզէ՞ք, որ ճիշդը ըսեմ, Աթաթիւրքի հետ անցուած տարիներէն դուրս` մնացեալները չեն արժեր…:

Երիտասարդները պիտի կարենա՞ն արդեօք «աշխարհ արժող» յիշատակներ ստեղծել:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?