Խմբագրական
Ախտաւոր Շրջանակ
Ազատ առեւտուրի երկիր, ժամանակէ մը ի վեր, Լիբանան որոշ դժուարութիւններու մէջ կը գտնուի: Կաղացում մը կայ թէ՛ հանրային եւ թէ ՛ անհատական մարզերէ ներս, հետեւանք` արտաքին եւ ներքին ազդակներու, որոնք հաւասարապէս կ՛ազդեն ժողովուրդին վրայ:
Հարկ չկայ ըսելու, որ ապրուստը անհամեմատօրէն սղած է: Վերջերս, տեղական պարբերաթերթի մը կողմէ կատարուած մանրակրկիտ քննութեան մը համաձայն, երեսուն տարուան մէջ, 1939-1969, միայն սննդանիւթերը 687 անգամ սղած են: Աշխատավարձերը, սակայն, չեն հետեւիր բարձրացման նոյն ընթացքին: Յիշեալ պարբերականին պատկերաւոր բացատրութեամբ, գիները կը բարձրանան վերելակով, աշխատավարձերը` աստիճաններով:
Միւս կողմէ, ըստ աբբայ Լըպրէի եզրակացութիւններուն, Լիբանանի մէջ բնակչութեան հարիւրին հինգը իր մէջ կը բաժնէ ազգային եկամուտին 50 առ հարիւրը, իսկ մնացեալ 95 առ հարիւրը` միւս կէսը: Շահերու այսպիսի տարբերութիւն մը, որ հազուադէպ պարագայ մըն է այլ երկիրներու հետ բաղդատած, կու գայ գէշ հասկցուած եւ նոյնքան գէշ կիրարկուող ազատ տնտեսութեան դրութենէ մը, որ այլ պայմաններու մէջ եւ աւելի լաւ տնօրինումով պիտի կրնար բարերար արդիւնքներ ունենալ լայն զանգուածներուն համար:
Առանց տնտեսական մանրազնին հաշիւներու մէջ մխրճուելու` պարզ իրողութիւն մը կու գայ ցոյց տալու այն սխալ ճամբան, որուն կը հետեւինք իբրեւ պետութիւն: Լիբանանի մէջ, ինչպէս` բոլոր երկիրներու, կան ուղղակի եւ անուղղակի տուրքեր: Ուղղակին այն է, որ կը գանձուի իւրաքանչիւր քաղաքացիէ` համաձայն իր նիւթական շահերուն: Յառաջացեալ երկիրներու մէջ` շահատուրքի գանձումները կը կատարուին գրեթէ անթերի կանոնաւորութեամբ, եւ որեւէ զեղծում պատժելի է ամէնէն խիստ տուգանքներով եւ բանտարկութեամբ: Լիբանանի մէջ ո՛չ միայն այդ գանձումը կանոնաւոր կերպով չի կատարուիր, այլ նաեւ, գանձումի պարագային իսկ, յառաջատուական ընթացք մը չունի:
Դժբախտաբար Լիբանան դարձած է գերազանցապէս անուղղակի տուրքերու երկիր: Տուրքեր, որոնք հաւասարապէս կը գանձուին հարուստէն եւ աղքատէն, տարին միլիոններ շահող մեծ վաճառականներէն եւ հազիւ ծայրը ծայրին բերող եւ օրէ օր բարձրացող գիներու բեռան տակ կորաքամակ աշխատաւորներէն, որովհետեւ գանձումի այս եղանակը աւելի դիւրին է, կը կատարուի ինքնաբերաբար, ամէն անգամ որ գնենք առօրեայ կեանքին անհրաժեշտ ուտեստեղէնը, հագուստը կամ որեւէ առարկայ:
Հիմա կը խօսուի այլ տուրքերու մասին, որոնք պիտի պարտադրուին ժողովուրդին: Ամէնէն յատկանշականը պենզինի նոր տուրքն է, որուն հասոյթով կը խոստացուի Պէյրութ-Թրիփոլի խճուղիին շինութիւնը աւարտել: Կը բաւէ աչք մը նետել լիբանանեան թերթերուն վրայ, անոնց, որոնք ընդդիմադիր են եւ անոնց որոնք չեն, ընդհակառակն` օրինապահ, տեսնելու համար թէ որքա՛ն աղմուկ բարձրացուցած է այս նոր տուրքին մասին եղած յայտարարութիւնը:
Կը կարծենք, որ երկիրը պէտք ունի հանրօգուտ ծրագիրներու իրագործման: Բայց ատիկա պէտք է գլուխ հանուի ոչ թէ նոր տուրքերու ենթարկելով ժողովուրդը, որ արդէն իսկ կը տքայ գոյութիւն ունեցող տուրքերու ծանրութեան տակ, այլ ամբողջական վերատեսութեան ենթարկելով պետութեան ելեւմտական քաղաքականութիւնը, մէկ կողմէ յումպէտս մսխուող գումարները նուազեցնելով, միւս կողմէ` շահագործելով հասոյթի այլ աղբիւրներ, որոնցմէ զուրկ չէ պետութիւնը:
Նոր տուրքերը կրնան ծնունդ տալ ընկերային պահանջներու, որոնց գոհացումը անխուսափելիօրէն պատճառ պիտի դառնայ գիներու նոր բարձրացումի մը, որ առանց ատոր ալ տեղի կ՛ունենայ արդէն` առանց պետական որեւէ հակակշռի:
Ժամանակ է, որ դուրս գանք այս ախտաւոր շրջանակէն եւ որոշ համեմատութիւն մը պահենք գիներու եւ աշխատավարձերու միջեւ, մանաւանդ խուսափինք նոր տուրքերէ, որոնք կասկած չկայ, թէ շատ ծանր պիտի կշռեն իւրաքանչիւր ընտանիքի պիւտճէին վրայ:
Կասկած չկայ, որ հակառակ արտաքին երեւոյթներուն` երկիրը տնտեսական տագնապ մը կ՛ապրի: Ինթրայի փլուզումը, յունիսի պատերազմը եւ այլ պատճառներ, որոնք ընդհանրապէս կապ ունին միջազգային ելեւմտական կացութեան հետ, կասեցուցած են երկրին թափը: Նոր տուրքեր, գիներու նոր բարձրացումներ կրնան ստեղծել աւելի քան անախորժ վիճակներ, որոնցմէ խուսափիլը` պատասխանատուներուն պարտականութիւնն է:
