Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Ապրիլ 1969)

April 16, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անտիպ Դրուագ Մը
Խրիմեան Հայրիկէն

Առածի կարգ անցած է Խրիմեան Հայրիկի առատաձեռնութիւնը: Լեցուն գրպանը Չագմագճըլարէն մինչեւ կամուրջ կը պարպուէր արդէն` աջ ու ձախ բաշխելով: Հայրիկին այս բուխսրտութիւնը այնքան ծաւալ գտած է ժողովրդական խաւերուն մէջ, որ անոր չվերաբերած պարագաներուն իսկ իրեն կը վերագրուին:

Բարեբախտութիւնը հոն է, որ աշխարհականի մը անհաշիւ շռայլութիւնը իբրեւ մտային հիւանդի, այսինքն անխելքութիւն կը մեկնաբանուի, իսկ եկեղեցականներուն համար` աւետարանական առաքինութիւն:

Ես անձնապէս շատ բան լսած ու կարդացած եմ Խրիմեան Հայրիկի առնչութեամբ եւ հիացած անոր` իր պարզութեանը մէջ վսեմ, ինքնատիպ ոճին վրայ: Ամէնէն աննշան պատմութիւնը իր մասին ինծի սրբազան աւանդութիւն մը կը թուի, այնքան հաւատացած եմ անոր անկեղծութեան եւ սրբութեան: Յափշտակութեամբ կարդացած եմ մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի յիշատակները Հայրիկէն:

Այս մէկը, զոր պիտի կարդաք ստորեւ, վերջերս ինծի պատմեց վաստակաւոր մանկապարտիզպանուհի, այժմ հանգստեան կոչուած Բեբրոնէ Սրուանձտեանց` եղբօր աղջիկը մեծանուն Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցի: Պատմութեանս հեղինակի իրաւունքը իրն է, եւ ես` պարզապէս համեստ վերարտադրող մը:

Խրիմեան Հայրիկ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի վանահայրութեան շրջանին կը մտադրէ Յովհաննէս Մկրտչի ժամանակի ընթացքին խարխլած դամբարանը ներկայանալի վիճակի մը բերել:

Իսկապէս ուխտատեղի որեւէ սրբավայր ուխտի գացողները առաջին անգամ իրենց մոմով ու նուէրով ուղղակի կը դիմեն այն դամբարանը, ուր թաղուած է այդ սուրբը, եւ որուն անունով կառուցուած է ան: Եւ եթէ դամբարան չունի, գոնէ զայն ներկայացնող սուրբին պատկերին առջեւ կը վառեն իրենց մոմերը: Հետեւաբար տեղին էր Հայրիկին փափաքը` զայն վերանորոգուած տեսնելու:

Քանի առիթը ներկայացած է, ձեր գիտցածը ձեզի ծախա՞ծ կ՛ըլլամ, եթէ նշեմ, որ Անատոլուի մէջ երկու նշանաւոր վանքեր կային Ս. Կարապետ վանք անունով: Մին Մուշի Ս. Կարապետը, իսկ միւսը` Կեսարիայինը, Էֆքէրէ աւանին մօտիկը, բլուրի մը կուշտին, գեղեցիկն Արգէոսի դէմ: Մուշի վանքին համար ժողովրդական բանահիւսութիւն մըն ալ շրջան ըրած է բերնէ բերան դարերէ ի վեր:

Սուրբ Կարապետ բարձր է բոլոր,
Կ՛երթայ կու գայ շատ ուխտաւոր:
Թէ ձիաւոր թէ ոտաւոր:

Լաւ գիտեմ նաեւ, որ Կեսարիոյ Ս. Կարապետի Յովհաննէս Մկրտչի դամբարանը գերազանցօրէն սիրուած էր, եւ կարելի էր հպարտութեամբ ցոյց տալ զայն ոեւէ դժուարահաճ զբօսաշրջիկ այցելուի: Իսկ մատուռ-դամբարանի ոսկեթել բանուած վարագոյրը անգնահատելիօրէն թանկարժէք էր: Մթամած տաճարին ձախակողմեան պատին վրայ մարդահասակէն բարձր եւ նոյնքան լայնքով դարակը երբ բացուէր, երեւան կ՛ելլէր մատուռ-դամբարանը, ուր պատարագ կը մատուցուէր որոշ օրերու, եւ ուր արգիլուած էր մտնել կիներուն` անցեալին մէջ իրենց ապաշնորհ սեռակիցը պատճառ դարձած ըլլալով Յովհաննէս Մկրտչի գլխատման: Գուրգուրանքով կը յիշեմ այն օրերը, ուր շապիկ հագած` կը մասնակցէի հոն մատուցուած պատարագներուն: Հեքիաթ կը պատմեմ դժբախտաբար:

Աւելի բան ըսելու ճիգով, շատաբանութեան փշաթելերուն մէջ ինկայ: Մոռցայ, որ Խրիմեան Հայրիկի շատ յուզիչ մէկ դրուագը պիտի պատմէի ձեզի: Ուրեմն, դառնանք մեր բուն նպատակին, քանի ուշ չէ: Հայրիկ ջերմ աւանդապաշտի հաստատամտութեամբ միտքը կը դնէ պատշաճօրէն վերանորոգել դամբարանը, բայց ինչպէ՞ս: Գանձը դատարկ է: Քունը փախած է:

Վերջապէս կ՛որոշէ մօտակայ գաւառներէն հանգանակութեան ձեռնարկել: Ատոր համար, սակայն, հարկ էր Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան արտօնութիւնը: Այդպէս ալ կ՛ընէ: Ա՛լ Աստուած գիտէ, թէ քանի փոխանակուած թղթակցութիւններով կը յաջողի ժապաւինեալ տոմարի դրութեամբ, հանգանակութիւն կատարելու հաւանութիւնը ստանալ վերին իշխանութենէն: Գործին կէսը նուաճուած էր, չէ՞ որ բանի մը սկսիլը կէս ընել է զայն:

Հանգանակութիւնը Էրզրումէն պիտի սկսէր: Ա՛լ ինքը գիտէ, թէ ինչո՞ւ նախընտրութիւնը Կարինի տուած էր: Յետոյ` չենք ալ գիտեր, թէ փոխադրական ի՞նչ միջոցով շունչը Էրզրում կ՛առնէ Խրիմեան Հայրիկ. վանքի գրաստո՞վը, թէ՞ վարձուած ուրիշ միջոցով մը: Իրեն պէս պարզասէր մէկու մը համար ամէն միջոց մէկ էր, մինչեւ իսկ Քրիստոսի նախասիրած կենդանին` Երուսաղէմ մտնելու:

Չար բախտին նայեցէք, որ օրուան առաջնորդը այդ միջոցին հովուական այցելութեան ելած էր գիւղերը: Խրիմեան Հայրիկ պատ մը յուսախաբ կ՛ըլլայ, բայց չի վհատիր: Անպայման հոն մէկը պիտի գտնէր իբրեւ փոխանորդ, կամ` պաշտօնեայ մը, որուն կարենար բացատրել իր այցելութեան նպատակը: Բայց սենեակները գոց էին, մինակ բացակայ բարապանին խուցը կիսովին բաց էր: Խուցին կէս բաց վիճակէն կը հետեւցնէ, որ հաւանաբար անիկա մօտիկ տեղ մը գացած է եւ շուտով պիտի վերադառնայ: Այդ յոյսով դուռը ամբողջ կը բանայ եւ հոն կը սպասէ աթոռի մը վրայ` ղարիպի մը պէս փուշի վրայ նստած երեւոյթով:

Բարապանը կ՛ուշանայ: Ո՞վ գիտէ` որո՛ւ հետ կը շատախօսէր` օգտուելով առաջնորդին բացակայութենէն:

Այդ վայրկեանին, գրեթէ մերկ երեխայ մը գիրկը` աղքատիկ կին մը կ՛երեւայ դրան առջեւ: Կինը Խրիմեանի սքեմէն կ՛ուզէ օգտուիլ, եւ`

– Հայր սուրբ (այն ատեն դեռ վարդապետ է եղեր),- կ՛ըսէ,- կը տեսնես, որ զաւակս գրեթէ մերկ է, ի՞նչ կ՛ըլլայ, օգնութիւն մը ըրէ, որ սա պզտիկս պատսպարեմ:

– Աղջի՛կս, հիմա բան մը չունիմ քեզի տալիք: Ես ալ նորեկ մըն եմ հոս, օգնութեան կարօտ:

Խրիմեան Հայրիկ իր պատասխանէն ինքը կ՛ամչնայ, սրտին մէջ պահ մը քնացած գութի զգացումը մէկէն կ՛արթննայ: Մտքին մէջ կը ծագի լոյս մը, որ զինք պիտի փրկէր խղճահարութենէն: Կնով կը յանձնարարէ դուրսը սպասել վայրկեան մը, դուռը կը փակէ եւ երիտասարդական աւիւնով մը արագօրէն ներքնազգեստին բուրդէ մասը հանելով` թերթի մը մէջ կը ծրարէ ու կինը կանչելով կու տայ անոր: Ասիկա տունդ տար եւ հագուեցուր տղուդ, կ՛ըսէ հայրօրէն:

Կինը, երեխան գիրկը եւ ծրարը անութին տակ, առաջնորդարանի դուռնէն դուրս ելած պահուն վրայ կը հասնի բարապանը: Յանցանքի վրայ գող մը բռնող պահապանի մը պէս կը գոռայ.

– Աղջի՛կ, հոս ի՞նչ գործ ունիս դուն. ի՞նչ է այդ ծրարը. ի՞նչ գողցած ես:

– Քէ մատաղ, ի՞նչ գողութիւն, ներսի հայր սուրբը տուեց ինձ, փոքրիկիս համար:

Աղմուկէն Խրիմեան Հայրիկ դուրս կու գայ եւ կը վկայէ, որ ինքը տուած է այդ ծրարը: Եւ խնդիրը կը փակուի այս կերպով:

Իսկ ինչ կը վերաբերի դամբարանին վերաշինութեան առթիւ կատարուելիք հանգանակութեան ելքի մասին, ատիկա այնքան ալ կարեւոր չէ յօդուածիս առնչութեամբ, որքան` Հայրիկի բուխ սրտին անօրինակ բարութիւնը…:

ԳՈՒՐԳԷՆ ԹՐԵՆՑ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր . Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.