Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները
«ԼԸ ԺՈՒՐ» ֆրանսատառ թերթին խմբագրապետը` Էտուար Սաապ, որ ծանօթ անուն մըն է արաբական հրապարակագրութեան մէջ, վերջերս ստորագրեց յօդուածաշարք մը` Լիբանանի քաղաքական կուսակցութեանց մասին:
Փաղանգաւորներու, Տեսթուրիներու, Ընկերվարական յառաջդիմականներու, Ազգային Ազատականներու, Ազգային պլոքի, համայնավարներու եւ կարգ մը այլ շարժումներու մասին արտայայտուելէ ետք, շաբաթ օրուան թիւով Էտուար Սաապ յօդուած մը յատկացուցած է հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն: Ստորեւ կու տանք այդ յօդուածը, ամբողջականօրէն:
Լիբանանի հայ կուսակցութիւնները առանձինն արժանի են ամբողջ հատորի մը: Ամէնէն քիչ ճանչցուած են ու գուցէ` ամէնէն աւելի կազմակերպուածները, ամէնէն գաղափարապաշտներն ու ներգործօնները: Զուտ լիբանանեան գետնի վրայ անոնք կը բերեն այնպիսի մեծ նպաստ մը, որ վտանգաւոր է զանոնք անգիտանալ: Երեք կուսակցութիւն են. Հնչակեան` հիմնուած 1887-ին, Դաշնակցութիւն, Ռամկավար` 1908-ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ խորհրդարանական վարչակարգի մը հաստատումէն ետք: Այս երեք կուսակցութիւնները ծնունդ առած են նոյն գաղափար-ուժէն, որ կը համապատասխանէր պատմական պահանջի մը: Անոնց նպատակն էր պայքարիլ օսմանեան տիրապետութեան դէմ կամ սահմանափակել անոր աւերները: Այդ պատճառով ալ 1885-ին առաջին փորձ մը եղաւ միացնելու հայ յեղափոխական կամ բարենորոգչական բոլոր կազմակերպութիւնները: Եթէ այս փորձը լիովին չյաջողեցաւ, ծնունդ տուաւ, սակայն, կարեւոր համախմբումի մը, որ ստացաւ Հայ յեղափոխականներու դաշնակցութիւն կամ Դաշնակցութիւն անունը:
Այս կուսակցութեան հիմնադիրներն են Քրիստափոր Միքայէլեան, Ռոստոմ եւ Զաւարեան: Անոնք Հնչակեան կուսակցութենէն կը տարբերէին հիմնական երկու սկզբունքներով, որոնք կը կազմէին իրենց դաւանանքը: Առաջինը` այն, որ Դաշնակները բարենորոգչական էին եւ ազգայնական: Անոնց գործունէութիւնը դուրս չէր գար զուտ հայկական շրջանակէն: Կը պայքարէին իրենց ժողովուրդի կեանքի մակարդակին բարձրացման համար եւ, իրենց պատմութեան այդ փուլին մէջ, ո՛չ անկախութիւն կ՛ուզէին եւ ո՛չ ալ նոյնիսկ ինքնավարութիւն: Պարզապէս կ՛ուզէին իրենց ինքնուրոյնութիւնը պաշտպանել Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ այս` շնորհիւ սահմանադրութեան մը, զոր ի զուր կը փորձէին պահանջել Բարձրագոյն դուռէն: Իրենց ծրագրին մէջ Հայաստանի կամ անոր անկախութեան մասին խօսք չկար: Առ առաւելն, օսմանեան իշխանութիւններէն կը պահանջէին քանի մը բարենորոգումներ, մասնաւորաբար վարչական ապակեդրոնացումներու վերաբերեալ` ի նպաստ հայկական նահանգներուն:
Հնչակեանները տարբեր ուղղութիւն մը կը բռնեն: Կը յարին սոցիալ-դեմոկրասիին եւ իրենք զիրենք մարքսիստ կը դաւանին: Անոնք զուտ հայկական ծրագիր կամ դաւանանք չունէին: Մաս կը կազմէին համայնավար հակում ունեցող Երրորդ միջազգայնականին:
Կարելի չէ ասկէ հետեւցնել, թէ դաշնակները ծայրայեղ աջակողմեաններ են: Երբեք անտարբեր չըլլալով հանդերձ ընկերվարական հոսանքներուն հանդէպ, որոնք սկսած էին խռովել Եւրոպան, իրենց գործունէութեան առանցքը կը կազմէր, սակայն, ազգային պայքարը: 1895-ին արդէն, կը փորձեն իրենք զիրենք պարտադրել իբրեւ հայեր, որոնք վճռած են պահել իրենց ինքնութիւնը եւ ազգութիւնը այն խայտաբղէտ աշխարհին մէջ, որուն վերածուած էր Օսմանեան կայսրութիւնը: Այդ պատճառով ալ կը դիմեն մարտական արարքներու: Կուսակցական տարրեր կը գրաւեն Պոլսոյ Օսմանեան դրամատունը եւ իշխանութիւններուն կը սպառնան օդը հանել շէնքը, ուր փակուած էին ուժանակի կարեւոր քանակութեամբ մը, ինչպէս նաեւ` մեծափարթամ մայրաքաղաքին ամբողջ կեդրոնը, եթէ ընթացք չտրուի Դաշնակցութեան պահանջած բարենորոգումներուն: Օտար դեսպանատուները յուզումի կը մատնուին եւ կը միջամտեն ի նպաստ «անօրէն»-ներուն: Զանոնք կ՛առնեն իրենց դեսպանատուներուն մէջ` իբրեւ քաղաքական տարագիր, եւ իշխանութիւններէն ձեռք կը բերեն տարտամ խոստում մը` ի նպաստ հայ ժողովուրդին: Ոչ մէկ արդիւնք: Դաշնակցական մարտիկները ֆրանսական եւ անգլիական նաւերով կը հեռանան Թուրքիայէն, բայց նոյն օրը իրենց հայրենակիցներէն շատեր կը ջարդուին Պոլսոյ հայկական թաղին մէջ:
Տասը տարի ետք դաշնակցականները սուլթան Ապտիւլ Համիտի դէմ կը կազմակերպեն մահափորձ մը, որ կը ձախողի: Նոյն ատեն, կուսակցութիւնը կը շարունակէ, սակայն, իր զուտ քաղաքական գործունէութիւնը: Անոր տեսաբանները, որոնք այդ օրերուն կը գտնուէին Փեթրոկրատ, կ՛ազդուին յառաջդիմական գաղափարներէ, որոնք կը սկսին միտքերու մէջ ծնունդ առնել ցարական վարչակարգին դէմ: Ցարը կը նոյնացուի սուլթանին հետ եւ Դաշնակներն ու Հնչակները կը մղեն գրեթէ զուգահեռական պայքար մը` իրենց ժողովուրդը ազատելու համար օսմանեան լուծէն: Դաշնակները, կայսրութեան գործերուն հանդէպ առաւել հետաքրքրութեամբ մը, կը գործակցին Իթթիհատ բարենորոգչական կուսակցութեան հետ` պահանջելու համար խորհրդարանի մը հաստատումը: Նոյն օրերուն, 1907 թուականին, հայկական նոյն կուսակցութիւնը գաղտնի խօսակցութիւններ կ՛ունենայ արաբ ազգայնական կուսակցութիւններուն եւ լիբանանցի կամ սուրիացի անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս` էմիր Շեքիպ Արսլան եւ Սաատալլա Էլ Ճապրի: Որոշ ատեն մը կայսրութիւնը կ՛օժտուի Օրէնսդիր ժողովով մը, բայց ժողովը շուտով կը լուծուի սուլթանին կողմէ, եւ անոր գլխաւոր ղեկավարները կ՛աքսորուին:
Վրայ կը հասնին 1914-1918 պատերազմին մռայլ տարիները: Սով, ջարդ եւ տարագրութիւն: Հայեր, արաբ ազգայնականներ եւ լիբանանցիներ դժբախտութեան մէջ կը միանան իրարու: Պատերազմի վերջաւորութեան, երբ կը սկսի Հայոց ցեղասպանութիւնը, անոնք կ՛ապաստանին Սուրիա, Իրաք եւ Լիբանան, ուր արաբական ասպնջականութիւնը անգամ մը եւս կու տայ իր փաստը: Նոյն շրջանին, 1918-ին, այլ դէպքեր կու գան կերպարանափոխելու շրջանին քարտէսը: Խորհրդային յեղափոխութիւնը, որ երկրին մէջ ամբողջութեամբ կլանուած էր համայնավարութեան հաստատումով, կը փորձէ լեզու գտնել «դուրս-ի իր բոլոր թշնամիներուն հետ: Կը լքէ Անդրկովկասը, որուն հողամասը կը բաժնուի անջատ պետութիւններու՝ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի անկախ հանրապետութիւններուն: Երիտասարդ պետութիւնները կը կազմակերպուին եւ կ՛ուզեն պաշտպանուիլ նոր արշաւանքի մը դէմ: 28 մայիս 1918-ին Հայաստանի անկախութիւնը կը հռչակուի Երեւանի մէջ, ու դաշնակցականները, բացարձակ մեծամասնութիւն կազմելով հանդերձ, կը գործակցին հնչակեաններու եւ ռամկավարներու հետ: Այս վերջին կուսակցութիւնը հիմնուած է 1908-ին, Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական վարչակարգ հաստատուելէ ետք: Անոր չափաւոր ծրագիրը հիմնական մէկ սկզբունք ունի` պահպանել խորհրդարանական վարչակարգը, թագաւորութեան հանդէպ բացարձակ յարգանքով:
Անկախ Հայաստանը պիտի չկարենար իր սեփական թեւերով թռչիլ: Շատ տկար է, շատ ախորժակներ կը սրէ իր դրացիներուն մօտ, որոնք կը հարուածեն զինք հիւսիսէն եւ հարաւէն: Արեւմտեան դաշնակիցները զայն իր ճակատագրին կը ձգեն, հակառակ անոր որ խոստացած էին օգնել` Հայաստանի ամրապնդման եւ բարգաւաճման: Մուսթաֆա Քեմալի թուրքերը առիթը շատ գեղեցիկ կը նկատեն` 1920-ին գրաւելու համար երկրին մէկ մասը: Հայ ազգայնականները երկու կրակի մէջ են: Բայց Մոսկուա անոնց կը խոստանայ մեղմ վարչակարգ մը եւ ճանաչում` իրենց իրաւունքներուն, եթէ իշխանութիւնը յանձնեն հայ համայնավար կուսակցութեան: Փուճ խոստում: Տարի մը ետք հայերը կ՛ապստամբին: Անգամ մը եւս դաշնակցականները կը տիրանան իշխանութեան: Բայց միայն վեց շաբաթ կը մնան… Հայաստան մինչ այդ խորհրդայնացած էր եւ համայնավարացած: 20.000 շարքայիններ, իրենց ընտանիքներուն հետ, կը բռնեն տարագրութեան ճամբան եւ կը սկսին ապաստանիլ Իրան:
Կուսակցութիւնը չի դադրեցներ, սակայն, իր պայքարը, գլխաւորաբար` համայնավարութեան դէմ: Կը պարտաւորուի փոխել իր դիրքը: Կը շարունակէ պահանջել Հայաստանի անկախութիւնը եւ անոր վերամիացումը, կը պահէ իր ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրը, բայց հիմնովին հակառակ կը մնայ համայնավար բռնատիրութեան եւ կամայական իշխանութեան: Նոյն ատեն, կ՛իւրացնէ օրուան պահանջներուն համապատասխան այլ սկզբունքներ, քանի որ կը ստանձնէ բարոյական պատասխանատուութիւնը ի սփիւռս աշխարհի տարածուած հայկական գաղութներուն` Միացեալ Նահանգներու, Արժանթինի, Պրազիլի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Իտալիոյ եւ Իրանի մէջ: Դաշնակցականները չեն ուզեր միջամուխ ըլլալ այդ երկիրներու ներքին քաղաքականութեան: Հայկական համայնքներէն կը պահանջուի շաղուիլ զիրենք որդեգրող բոլոր շրջանակներուն հետ: Բայց այս հաստատուն եւ ամէն փորձութեան դիմացող օրինապահութեան փոխարէն` կ՛աշխատին պահել իրենց լեզուն եւ մշակոյթը: Յաճախ կը պատահի, որ գործակցին համայնավարութեան դէմ պայքարող ազգային կուսակցութիւններու հետ: Հայու մը միտքէն երբեք չ՛անցնիր արիւնի կամ կրօնի խտրութիւն մը դաւանիլ կամ զոյգ հպատակութիւն մը արժեցնել, ինչպէս պարագան է հրեաներու ջախջախիչ մեծամասնութեան: Իբրեւ սկզբնակէտ` դաշնակցականները կը մերժեն որեւէ կեցուածք, որ կ՛արգիլէ իրենց միախառնուիլ մարդկային ընտանիքին` ազգային կամ միջազգային: Աշխարհի մէջ չկայ ժողովուրդ մը, որ հայուն չափ յաջողած ըլլայ պահել իր ինքնութիւնը` նոյն ատեն շաղուելով զինք ընդունող ժողովուրդին եւ ընկերութեան հետ:
Բայց Լիբանանի մէջ է, որ դաշնակցականները դուրս կու գան իրենց «գաղափարական վերապահութենէն»` գործնապէս սատարելու համար պետութեան կերտումին եւ լիբանանեան ազգին ամրապնդման: Կուսակցութեան դաւանած արժէքներուն նուիրակարգին մէջ Հայաստանի անկախութիւնը եւ Լիբանանի անկախութիւնը նոյն աստիճանին վրայ կու գան: Կուսակցութիւնը կ՛աշխատի նաեւ աշխարհի հայկական բոլոր գաղութները հետաքրքրել Լիբանանով եւ այս երկրին գոյատեւումով:
Գալով դաշնակցականներու կազմակերպական դրութեան` գրեթէ գաղտնի է: Ոչ թէ անոր համար, որ կ՛ուզէ, ինչպէս կը կարծեն, օտարներէն կամ կարգ մը տէրութիւններու տեղեկատուութեան սպասարկութիւններուն հետաքրքրութենէն հեռու մնալ, այլ այդ գաղտնապահութիւնը հետեւանք է պարզապէս այն իրողութեան, որ կուսակցութիւնը կը մերժէ հանդիսանալ անջատ հաւաքականութիւն մը, որ կ՛ապրի ազգային կեանքին լուսանցքին վրայ եւ հրահանգներ կամ պատուէրներ կը ստանայ դուրսէն: Ընտրուած շրջանային կոմիտէ մը կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր երկրի շարքայինները: Պետ չկայ, այլ` հաւաքական ղեկավարութիւն: Օրինակ, Լիբանանի մէջ յաճախ կարծուեցաւ, որ Մովսէս Տէր Գալուստեան Դաշնակ կուսակցութեան ներկայացուցիչն է եւ իր ուզածին պէս կրնայ վարել զայն: Իրականութեան մէջ ան կուսակցութեան երեսփոխանն է խորհրդարանին մէջ, երեք այլ համակիրներու կողքին. Սուրէն Խանամիրեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Անտրէ Թապուրեան: Մովսէս Տէր Գալուստեան նոյն ատեն ընտրեալ անդամ է Լիբանանի վարիչ կոմիտէին:
Բրգաձեւ այս կազմակերպութեան գագաթը կայ ութ կամ տասներկու անդամներէ բաղկացած գերագոյն կոմիտէ մը, որուն մէկ մասը ամէն չորս տարին անգամ մը կ՛ընտրուի կուսակցութեան համագումարին կամ պատգամաւորականին կողմէ: Այս ժողովին սփիւռքի երկիրներու բոլոր մասնաճիւղերուն կեանքին վերաբերեալ ծրագիրները կը վերլուծուին` հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն համապատասխան: Շրջանային կոմիտէի մը մէջ, կարգ մը պառակտումներու կամ գաղափարական տարակարծութիւններու պարագային, կրնայ պատահիլ, որ Գերագոյն կոմիտէն ձեռք առնէ տուեալ երկրի մը մասնաճիւղին վարչութիւնն ու քաղաքականութիւնը:
Է. Ս.