50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (23 Ապրիլ 1969)

Խմբագրական Փառատօն Յիսամեակը եղաւ անկիւնադարձ: Չորս տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդը բոլորովին տարբեր ապրումներ ունի իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն սեւ թուականին հանդէպ, տարբեր մօտեցում, որ կը բխի ազգային գիտակցութեան գերագոյն ըմբռնումէ մը: Մեծ եղեռնէն յիսունեւչորս տարի ետք, այսօր, հիմնովին տարբեր է պատկերը ժողովուրդի մը, որուն համար ամէնէն դժխեմ ճակատագիրը նախատեսած ու ծրագրած էր թշնամին: Իր լինելութեան մէջ եղող, վերածնող հայութիւն մը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, նուիրական Դատի մը անտեղիտալի պահանջատէր` իր ծոցին մէջ կը ծաղկեցնէ բոլոր այն առանձնայատկութիւնները, որոնք դարերով կանգուն պահած են զինք` հակառակ մահուան խորշակներուն: Ունինք մանաւանդ երիտասարդութիւն մը, որ գիտակցելով հանդերձ հիներու ապրումներուն, կը պարզէ բոլորովին այլ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Ապրիլ 1969)

Արժէքաւոր Հրատարակութիւն Մը «Ցուցակ Ձեռագրաց Մշոյ Սուրբ Առաքելոց- Թարգմանչաց Վանքի Եւ Շրջակայից» «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական մատենաշարով լոյս տեսնող հայագիտական հրատարակութիւններուն մէջ իրենց արժէքով ու նշանակութեամբ յատուկ տեղ կը գրաւեն հայ ձեռագրական մշակոյթին գանձերը ներկայացնող ձեռագրացուցակները: Պարագայ մը եւս արժէքաւոր կը դարձնէ վերոյիշեալ ցուցակները. ասոնց մէջ, աշխարհի զանազան ձեռագրատուներու մէջ գտնուող մատեաններէն զատ, նկարագրուած են այն հաւաքածոները, որոնք ոչնչացած են կամ անհետ կորսուած են Ա. Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ: Արդարեւ, ժամանակին կազմուած այդ ցուցակները դէպքերու բերումով փրկուած են կորուստէ եւ այսօր կը ներկայացուին հանրութեան: Հրապարակի վրայ է մեծարժէք հրատարակութիւն մը եւս` «Ցուցակ ձեռագրաց Մշոյ Ս. Առաքելոց-Թարգմանչաց վանքի եւ շրջակայից» աշխատութիւնը, որ լոյս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1969)

Ժողովուրդին Դերը Մշակոյթի Կառուցման Մէջ Մշակութային արժէքները գործն են որոշ թիւով ընտրեալներու, որոնք տաղանդ ունին եւ` ստեղծագործելու ներքին կրակ: Այս պատճառով ալ խօսիլ ժողովուրդի մը հոգեմտաւոր հարստութեան մասին` կը նշանակէ խօսիլ առաւելաբար անոր հանճարեղ զաւակներուն ձգած ժառանգութեան մասին: Ժողովուրդ մը արդարօրէն հպարտ է իր մեծ արուեստագէտներով, գրագէտներով, բանաստեղծներով եւ գիտնականներով, որովհետեւ անոնք են հեղինակները այն լաւագոյնին, որ կը դիմանայ դարերուն եւ կը յաւերժացնէ նաեւ ազգի մը ինքնուրոյն գոյութիւնը: Ո՞ր չափով, սակայն, ժողովուրդը ինքը մասնակից է մշակութային հարստութիւններու իրագործման: Ուրիշ խօսքով` ի՞նչ է դերը լայն զանգուածներուն հրաշածնունդ ստեղծումներու այս ընթացքին մէջ: Մշակոյթի ծնունդն ու զարգացումը կրօնական խորհուրդ ունին իրենց մէջ: Ինչպէս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Ապրիլ 1969)

Անտիպ Դրուագ Մը Խրիմեան Հայրիկէն Առածի կարգ անցած է Խրիմեան Հայրիկի առատաձեռնութիւնը: Լեցուն գրպանը Չագմագճըլարէն մինչեւ կամուրջ կը պարպուէր արդէն` աջ ու ձախ բաշխելով: Հայրիկին այս բուխսրտութիւնը այնքան ծաւալ գտած է ժողովրդական խաւերուն մէջ, որ անոր չվերաբերած պարագաներուն իսկ իրեն կը վերագրուին: Բարեբախտութիւնը հոն է, որ աշխարհականի մը անհաշիւ շռայլութիւնը իբրեւ մտային հիւանդի, այսինքն անխելքութիւն կը մեկնաբանուի, իսկ եկեղեցականներուն համար` աւետարանական առաքինութիւն: Ես անձնապէս շատ բան լսած ու կարդացած եմ Խրիմեան Հայրիկի առնչութեամբ եւ հիացած անոր` իր պարզութեանը մէջ վսեմ, ինքնատիպ ոճին վրայ: Ամէնէն աննշան պատմութիւնը իր մասին ինծի սրբազան աւանդութիւն մը կը թուի, այնքան հաւատացած եմ անոր անկեղծութեան եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Ապրիլ 1969)

Խմբագրական  Նոր Ճամբաներու Վրայ Քաջ, իմաստուն, չափաւոր: Այս բառերը գործածուեցան նախագահական նուիրագործումով: Կ՛ուղղուէին վեհապետի մը, որ երկու օր ետք հաստատեց այդ առաքինութիւնները` ներկայացնելով իր հռչակաւոր ծրագիրը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար: Կը բաւէ աչք մը նետել իսրայէլեան մամուլին վրայ` տեսնելու համար, թէ Յորդանանի երիտասարդ վեհապետը հասած է իր նպատակին: Կասկած չկայ, որ արաբ բոլոր ղեկավարներուն մէջ Հիւսէյն թագաւոր ամէնէն վտանգաւորն է սիոնական պետութեան համար: Եւ այս` ոչ թէ Արաբական լեգէոնին պատճառով, որ մեծ կորուստներու ենթարկուեցաւ Վեցօրեայ պատերազմին ու տակաւին չէ վերագտած երբեմնի իր ուժը, մինչ արաբական այլ երկիրներու բանակներ առաջուան չափով ու քիչ մը աւելի սպառազինուած են, այլ որովհետեւ հաշիմական վեհապետը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Ապրիլ 1969)

Նոթեր Ու Նետեր  Քուէարկուներ Թաղապետական քուէարկութիւններ կան Ֆրանսայի մէջ: Տեղ մը կ՛ըսեն. - Մինչեւ հիմակ ձախին տուինք մեր քուէները ու չտեսանք ոչ մէկ բարեփոխութիւն: Ձախերը մեզի ոսկեզօծ դեղահատներ կլլեցուցին մէյ մէկ գաւաթ ջուրով: Չարաչար յուսախաբ ըրին մեզ: Այս անգամ աջը փորձենք: Տեսնենք, թէ ի՞նչ կ՛ըլլայ արդիւնքը: Ձախին ձախորդութենէն կշտացած ենք: Օ՛ն, դէպի աջ: * * * Ուրիշ տեղ մը կ՛ըսեն. - Ցարդ մեր քուէները տուինք աջերուն: Նախ մեծամեծ խոստումներ, ապա ալ աւելի մեծամեծ ոստումներ ըրին: Խաբուեցանք: Այս անգամ փորձենք ձախերը` մեր քուէները անոնց տալով: Յաջողութիւնը աջէն չեկաւ, թերեւս ձախէն գայ: * * * Երրորդ տեղ մը կ՛ըսուի. - Աջերն ալ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Ապրիլ 1969)

Պատանիի Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ, երէկ` կիրակի, 13 ապրիլ, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին Պուրճ Համուտի սինեմա «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատանիի օրուան շքեղ տօնակատարութիւնը` նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ-ի Լիբանանի Պատանեկան միութեանց Կեդր. վարիչ մարմինի: Ներկայ էին ղեկավար ընկերներ: Համակիրներու, ընկերներու երկսեռ հասարակութիւն մը եւ առաւելաբար պատանիներ լեցուցած էին ընդարձակ սրահը: Բեմը զարդարուած էր հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան երրորդութեան մեծադիր նկարներով, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան զինանշաններով, լիբանանեան եւ հայկական եռագոյն դրօշակներով: Հանդէսի ամբողջ տեւողութեան, փոխն ի փոխ, չորս կրտսեր պատանիներ կողմնակի բռնեցին լիբանանեան եւ եռագոյն դրօշները: Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ պատանիներու եւ ներկաներու կողմէ յոտնկայս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Ապրիլ 1969)

Խմբագրական  Պատանիին Օրը ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հովանաւորութեամբ, վաղը` կիրակի, պիտի տօնուի ՊԱՏԱՆԻԻՆ ՕՐԸ` նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեանց Կեդրոնական վարիչ մարմինին: Վաղը հաւաքական խանդավառութեան, գաղափարական ներշնչումի օր մը պիտի ըլլայ դաշնակցական պատանիին համար, սրբազան հաղորդումի առինքնող պահերով: Գեղեցիկ է պատանի ըլլալ, այն տարիքը, երբ բոլոր երազներն ու յոյսերը կարելի են, երբ խիզախութիւնը գրեթէ ամէնօրեայ է, յանդգնութիւնը` անբաժան մեր առաջին քայլերէն: Գեղեցիկ է մանաւանդ, երբ պատանիին հոգին կը բացուի գաղափարներու խորհուրդին, երբ հրդեհ կայ իւրաքանչիւր կուրծքի տակ, պայծառ գալիքներու հաստատ հաւատք եւ զանոնք իրագործելու անհրաժեշտ կամք եւ նուիրում: Այսպէս եղան դաշնակցական պատանիները, հայրենի հողին վրայ է, թէ հետագային` աշխարհի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Ապրիլ 1969)

«Բագին» Ամսագրին Ապրիլի Համարը Լոյս տեսաւ «Բագին» ամսագրին չորրորդ համարը: Զուտ գրական բաժինը կը բացուի Արամ Հայկազի «Թոռնուհիս» պատմուածքով, որ գրական սիրուն էջ մըն է` տրուած արագ, վառ եւ աշխուժ ոճով մը: Յ. Գեղարդ ունի այլաբանական խորքով երեք քերթուածներ` «Բանաստեղծը», «Բանաստեղծութիւն», «Բանաստեղծութիւն»: Նուպար Չարխուտեանի «Մահուան կամուրջը» վէպը այս համարով կը ճիւղաւորուի արդէն: Էրզրում ենք, հիմա: Երկու նոր դէմքեր հրապարակ կու գան: Ն. Չարխուտեան, առանց երբեք զգացական ըլլալու, կու տայ Եղեռնի եւ անոր յաջորդող անշնչելի ժամանակաշրջանը. «Պիտի յիշե՛ս, արե՛ւ, այդ անվերջանալի օրերը, այդ անմոռանալի՜ օրերը, որովհետեւ հուրէ դէմքիդ վրայ կը պահես տակաւին արեան բիծերը, որ ժայթքեցան մինչեւ քու բարձրութիւնդ: Եւ դո՛ւն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Ապրիլ 1969)

Այնթապի Հերոսամարտի Տօնակատարութիւնը Այնթապի հայրենակցական միութեան կազմակերպած Այնթապի ինքնապաշտպանութեան 49-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ  Տաճատ արք. Ուրֆալեանի եւ նախագահութեամբ վեր. Մանասէ Շնորհօքեանի, տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 1 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Երեկոյթը սկսաւ դաշնակի վրայ Վ. Գալճեանի նուագած լիբանանեան քայլերգով: Նախագահը բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Հպարտ ենք մեր հայրերով, որոնք եղած են ձեռներէց, ազգասէր, եկեղեցասէր, ուսումնատենչ եւ քաջ: Ուրախ ենք, որ այդ յատկութիւնները աւանդաբար կը շարունակուին ներկայ սերունդին մէջ»: Խօսք առաւ Գրիգոր Պօղարեան` նիւթ ունենալով «Այնթապի տեղը մեր ազգային հերոսամարտներուն մէջ». մէկ առ մէկ անդրադարձաւ զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած հերոսամարտներուն: Յայտնեց, որ «1915-ին ալ Այնթապ պատրաստ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Ապրիլ 1969)

Վեհափառին Մեկնումը Ամերիկա Վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ յունահայոց առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեանի եւ ամերիկահայ թեմի հրաւիրակ, ազգային բարերար Ճորճ Մարտիկեանի, երէկ` երեքշաբթի, 8 ապրիլ, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին, «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան օդանաւով մեկնեցաւ Ամերիկա եռամսեայ հովուապետական այցելութիւն տալու` Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կիլիկեան թեմերու իր ժողովուրդին: Վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանէն պաշտօնապէս օդակայան առաջնորդուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի ներկայացուցիչ, առողջապահութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեանի ընկերակցութեամբ: Օդակայան ժամանումին վեհափառը արժանացաւ զինուորական պատիւներու: Ողջերթ մաղթելու եկած էին` լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, կաթողիկէ հայոց պատրիարքանի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, դրան եպիսկոպոս Գարեգին Սարգիսեանը, վարդապետներ, քահանայ հայրեր, պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Սուրէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Ապրիլ 1969)

Ս. Զատիկը Լիբանանի Մէջ Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս արտակարգ ջերմեռանդութեամբ եւ աւանդական սովորութիւններով տօնեց Ս. Զատիկը: Բոլոր եկեղեցիները, իրենց շրջափակերով, լեցուն էին խուռներամ բազմութեամբը հաւատացեալներու, որոնք ջերմեռանդ երկիւղածութեամբ հետեւեցան Աւագ Շաբթու եւ Ս. Զատկի սրբազան արարողութիւններուն: Աւագ շաբաթ, 5 ապրիլ, ճրագալոյցի ս. պատարագէն ետք, շատեր, իրենց ընտանեկան յարկերէն ներս, մինչեւ ուշ գիշեր տօնեցին Ս. Յարութիւնը: Կիրակի, 6 ապրիլ, Ս. Զատիկ: Դպրաց երգեցիկ խումբեր, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, թաղէ թաղ շրջելով, տպաւորիչ երգեցողութեամբ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» շարականը երգեցին: Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, պատարագեց դրան եպիսկոպոս Գարեգին Սարգիսեան: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Ապրիլ 1969)

Հեռու Մնալ Հայաստանի գիտութեան ազգային ակադեմիան յատուկ մասնաճիւղ մը ունի, արեւելագիտութեան, որուն արաբական երկիրներու բաժնի վարիչը` Ն. Յովհաննիսեան, «Հայ-արաբական բարեկամութիւնը» խորագրով յօդուած մը ստորագրած է «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի այս տարուան փետրուար 19 թիւին մէջ: Ն. Յովհաննիսեան իր նիւթը սկսած է 20-րդ դարու սկիզբներէն եւ ճշգրտօրէն բնութագրած է հայ եւ արաբ ժողովուրդներու հասարակաց թշնամին` սուլթանական կառավարութիւնը: Օսմանեան բռնակալութիւնը, որ իր մականին տակ առած էր նաեւ արաբական երկիրները, նոյն աչքով կը դիտէր հայ եւ արաբ ազատագրական պայքարի դրսեւորումները, կը բանտարկէր , կ՛աքսորէր ազատութեան ծարաւի ծառացողներն ու կախաղաններ բարձրացնելով` կը ծաւալէր իր թրքութիւնը` Հայաստանէն մինչեւ Արաբական թերակղզիին հեռաւոր անկիւնները: Գերութեան եւ տառապանքի մէջ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Ետք (4 Ապրիլ 1969)

Խմբագրական Լաւ Ծրագիր Սխալ Միջոց Պետութիւնը, ըստ երեւոյթին, կը յամառի անուղղակի տուրքերը բարձրացնելու, մասնաւորաբար պենզինի տուրքը մէկ ոսկի աւելցնելու իր ծրագրին մէջ: Որոշուած է նախագիծը ներկայացնել խորհրդարանի ելեւմտական եւ հանրօգուտ շինութեանց յանձնախումբերուն, այլ խօսքով, կառավարութիւնը կը փափաքի պատասխանատուութիւնները բաժնել երեսփոխանական ժողովին հետ: Բնական է, որ այս ոչ ժողովրդական քայլը զայրոյթ պիտի յառաջացնէր ժողովրդային լայն խաւերու մէջ: Քաղաքական հակամարտ հատուածներ, որոնք գրեթէ բոլոր հարցերու մէջ տարակարծիք են ու յաճախ այս երկիրը կրկէս կը դարձնեն ամուլ վէճերու, ներկայ պարագային կը միանան` դատապարտելու համար ծրագիր մը, որ գործադրութեան պարագային, ընկերային ծանր բարդութիւններ պիտի ստեղծէ եւ պատճառ պիտի դառնայ սենտիքայական նոր պահանջներու, որոնք արդէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Ապրիլ 1969)

Հայ Երիտասարդութիւնը Գերագոյն Իտէալ Մը Ունի Աշխարհի երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս բարձր իտէալներու պակասէն կը տառապի: Բարոյական եւ ընկերային տագնապները մեծ մասամբ ասոր հետեւանք են: Երիտասարդները չեն գիտեր` ո՞ր սուրբ դատին համար սպառեն իրենց յորդող ուժերը: Մանաւանդ` այն երկիրներուն մէջ, ուր առատութեան եւ վայելքի եղջիւրներէն արբենալու համար ո՛չ մէկ ճիգ ու զոհողութիւն պէտք է: Հայրենիք, պետական անկախ կեանք, ազատութիւն, դարերէն եկող աւանդութիւններ եւ ժառանգութիւններ, մէկ խօսքով, ունին այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ է երջանիկ ըլլալու համար: Եւ սակայն երջանիկ չեն. դատարկութիւն կը զգան իրենց շուրջ. կեանքը անիմաստ կը թուի: Պատճառը հաւաքական իտէալի մը, սրբազան նպատակի մը պակասն է: Այսինքն` այն հզօր ձգտումը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Ապրիլ 1969)

Ազգային «Գարակէօզեան» Վարժարանի Հիմնարկէքը Բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ կրթութեան նախարար Ժոզեֆ Ապուխաթերի, 28 մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ֆանարի մէջ, նորակառոյց ժողովրդային բնակարաններու կողքին տեղի ունեցաւ ազգային մեծանուն բարերար Լէյլա Գարակէօզեանի նուիրատուութեամբ կառուցուելիք ազգային վարժարանի հիմնարկէքի արարողութիւնը: Ներկայ էին` առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, Սահակ արքեպիսկոպոս, Մեսրոպ եպս. Թերզեան, Գարեգին եպիսկոպոս, առողջապահութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեան, պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, ազգային բարերար Ճորճ Մարտիկեան, ժողովրդային բնակարաններու շինութեան յանձնախումբի անդամներ` Նուպար Դաւիթեան (ներկայացուցիչը` «Գարակէօզեան» հաստատութեան), փրոֆ. Խոսրով Երամեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, կրթական հաստատութիւններու տնօրէններ եւ երեւելի ազգայիններ` իրենց կիներով: Հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարեց...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Ապրիլ 1969)

Հայերէնով Այդ Թերթը... Վիեթնամի Մէջ - Դո՞ւք. դուք կը նմանիք հարստութեան մէջ, հարստութենէն շլացած մարդուն, որ չի գիտեր` ի՛նչ ընէ: Հա՞յ: Կը կասկածիմ` որ զտարիւնն էք ձեր ամէնէն ղապատային բան մը կորսնցուցած է իր իսկութենէն: Պաշտամո՞ւնք հայերէնի կամ հայութենէն եկող որեւէ ինչի հանդէպ: Ո՞ւր է: Տղա՛ս, արժէքը գիտնալու համար ձեր ունեցածին, մի՛ սպասէք` որ զայն կորսնցնէք: Ուրիշ ի՞նչ ըրած ունիք այս օրերուն, եթէ ոչ` տռտռոց, եթէ ոչ` չհաւնիլ, պահանջել աւելին, մի՛շտ աւելին, ամուլ բաղդատականներ ընել ու բանբասանք: Ու այսպէ՛ս: Քիչ մըն ալ շատ ունենալէն կու գան այս բաները: Չե՞ս հաւատար: Քիչ կը մնայ, որ մաղթեմ, որ մեր ժողովուրդը շատ չունենայ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1969)

Հարցերէն Մէկը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բարեկարգութեան առնչակից գլխաւոր կէտերէն մէկը «պատրաստուած» հոգեւորականներու պահանջը եւ համապատասխան միջոցներու փնտռտուքն է: Գոնէ շատերո՜ւ մտքին մէջ այս խնդիրը առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ` իբրեւ հրատապ մտահոգութիւն: Դիտել տանք սակայն, անմիջապէս, թէ այդ «պատրաստութիւն»-ը ըմբռնելու տարբեր ձեւեր եւ չափանիշներ կը նշմարուէին, եւ «յօնք շինած ատեն աչք հանելու» մտավախութիւնը մեզ պէտք է մղէ զգուշ եւ արթուն մնալու: Այս հաստատումը անմիջապէս շօշափելի դարձնելու համար յայտնենք, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնովին տարբեր ակնկալութիւններով պայմանաւորուած է հայ եկեղեցականին «պատրաստութիւնը», Մինչ Արեւելքը կը պահէ իր հայեցիութիւնը շեշտուած կերպով ու իր ազգային աւանդութիւններուն եւ եկեղեցական կառոյցին մէջ չի հանդուրժեր օտարամուտ բարքերու,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Մարտ 1969)

Խմբագրական Ախտաւոր Շրջանակ Ազատ առեւտուրի երկիր, ժամանակէ մը ի վեր, Լիբանան որոշ դժուարութիւններու մէջ կը գտնուի: Կաղացում մը կայ թէ՛ հանրային եւ թէ ՛ անհատական մարզերէ ներս, հետեւանք` արտաքին եւ ներքին ազդակներու, որոնք հաւասարապէս կ՛ազդեն ժողովուրդին վրայ: Հարկ չկայ ըսելու, որ ապրուստը անհամեմատօրէն սղած է: Վերջերս, տեղական պարբերաթերթի մը կողմէ կատարուած մանրակրկիտ քննութեան մը համաձայն, երեսուն տարուան մէջ, 1939-1969, միայն սննդանիւթերը 687 անգամ սղած են: Աշխատավարձերը, սակայն, չեն հետեւիր բարձրացման նոյն ընթացքին: Յիշեալ պարբերականին պատկերաւոր բացատրութեամբ, գիները կը բարձրանան վերելակով, աշխատավարձերը` աստիճաններով: Միւս կողմէ, ըստ աբբայ Լըպրէի եզրակացութիւններուն, Լիբանանի մէջ բնակչութեան հարիւրին հինգը իր մէջ կը բաժնէ ազգային եկամուտին 50...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Մարտ 1969)

«Մարդ Հայերէնէ՞ն Ալ Կը Ձախողի» Երիտասարդ ուսուցիչ մը, որ հայերէն կը դասաւանդէ, առիթով մը իր խոր ցաւն ու ընդվզումը կը յայտնէր հայ լեզուին հանդէպ մեր կարգ մը ծնողներուն ի յայտ բերած արհամարհական վերաբերումին համար: Նորութիւն չէ երեւոյթը, բայց ամէն մէկ խօսուն փաստ ու կենդանի դէպք նոր տագնապ մը կը ստեղծեն մայրենի բարբառին վիճակուող ճակատագրին շուրջ: Ահա մայր մը, որ դպրոց կու գայ հետաքրքրուելու տղուն վիճակացոյցին պարզած տխուր պատկերով եւ հայերէնի ուսուցիչի երեսին կը պոռայ. ¬ Անգլերէնը եւ թուաբանութիւնը հասկցանք բայց մարդ հայերէնէ՞ն ալ կը ձախողի... Ի զուր դասատուն կը բացատրէ, թէ հայ լեզուն եւս իր քերականութիւնը ունի, իր ուղղագրութիւնը, բառապաշարը,...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 10 of 69 1 9 10 11 69

Արխիւներ