Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Ապրիլ 1969)

Ապրիլ 3, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայ Երիտասարդութիւնը
Գերագոյն Իտէալ Մը Ունի

Աշխարհի երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս բարձր իտէալներու պակասէն կը տառապի: Բարոյական եւ ընկերային տագնապները մեծ մասամբ ասոր հետեւանք են: Երիտասարդները չեն գիտեր` ո՞ր սուրբ դատին համար սպառեն իրենց յորդող ուժերը: Մանաւանդ` այն երկիրներուն մէջ, ուր առատութեան եւ վայելքի եղջիւրներէն արբենալու համար ո՛չ մէկ ճիգ ու զոհողութիւն պէտք է: Հայրենիք, պետական անկախ կեանք, ազատութիւն, դարերէն եկող աւանդութիւններ եւ ժառանգութիւններ, մէկ խօսքով, ունին այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ է երջանիկ ըլլալու համար: Եւ սակայն երջանիկ չեն. դատարկութիւն կը զգան իրենց շուրջ. կեանքը անիմաստ կը թուի: Պատճառը հաւաքական իտէալի մը, սրբազան նպատակի մը պակասն է: Այսինքն` այն հզօր ձգտումը, որ խանդավառութեամբ պիտի գինովցնէր երիտասարդութեան սիրտը:

Հաճոյապաշտութեան կամ անտարբերութեան այս ժամանակաշրջանին մէջ ապրող հայ երիտասարդութիւնը, որքան ալ վարակուի շրջապատէն, չի կրնար ամբողջապէս պարպուիլ իր ժողովուրդին գերագոյն իտէալէն: Մենք անիրաւուած Դատ մը ունինք, մենք բռնագրաւուած հողերու հարց մը ունինք, մենք ամբողջական եւ անկախ հայրենիքի երազ մը ունինք, որոնց լուծումը կախում ունի առաւելաբար հայ երիտասարդութեան բռնած դիրքէն:

Արդ, երիտասարդութիւնը ի սպառ մեռած պիտի ըլլայ կամ հոգեպէս այլասերած, որպէսզի այսքա՛ն հրատապ եւ այսքա՛ն նուիրական ազգային նպատակի մը առջեւ անտարբեր մնայ:

Հայ երիտասարդութիւնը բարեբախտաբար ծագէ ծագ ազգային մեր իտէալի ապրումը ունի իր հոգիին մէջ: Ոմանց ոգեւորութիւնը նուազ է գուցէ, ոմանց հաւատքը` կրօնական ջերմեռանդութեամբ բռնկած, բայց կարեւորը այն է, որ գաղափարներու դիակներով ծածկուած այս դարուն մէջ հայ երիտասարդութիւնը ողջ ու ոգեշնչող գաղափարի մը կը ծառայէ:

Երջանիկ է այն երիտասարդութիւնը, որ ընելիք մը ունի, իտէալ մը կը հետապնդէ: Մեր երիտասարդները այդ երջանիկներէն են:

Հակասութիւն թող չթուի այս խօսքը, երբ ամէն մարդ գիտէ, որ մեր ազգի զաւակներուն չափ դժբախտ տղաք եւ աղջիկներ չծնան աշխարհիս վրայ. հայրենազուրկ, տարագիր, հալածական: Այս դժբախտութիւններէն իսկ կը ծնի ահաւասիկ բարձրագոյն իտէալի մը զինուորագրեալը դառնալու առանձնաշնորհը:

Կը յիշեմ, տարիներ առաջ, օտար պետական անձնաւորութիւն մը, դասախօսութեան մը ընթացքին, խօսքը ուղղելով հայ երիտասարդներուն` ըսաւ.

¬ Երանի ձեզի, դուք մեծ ու սրբազան գործ մը ունիք կատարելիք եւ զոհողութեան ընդարձակ դաշտ մը կը բացուի ձեր առջեւ:

Զոհողութեան այս դաշտը միթէ չունի՞ն այլ ազգերու զաւակները: Ունին անշուշտ, բայց` ոչ այնպէս հրամայական եւ անմիջական ձեւով, որ կը ներկայանայ մեզի: Երբ հայրենիքը կայ իր հողային ամբողջականութեամբ, երբ անոր բարգաւաճ կեանքը կը ծաղկի նորանոր հարստութիւններով, երբ անոր դռները բաց են իր բոլոր զաւակներուն առջեւ, երբ գոյութիւն չունին բռնադատեալ պանդխտութիւններ, այդ պարագային «ծառայութիւնը» կը վերածուի ընթացիկ պարտականութեան մը, որ կը դադրի իտէալ եւ ձգտում ըլլալէ:

Հայ երիտասարդին գերագոյն իտէալն ալ, սակայն, վտանգի տակ է սփիւռքի աշխարհացրիւ տարածքին վրայ: Այն օրը, որ հայու որդին պարպուի իր հայութենէն, պարպուած կ՛ըլլայ նաեւ հայրենանուէր իր գաղափարականէն, ազգային իր ձգտումներէն: Կը դառնայ աշխարհաքաղաքացի, մէկը` այն շատերէն, որոնք կ՛ապրին եսական նեղ կեանքով մը: Հայու անունով եւ օտար հոգիով այն երիտասարդը, որուն նմանակները այնքան խայտաբղէտ եւ արտառոց պատկեր մը կը ներկայացնեն քիչ մը ամէն տեղ:

Հայութենէն եւ անոր գաղափարականէն ուծացած փոքրաթիւ երիտասարդներու փոխարէն` այսօր ունինք Արարատի տեսիլքով ապրող հայ տղոց եւ աղջիկներու ամբողջ բանակ մը, որ հաւատարիմ կը մնայ ազգային ուխտին եւ նորանոր ճամբաներ կ՛որոնէ շարունակ անոր հասնելու համար: Մեծ եղեռնի յիսնամեակին եւ Հայ դատի հետապնդման առթիւ մեր երիտասարդութեան մէջ ստեղծուած վառ հետաքրքրութիւնն ու յուզումի ալիքը ատոր լաւագոյն ապացոյցն են: Փաստը ցոյց տուաւ, որ նոյնիսկ հայ լեզուին կորուստը բաւարար չէ ֆրանսախօս եւ անգլիախօս մեր երիտասարդներու սրտէն խլելու հայրենիքի իտէալը:

Գաղթաշխարհի երկինքին տակ ժամանակը դաշնակից չէ մեզի դժբախտաբար: Ժամանակը եւ օտար բարքերու ներխուժումը հայ հոգին կը քանդեն մասնիկ առ մասնիկ: Ահա թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է աչալուրջ հսկողութիւն մեր երիտասարդութեան դաստիարակութեան վրայ եւ ամէնօրեայ պայքար` ընդդէմ կործանարար ուժերու:

Որպէսզի հայ երիտասարդը իր աչքերը յառած պահէ Արարատին:

Որպէսզի ան գերագոյն իտէալ մը ունենայ իր սրտին մէջ:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մուտք Եւ Ելք` Արցախեան Կարգաւորման Փակուղուց. Գուցէ Դո՞ւրս Գանք Պատրանքներից

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?