«Աղբալեան» Ակումբի
Բացման Հանդէսը
Հայ ժողովուրդին ամէնէն հրատապ եւ մնայուն հարցը եղած է իր գոյութեան պահպանումը, որովհետեւ ճակատագրի անողոք տնօրինումով հայութեան մէկ խոշոր զանգուածը ստիպուած է միշտ հեռու ապրիլ մայր հողէն եւ հայրենի տունէն: Բայց ազգային գիծը մեր մէջ այնքան շեշտուած է, որ իբրեւ ազգ գոյատեւելու բուռն ձգտումը մեզի տուած է ճակատագրին դէմ պայքարելու ուժը:
Մեր հաւաքականութիւնը ամբողջական եւ մեր դիմագիծը անխաթար պահելու լաւագոյն միջոցը փնտռած ու գտած ենք երեք ազդակներու մէջ` եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ: Արդարեւ, այս երեք հաստատութիւնները ձեռք ձեռքի, առաջին երկուքը դարեր երկար, իսկ վերջինը` յիսնամեակէ մը ի վեր մասնաւորաբար, զիրար լրացնող, մեր ժողովուրդին կենսունակութիւնը սնուցանող եւ զայն ժամանակներու բոլոր տեսակի աւերիչ փոթորիկներուն դէմ պաշտպանող անխոցելի զրահներ դարձած են:
Հայրենիքէն հեռու, մասնաւորաբար մեր ակումբները մեզի համար դարձան ազգային նուիրական յարկեր, որոնց հովանիին տակ ամէն մէկ հայ գտաւ իր գոյութեան ապահովութեան երաշխիքը: Եկեղեցին սիրել սորվեցուց, դպրոցը լեզուն պահեց, իսկ ակումբները հայրենի գուրգուրանքէն զրկուած մեր սերունդներուն ազգային դիմագիծը հարազատ պահեցին:
Գաղթական հայ բազմութիւնները իրենց տեղափոխութիւններուն հետ չմոռցան երբեք ակումբի գաղափարը միասին տանիլ, եւ ուր որ հաստատուեցան, անմիջապէս կազմակերպեցին իրենց ազգային տուները:
Վերջերս Պէյրութէն դէպի Անթիլիաս եւ շրջակայքը հայ ընտանիքներու տեղափոխութեան զօրաւոր հոսանք մը ստեղծուեցաւ: Երէկի աննշան գաղութը այսօր, Ժիւնիէի շրջանին հետ միացած, հարիւրաւոր հայ ընտանիքներու բնակավայր դարձած է: Անթիլիասի մայր տաճարին եւ զոյգ հայ վարժարաններու կողքին, կենսական անհրաժեշտութիւն մը դարձած էր ակումբի մը գոյութիւնը` Ժիւնիէն մինչեւ Նահր Մոթ տարածուած հայութեան համար:
Ահա այդ ակումբին բացումն էր, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի կեդրոնը, անցեալ կիրակի, 21 յունուար 1968, երեկոյեան ժամը 6:00-ին: «Աղբալեան» հրապուրիչ անունով, ճաշակաւոր կահաւորումով նոր ակումբը խուռներամ հրաւիրեալներով լեցուած էր: Ներկաներու դէմքերուն վրայ կ՛արտացոլար իրենց գոհունակութիւնը: Հակառակ փոթորիկին եւ տեղատարափ անձրեւին` շրջանի ամբողջ հայութիւնը եկած էր իր նոր տունը ճանչնալու եւ իր գուրգուրանքը արտայայտելու:
Անթիլիասի Օգն. խաչի, «Աղբալեան» ակումբի վարչութեան եւ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անունով Յովհ. Տ. Յարութիւնեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` ըսաւ. «Այս նոր ակումբը «Աղբալեան» կոչած ենք` մեր շատ սիրելի եւ հանգուցեալ ընկերոջ յիշատակը յաւերժացնելու համար: Կը հաւատանք, որ մեր ակումբները մեր գոյութեան պահպանման մէյ մէկ ամուր կռուաններ են: Ակումբ շինելը գործ մըն է, այո, բայց զայն պահելը աւելի դժուար գործ մը: Մեծ զոհողութիւններով ստեղծուեցաւ այս ակումբը, զայն պահելը եւ տեւականացնելը բոլորիս նուիրական պարտականութիւնը թող ըլլայ»:
Ապա խօսելու հրաւիրուեցան վաստակաւոր ընկերներ Կոմս եւ Կարօ Սասունի, որոնց «երկու խօսքը» խանդավառութեամբ լեցուց ունկնդիրները:
Ընկ. Կոմս ուրախութիւն յայտնելէ ետք, իր մէկ սիրեցեալ ընկերոջ անուան յիշատակին առիթով խօսելուն համար, շեշտեց ակումբներու օգտակարութիւնը: Բաղդատութիւն մը ըրաւ այսօրուան ակումբներուն միջեւ, որոնք զբօսավայրեր եղած են միայն: Արտասահմանի հայ ակումբներու հիմնադիրը եւ տարածիչը որակեց Ն. Աղբալեանը եւ սրտագին շնորհաւորեց նոր ակումբը:
Ընկ. Կարօ Սասունի մերժելէ ետք «երէց ընկեր» որակումը, իսկական երիտասարդի մը ոգիով եւ խանդով վեր առաւ Անթիլիասի եւ Ժիւնիի շրջանին համար նոր ակումբին խիստ օգտակար դերը եւ վերջացուց հետեւեալ խօսքերով. «Այս ակումբները ցայտուն փաստեր են որ մարդիկ կրնան բռնագրաւել մեր հողերէն մաս մը, բայց չեն կրնար տիրել մեր հոգիներուն: Կրնան Արարատի փէշերուն հասնիլ, բայց Մասիսը կը մնայ ըմբոստ եւ հայ»:
Ընկ. Սասունի նաեւ շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց ակումբի վարչութեան:
Հայ Օգն. Խաչի Շրջանային վարչութեան անունով տիկին Արծրունի քանի մը խօսքով Օգն. Խաչի գործունէութիւնը դրուատեց եւ կոչ ուղղեց իգական սեռին զօրավիգ ըլլալ կանացի այս կազմակերպութեան:
Ակումբ մը իրագործելը անշուշտ շատ հեշտութեամբ կարելի չէ: Բայց մեր ակումբները իրենց հոգեկան թէ ֆիզիքական սնունդը կը ստանան մեր ժողովուրդէն, եւ այս իրողութեան լաւապէս գիտակից ամէն հայ սրտաբուխ կու տայ իր ունեցածը, ինչպէս իր տան, այնպէս ալ` իր ակումբին համար: «Աղբալեան» ակումբը կարելի եղաւ ստեղծել անսահման զոհողութիւններու գնով գործօն մարմիններու եւ լիաբուռն մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդին: Առանձնապէս շնորհաւորելի են Անթիլիասի Օգն. խաչի վարչութիւնը, «Աղբալեան» կոմիտէն, ակումբի վարչութիւնը եւ իր ժրաջան ատենապետը` Սարգիս Պէրպէրեան:
«Ազդակ»-ի յաջորդ թիւերուն մէջ հանրութեան կը ներկայացնենք նուիրատուներուն ցանկը եւ «Աղբալեան» ակումբի գործունէութեան ծրագիրը:
ԹՂԹԱԿԻՑ