Հայասէր Բարերարուհի Էլիզապէթ (Մամա) Գիւնցլերի Մահուան Առիթով
13 օր առաջ, յունուար 17-ին, Շմլանի մէջ, 93 տարեկան խոր ծերութեան մէջ իր մահկանացուն կնքեց Էլիզապէթ (Մամա) Գիւնցլեր կողակիցը զուիցերիացի ծանօթ հայասէր, հանգուցեալ Եագուպ (Փափա) Գիւնցլերի:
Տարագրութիւն տեսած ո՞ր հայուն ծանօթ չէր այս ազնուասիրտ ու բարեսէր կնոջ անունը, որ աւելի քան 50 երկար տարիներ (1912-էն սկսեալ, Ուրֆայի մէջ), իր ամուսնոյն հետ պահապանը եղաւ հայ որբերուն, այրիներուն եւ կարօտեալներուն, կերակրեց զանոնք, խնամեց, պաշտպանեց եւ, մանաւանդ, եռանդ ու քաջութիւն տուաւ անոնց հա՛յ ապրելու, հա՛յ մնալու:
Կարելի՞ է միթէ մոռնալ Եագուպ եւ Էլիզապէթ Գիւնցլերի հայասէր ամոլին քաջարի յանդգնութեամբ կատարած գործը` 1918-ին, Ուրֆայէն, Խարբերդէն, Տիգրանակերտէն 8 հազար որբեր հաւաքելով, զանոնք տեղափոխել եւ հաստատել Սուրիա եւ Լիբանան:
Կարելի՞ է միթէ չյիշել, 1922-ին, անոնց նախաձեռնութեամբ եւ միջոցառումներով, Ղազիրի մէջ որբանոցի մը հիմնումը` 1400 հայ որբուհիներու համար: Տարի եւ ետք, 1923-ին, Ժիւնիի կուրանոցը եւս փոխադրուելով Ղազիր` յանձնուեցաւ անոնց խնամքին:
Կարելի՞ է միթէ չյիշել Պուրճ Համուտի մէջ աղքատ եւ ընչազուրկ 25 հազար հայ գաղթականներուն համար անոնց կատարած շինարարական գործը:
Արդարեւ, անոնց աշխատանքով եւ ղեկավարութեամբ, 1910-1930, Զուիցերիական հայասէր միութեան օգնութեան գործը նախախնամական բարիք մը դարձաւ Պուրճ Համուտի հայութեան համար: Ամէն օր աւելի քան 2 հազար հոգիի պնակ մը տաք կերակուրի բաշխում, ապա` շուրջ 200 հայ փոքրիկներու համար մանկապարտէզի մը բացում, ուր հայ չքաւոր ընտանիքներու փոքրիկները ոչ միայն ջերմ հոգածութեամբ դաստիարակութիւն ստացան, այլ նաեւ` սնունդ, տեսան խնամք ու մաքրութիւն եւ վայելեցին օդափոխութեան բարիքները:
Ի՞նչպէս չյիշել թիթեղածածկ բնակարանները քարաշէն տուներու վերածելու անոնց կատարած գործնական ջանքերը:
Տակաւին, բացի հայ ժողովուրդի հանդէպ անոնց տածած մարդասիրական այս մեծ գործունէութենէն, ինչպէ՞ս չյիշել Եագուպ եւ Էլիզապէթ Գիւնցլեր հայասէր ամոլին գրած գիրքերը եւ ստորագրած բազմաթիւ յօդուածները, որոնք լոյս տեսան եւրոպական թերթերու մէջ` Արեւմուտքի ժողովուրդներուն գութը շարժելու, մանաւանդ, անոնց ծանօթացնելու համար թուրք ոճրածին բարբարոսներուն կողմէ հայ ժողովուրդին կրած ահաւոր եւ անմարդկային տառապանքները:
Հայ ժողովուրդը, անշահասէր եւ ծառայասէր այս ազնուասիրտ բարերարներուն իր երախտագիտական զգացումները յայտնեց` արդարօրէն եւ սրտաբուխ արտայայտութեամբ տալով անոնց Փափա եւ Մամա անունանումը:
Իբրեւ վերջին յարգանք` նուիրական պարտականութիւն մը պիտի ըլլայ ամէն հայու` ներկայ գտնուիլ հանգուցեալ Մամայի` Էլիզապէթ Գիւնցլերի նուիրուած յիշատակի հանդէսին, Անգլօ-ամերիկեան եկեղեցիին մէջ, վաղը, չորեքշաբթի, 31 յունուար, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին:
Merry Christmas
Հետագայ գրութիւնը արտագրած ենք նամակէ մը, եւ զայն ստորագրողը գրողի անուն մը չունի: Բայց, ինչպէս կ՛երեւի, գրելու արուեստին բոլորովին անծանօթ մէկը չէ այս նամակագիրը: Եւ արդէն` ի՞նչ է գրելը, եթէ ոչ` տեսնելու, զգալու կարողութիւն մը, այդ ամբողջէն բխած մտածումը հիւմուրով կամ յուզիչ մթնոլորտի մը մէջ հաղորդելու ձեւ մը, որմէ զուրկ չէ այս պատկերը:
Պիտի ուզէինք, «խնդրելու պէս պահանջէինք», որ մեր տղաքը, հոս եւ այլուր, առանց ի պաշտօնէ գրող ըլլալու, այսպէս, այս օրինակով, իրենց ամէնօրեայ տեսածներէն, ապրումներէն ու մտածումներէն բաժին հանէին հայ մամուլին, հայ ընթերցողին:
* * *
Ամերիկացիներու Ծնունդի օրերուն մէկը ինծի հեփի քրիսմըս ըսաւ, ես ալ շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ աւելցուցի.
– Բայց մենք Ծնունդը հիմա չենք տօներ:
Քիչ մը կեցաւ, եւ`
– Հրեա՞յ ես,- ըսաւ:
– Չէ՛, հայ եմ:
Հարուածը ծանր էր կարծեմ: Աչքերը կէս մը գոցեց: Մտածկոտ դէմք մը ստացաւ, հարցումի մը պատասխանը չգիտցող աշակերտի մը պէս, որ այն տպաւորութիւնը կ՛ուզէ թողուլ դէմքի ծամածռութեամբ, որ անշուշտ թէ գիտէ պատասխանը, բայց յիշողութիւնը կը դաւաճանէ իրեն: Տեսաւ, որ ես ալ բան մը չեմ ըսեր, հարցուց.
– Հայը ի՞նչ է:
Ըսի.
– Հայը պտուղ մըն է, որ Թուրքիոյ արեւելեան հողերուն վրայ կ՛աճէր: Մէջ ընդ մէջ թուրքերը կ՛ուտէին եւ կ՛ապրէին անով: Այս դարու սկիզբը այս պտուղին բերքը այնքան համով էր, որ թուրքերը, ինչ որ ձեռքերնին անցաւ, քաղեցին եւ կերան, նոյնիսկ` խակերը: Չուզեցին, որ աշխարհի մնացեալ ժողովուրդը անբաժին մնայ այս համով պտուղէն, եւ, ինչ որ իրենք չկրցան ուտել, արտածեցին աշխարհի չորս կողմը: Մաս մըն ալ ղրկեցին հոս` Ամերիկա: Այս պտուղը հոս իր հարազատութիւնը կորսնցուց, որովհետեւ տարիներու ընթացքին երկրագործական գրասենեակի մասնագէտները զանազան ուրիշ պտուղներով պատուաստեցին զայն:
Դիմացս կեցած` հաւանութեամբ գլուխը կը շարժէր ամերիկացին, եւ եթէ չեմ սխալիր, պտուղի նկարագրութեան ժամանակ քանի մը անգամ ալ թուքը կլլեց:
– Երեւի սուղ պտուղ մը ըլլալու է, որովհետեւ ես սիւփըր մարքէթներու մէջ չեմ տեսած զայն. գիտե՞ս` ո՛ւր կը ծախուի:
– Մէրի քրիսմըս,- պատասխանեց:
ՀՐԱՅՐ ԳԱՊԱԳԵԱՆ