Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1969)

Ապրիլ 18, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժողովուրդին Դերը
Մշակոյթի Կառուցման Մէջ

Մշակութային արժէքները գործն են որոշ թիւով ընտրեալներու, որոնք տաղանդ ունին եւ` ստեղծագործելու ներքին կրակ: Այս պատճառով ալ խօսիլ ժողովուրդի մը հոգեմտաւոր հարստութեան մասին` կը նշանակէ խօսիլ առաւելաբար անոր հանճարեղ զաւակներուն ձգած ժառանգութեան մասին: Ժողովուրդ մը արդարօրէն հպարտ է իր մեծ արուեստագէտներով, գրագէտներով, բանաստեղծներով եւ գիտնականներով, որովհետեւ անոնք են հեղինակները այն լաւագոյնին, որ կը դիմանայ դարերուն եւ կը յաւերժացնէ նաեւ ազգի մը ինքնուրոյն գոյութիւնը:

Ո՞ր չափով, սակայն, ժողովուրդը ինքը մասնակից է մշակութային հարստութիւններու իրագործման: Ուրիշ խօսքով` ի՞նչ է դերը լայն զանգուածներուն հրաշածնունդ ստեղծումներու այս ընթացքին մէջ:

Մշակոյթի ծնունդն ու զարգացումը կրօնական խորհուրդ ունին իրենց մէջ: Ինչպէս եկեղեցին կանգուն է եւ կենդանի` հոն աղօթելու եկող բազմութիւններու շունչով, այդպէս ալ մշակոյթի տաճարը ջերմեռանդ հաւատացեալներու եւ հիացիկ երկրպագուներու կը կարօտի, որպէսզի շնչէ ու պայծառանայ:

Միայն ծիսակատար հոգեւորականներով եկեղեցին չ՛ապրիր: Խունկը, մոմն ու շարականները ժողովուրդին համար են, անոր ապրումներուն շօշափելի արտայայտութիւնը:

Միայն գրագէտներով ու երաժիշտներով մշակոյթը կը վերածուի թանգարանային ապրանքի, գեղեցիկ ձայնն ու երգը, հմայիչ գիծն ու գոյնը ժողովուրդին համար են, անոր հոգեկան յոյզերուն ներդաշնակ արտայայտութիւնը:

Պէտք է դառնան նաեւ անոր արբեցութեան գինին եւ անոր վայելքին լիառատ սեղանը:

Ժողովուրդը ինքն ալ ստեղծագործութեան իր բաժինը կը բերէ մշակութային գանձարանին` անանուն տաղերու, երգերու եւ պարերու այն գունագեղ բերքով, որուն ամբողջութիւնը ֆոլքլոր կը կոչուի: Ասիկա իր ուղղակի մասնակցութիւն է մշակոյթի ծնունդին եւ արդիւնք` հայրենի բնութեան, հարազատ միջավայրին, աւանդական սովորութեանց ներգործումին:

Մշակոյթի զարգացման մէջ ժողովուրդին անուղղակի դերը աւելի կարեւոր է սակայն: Եւ այս դերը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` կենդանի ներկայութիւն մը եւ բաբախուն սիրտ` իր մեծ տաղանդներուն երկին ու երկունքին դիմաց:

Մշակոյթի անդաստանը, ծաղկուն մնալու համար պէտք է ոռոգուի ընդհանրական սիրոյ ջուրերով:

Իր գրողներէն եւ արուեստագէտներէն կտրուած` իր արժէքներուն հանդէպ անտարբեր ժողովուրդի մը մշակոյթը չի կրնար գոյատեւել եւ հասնիլ նոր նուաճումներու, մանաւանդ երբ ան կը պատկանի փոքր ազգի մը, որուն լեզուն եւ պայմանները թոյլատու չեն համաշխարհային հաղորդականութեան:

Հրճուանք եւ հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթ է մշակութային ձեռնարկի մը մեր բազմութիւններուն խուռներամ ներկայութիւնը: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ սփիւռքի օտար երկինքներուն տակ անգամ հայ մշակոյթի տաճարը իր երկրպագուները ունի, իր հաւատացեալները, որոնք գիտեն կենդանի ապրումի վերածել Նարեկացին ու Քուչակը, Սայաթ Նովան կամ Չարենցը:

Հայութիւնը իր պատմութեան ամէնէն մռայլ օրերուն հոգեկան կապերը չխզեց գիրէն ու գրականութենէն, մագաղաթէն ու մատեանէն: Հայ մշակոյթին կանթեղը միշտ պլպլաց տգիտութեան խաւարին մէջ եւ գիւղացին ծունկի եկաւ պաշտամունքով ձեռագիր Նարեկի մը կամ «Վէրք Հայաստանի»¬ի մը խորհուրդին առջեւ: Պահեց այդ սրբութիւնները իր կուրծքին վրայ եւ իր կուրծքի զրահով ալ պաշտպանեց զանոնք, երբ որ պէտք եղաւ:

Ամէն անգամ որ հեղինակաւոր ձայն մը կը բարձրանայ եւ կը վկայէ, որ հայութիւնը մշակութային ազգ է, հոգեկան արժէքներ կերտող բազմաշնորհ ժողովուրդ, ես կը խորհիմ ո՛չ այնքան լուսապսակ ճակատներու մասին, որքան` տառապած եւ խոնարհ այն բազմութիւններուն, որոնք դարէ դար մշակոյթի ծարաւով ու քաղցով ապրեցան եւ իրենց կեանքի գնով պահպանեցին մեր ձեռագիրները:

Դառնութեան եւ դատապարտութեան խօսքեր ալ չեն պակսիր` նոյն այս ժողովուրդի երեսին նետուած: Նիւթապաշտութեան եւ փերեզակութեան գիծեր ալ չեն պակսիր մեր նկարագրին մէջ: Անուրանալի է սակայն, որ գաղափարապաշտութիւնը աւելի տիրական է եղած, լոյսի եւ ճշմարտութեան որոնումը` աւելի հզօր: Այլապէս հայութիւնը ի վիճակի չէր ըլլար ներկայանալու քսաներորդ դարու հսկայաքայլ արշաւին` իր պատուաւոր դերով եւ դիրքով:

Մշակոյթի մը ներզօր ուժը եւ կենսունակութիւնը պէտք է չափել զայն ստեղծող ժողովուրդին ապրումին զօրութեամբ:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Անուշ Գրիգորեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?