Ազգային «Գարակէօզեան» Վարժարանի
Հիմնարկէքը
Բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ կրթութեան նախարար Ժոզեֆ Ապուխաթերի, 28 մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ֆանարի մէջ, նորակառոյց ժողովրդային բնակարաններու կողքին տեղի ունեցաւ ազգային մեծանուն բարերար Լէյլա Գարակէօզեանի նուիրատուութեամբ կառուցուելիք ազգային վարժարանի հիմնարկէքի արարողութիւնը:
Ներկայ էին` առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, Սահակ արքեպիսկոպոս, Մեսրոպ եպս. Թերզեան, Գարեգին եպիսկոպոս, առողջապահութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեան, պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, ազգային բարերար Ճորճ Մարտիկեան, ժողովրդային բնակարաններու շինութեան յանձնախումբի անդամներ` Նուպար Դաւիթեան (ներկայացուցիչը` «Գարակէօզեան» հաստատութեան), փրոֆ. Խոսրով Երամեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, կրթական հաստատութիւններու տնօրէններ եւ երեւելի ազգայիններ` իրենց կիներով:
Հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարեց վեհափառ հայրապետը: Առաջին հիմնաքարը զետեղեց կրթութեան նախարարը:
Վեհափառ հայրապետը այս առիթով, անգամ մը եւս իր եւ հայ ժողովուրդին շնորհակալութիւններն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց ամերիկահայ ազնուասիրտ բարերար Լէյլա Գարակէօզեանին, որուն մեծագումար նուիրատուութեամբ կարելի եղաւ կառուցանել ժողովրդային բնակարանները եւ ի պատիւ բարերարուհիին` կրթական նոր հաստատութիւնը մկրտեց Ազգային «Գարակէօզեան» վարժարան: Երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ Լիբանանի նախագահ Շարլ Հելուի, կառավարութեան եւ ժողովուրդին:
Նախարար Ժոզեֆ Ապուխաթեր դրուատեց լիբանանահայութեան արժանիքները: Յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը` յատկապէս իր պաշտօնավարութեան ընթացքին միշտ օգտակար ըլլալու շինարար հայ ժողովուրդին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին, աւելի քան երկու ժամ, ներկաները ի տես նորակառոյց գեղակերտ բնակարաններու, ուրախ տրամադրութեամբ, հաճելի մթնոլորտի մը մէջ սիրալիր խօսակցութիւններ ունեցան եւ շնորհաւորեցին վեհափառ հայրապետն ու շինութեան յանձնախումբի անդամները:
Սրբօրէն Բեղուն
Մեր խորագիրը առած ենք Պարոյր Սեւակի գլուխ-գործոցը համարուող «Անլռելի զանգակատուն» հանրայայտ պոէմին նախերգէն, նախերգին առաջին հատուածէն, զոր կ՛արժէ կրկին ու կրկին կարդալ.
Հազար ութ հարիւր վաթսունինն թուին
Հայոց այգիներն ի՞նչ պտուղ տուին,
Հայոց արտերում ի՞նչ բերք էր հասել,-
Դժուար է ասել
Սակայն այդ թուին Մայր Հայաստանի
Արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն:
Այդ թուականին Մայր Հայաստանի սրբօրէն բեղուն արգանդին պտուղներէն Թումանեանի կեանքը մասնակի հատուածներով երգած է Սեւակ, լրիւը բնութագրած է «անլռելի» Կոմիտասը, իսկ մեր արուեստին մէջ շքեղօրէն մարմնացած միւս պտուղներուն մասին որեւէ ակնարկութիւն չէ եղած «զանգակատան» մէջ: Անշուշտ մեղադրանք մը չենք բանաձեւեր բանաստեղծին դէմ: Այդ թուականին աշխարհ եկող բոլոր մեծերուն կեանքը սեւեռելու միտք մը չէ փառասիրած Սեւակ: Կրնար նոյնիսկ զեղչել Թումանեանի բաժինը ու դարձեալ բան չէր պակսեր իր գործէն, մեր իրականութենէն, կը բաւէր յիշել Կոմիտասը միայն, նշել անոր ծննդեան թուականը, ու արդէն ընթերցողը կը համոզուէր, թէ`
Այդ թուին Մայր Հայաստանի
Արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն:
«Բեղունը» առաւել բեղուն էր սակայն: Կոմիտասի ու Թումանեանի հետ աշխարհ եկան եւ ուրիշ մեծութիւններ` Երուանդ Օտեան եւ Լեւոն Շնաթ, թերեւս նաեւ` ուրիշներ որոնց անունները այս վայրկեանին կը վրիպին մեր յիշողութենէն: Իրապէս ուրիշ էր այդ տարին, բնութիւնը բացառապէս շռայլ եղած էր մեզի հանդէպ` օժտելով ծնող երեխան ձայնի ու խօսքի անկրկնելի տուրքերով:
Ու այս տարի հարիւր տարի առաջ ծնած այդ մանուկներուն յայտնագործած մեծագործութիւններուն տօնն է: Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, ամէնուրեք յոբելեաններու տարի հռչակուած է այս տարին, հարիւրամեակներու շարք է, երգի ու երգիծաբանութեան, բանաստեղծութեան ու բեմի ծաւալուն ծիսակատարութիւն:
1968-ին նորէն հարուստ էինք տօնակատարութիւններով: Երեւանի հիմնադրութեան 2750-ամեակը կար, ու Սարդարապատի ճակատամարտով նուիրագործուած Նոր Հայաստանի յարութեան յիսնամեակը, որոնք աննախընթաց խանդավառութիւն մը ստեղծեցին մէն մի հայուն սրտին, աշխարհի մէկ ծագէն միւսը` աւետելով հոգեկան նոր վերածնունդի մը սկիզբը:
Ժողովուրդի մը կեանքին մէջ միշտ հնարաւոր չէ անկիւնադարձ կազմող թուականներու ստեղծումը, նոյնպէս` միշտ չի տրուիր նոր դէմքերու ծնունդ տալու բախտը, թերեւս անհրաժեշտ ալ չեն ատոնք, անհրաժեշտ է սակայն ստեղծուածը, եղածը հաւաքաբար գնահատելու իմաստութիւնը, նախապայման` գալիք յայտնութիւններու:
Պատմութեան նուիրագործուած էջերը եւ մեծապայծառ դէմքերուն յայտնագործած արժէքները գնահատելու մեր ժողովուրդին ցուցաբերած եռանդէն, հազարամեակներու, հարիւրամեակներու, յիսնամեակներու առիթով դրսեւորած իր խօսելու, գրելու, կազմակերպելու աշխուժութենէն կը պարզուի, որ հայ մարդը կը շարունակէ իր պատմութիւնը, կ՛աշխատակցի հայկական լինելութեան:
Կոմիտաս, Թումանեան, Օտեան, Շանթ:
Կարելի՞ է այսօր երեւակայել հայ մշակոյթը` առանց ասոնցմէ մէկուն կամ միւսին, առանց նոյն թուականին ծնած այս մեծագործ խումբին:
«Հորովէլի» հունչ պիտի ըլլայ այս տարի, ու նորէն պիտի արծարծուի հայրենի դաշտերուն կարօտը:
«Անուշ»-ի բառերն ու եղանակները պիտի լսուին ամէն կողմ, եւ բառերուն ու եղանակներուն մէջէն դարձեալ պիտի երեւնայ առհաւական հայ հոգիին պարզութիւնն ու խորութիւնը:
«Կայսրը» կրկին բեմ պիտի գայ ու կայսերական ճոխութեան մը հաղորդակից պիտի դարձնէ մեզ:
Ու հրապարակ պիտի իջնէ «Փանջունին»` իր մաքրագործող շունչով ահաբեկելու համար նոր օրերու Փանջունիները:
Լաւ տարի էր 1869-ը: Գէշ տարի պիտի չըլլայ հաւանաբար մէկ դար ետք եկող նորը: Նորը հաղորդութեան տարի է, ու հաղորդութիւնը Մայր Հայաստանի մայրերուն արգանդը սրբօրէն բեղուն դարձնող զանցառելի պայմաններէն չէ:
Պ. Ս.