Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1969)

Մարտ 30, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարցերէն Մէկը

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բարեկարգութեան առնչակից գլխաւոր կէտերէն մէկը «պատրաստուած» հոգեւորականներու պահանջը եւ համապատասխան միջոցներու փնտռտուքն է:

Գոնէ շատերո՜ւ մտքին մէջ այս խնդիրը առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ` իբրեւ հրատապ մտահոգութիւն:

Դիտել տանք սակայն, անմիջապէս, թէ այդ «պատրաստութիւն»-ը ըմբռնելու տարբեր ձեւեր եւ չափանիշներ կը նշմարուէին, եւ «յօնք շինած ատեն աչք հանելու» մտավախութիւնը մեզ պէտք է մղէ զգուշ եւ արթուն մնալու:

Այս հաստատումը անմիջապէս շօշափելի դարձնելու համար յայտնենք, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնովին տարբեր ակնկալութիւններով պայմանաւորուած է հայ եկեղեցականին «պատրաստութիւնը», Մինչ Արեւելքը կը պահէ իր հայեցիութիւնը շեշտուած կերպով ու իր ազգային աւանդութիւններուն եւ եկեղեցական կառոյցին մէջ չի հանդուրժեր օտարամուտ բարքերու, գործունէութեանց, յարաբերութիւններու կամ նորութեանց, Ամերիկայի մէջ արդէ՜ն իսկ «ջուրը իր ճամբան կը շինէ» դէպի… արդիացում, աշխարհն ու մարդկութիւնը յուզող ընկերային հարցեր եւ անոնց լուծման համար գործնապէս աշխատելու գաղափարը ջատագովելով:

Ականատես «ազատականութեան» շեշտուած շարժումին եւ այն աշխուժ գործունէութեան, որուն լծուած են ամերիկացի եւ օտար եկեղեցականներ, յատկապէս հայ նոր սերունդը կը մտածէ, որ պէտք է բարեշրջուի նաեւ Հայց. եկեղեցին, ու այդ բարեշրջումին դէմ արգելք եւ խոչընդոտ կը նկատէ ազգային սահմաններու մէջ «կղզիացումը»: Կենսականը, կը տրամաբանէ այդ երիտասարդութիւնը, մարդկութեան եւ մարդկային իտէալներու ծառայութեան ըմբռնումն է, եւ ո՛չ թէ` անպայման ազգայինը…

Կարճ հակադիր երկու մտածողութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուինք. եւ որքան ալ պատմականօրէն յստակ ըլլայ Հայց. եկեղեցիի առաքելութիւնը ու հայութեան ընդհանրական կեանքը պահանջէ անխախտ եւ անխոտոր պահել մեր հայկականութիւնը, արեւմտեան աշխարհի ընդհանուր հոսանքը այսպէս կամ այնպէս պիտի ազդէ մտայնութեանց վրայ: Ազդա՜ծ է արդէն… ինչպէս ցոյց կու տան դարավերջին կարգ մը ելոյթներ` ընդ հովանեաւ պատասխանատու հոգեւորական դէմքերու:

Հայկական գաղթաշխարհի կացութեան ծանօթ ոեւէ մարդու համար տարակոյսի առարկայ չի կրնար ըլլալ աւելի քան երբեք Հայց. եկեղեցիի դարաւոր ըմբռնումին կառչած մնալու ստիպողութիւնը: Գիտակից հայ հոգեւորականութեան համար եւս դաւանանք ու հանգանակ է այս համոզումը: Ինչպէս կը շեշտէր Գարեգին եպիսկոպոս (Սարգիսեան), եթէ բարեկարգութիւններ պիտի ըլլան Հայց. եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, նպատակ եւ հիմնական ձգտում պիտի նկատենք հայ ոգիի եւ հայկականութեան պահպանութեան խնդիրը:

Պատրաստուած հայ հոգեւորականութիւնը պիտի մեկնի մեր ինքնութիւնը շատ աւելի զօրեղ կերպով պաշտպանելու մտահոգութենէն. իր ձգտումը պիտի ըլլայ շատ աւելի խոր ու համապարփակ ճանաչումը ունենալ հայութեան, հայ մշակոյթին, հայ եկեղեցական պատմութեան: Մշակութային, կրթական եւ դաստիարակչական մարզերու վրայ իրագործելի կենսական ճիգերու պէտք ունինք, եւ հայ եկեղեցականութիւնը այդ դերին պէտք է լծուի` իբրեւ ոգիի եւ հոգիներու ուսուցիչ:

Եթէ Հայց. եկեղեցին եւ հայ եկեղեցականութիւնը մեր օրերուն կղզիացած են եւ սահմանափակուած, այս տխուր փաստը տուեալ մը չէ ենթադրելու, թէ ա՛յդ եղած է եւ է Հայց. եկեղեցին կամ ա՛յդ եղած է եւ է հայ հոգեւորականութիւնը: Իրողութիւնը այն է, որ մեր օրերուն դասալքութեան եւ թերացումի մէջ ենք` անտեսելով աշխատանքի բոլոր այն մարզերը կամ գործունէութեան դաշտերը, ուր իրենց մտքին արգասիքը եւ հոգիին լոյսը դրած է մեր եկեղեցականութիւնը, անցեալի հոյլը հայ մտաւորականներու: Գրականութիւն, մշակոյթ, արուեստներ, կրթութիւն, նոյնիսկ քաղաքական դատ եւ ազգային գոյապայքարի խնդիր:

Արեւելքի մէջ ըլլայ թէ Արեմուտքի, հայ եկեղեցականութիւնը ամէն բանէ առաջ լրիւ պիտի փորձէ ճանչնալ իր ժողովուրդը եւ պատմութիւնը, անցեալով ու ներկայով: Ո՛չ թէ մակերեսային ու գրքունակ չափերով, այլ` հմտութեան եւ մասնագիտութեան տարողութեամբ: Պիտի փորձէ քրիստոնէական կրօնի ընկերային էութիւնը, բարոյական հիմնական հասկացողութիւնները գործի վերածել հայութեան ընդհանուր կեանքին մէջ: Պիտի փորձէ, վերջապէս, ըմբռնել մարդկութիւնը յուզող բոլոր շարժումները` ընկերային, բարոյական թէ հոգեկան: Եւ թէ յարաբերական նոր պայմաններու բերումով պիտի ստանձնէ նոր պատասխանատուութիւններ, ի վիճակի պիտի ըլլայ յարգանք պարտադրելու իր գիտութեամբ ու կեցուածքով:

Հայց. եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին եւ հայկականութեան անխախտ պահպանումը արգելք մը չէ «պայմաններու պատշաճելու» կարգախօսը շօշափելի գործի վերածելու: Այդ պատշաճեցումը, սակայն, հաշտ պիտի ըլլայ մե՛ր իսկ կեանքին ու պահանջներուն: Նուազագոյն չափով հեռացում, ինքնայատուկ դիմագծութենէ, կամ հրաժարում հայ հոգիի եւ ընդհանուր առումով հայապահպանումի պայքարէն` կ՛այլայլէ նոյնինքն «Հայց. եկեղեցի» իմացումը:

Չենք հաւատար, որ գիտակից հայ եկեղեցականութեան մէջ տարբեր մտածող մարդիկ գտնուին: Եւ եթէ կ՛ըսենք այս բոլորը արագօրէն, նկատի ունինք լոկ այն իրողութիւնը, որ մատի վրայ համրուող արդիամոլներ եւ «ազատականներ» սկսած են չքնա՜ղ կարծիքներ յայտնել հոս ու հոն` իրենց ներկայացող նորափետուր թղթակիցներու եւ լրագրողներու, ազատ բեմ գտնելով անգլիատառ հոլանի թերթերու մէջ…

Եթէ Հայց. եկեղեցւոյ կեանքին մէջ նուիրապետութիւններ գոյութիւն ունին, ու առաջնորդներ եւ եպիսկոպոսներ ի հանգամանէ եւ ի կոչումէ պարտականութիւն ունին անպատասխանատու ելոյթներ խափանելու, ապա ուրեմն պէտք է սանձել մէկ ու միւս աբեղան, մէկ ու միւս վարդապետը եւ քահանան, եւ ի հարկին ականջը քաշել անսաստողներու, ազդարարելով, որ մնան իրենց համեստութեան եւ կարգ-կանոնի սահմաններուն մէջ:

Գումարումը` ծրագրուած «եպիսկոպոսական ժողովը», որուն համար թուական կը նախատեսուի 1969 հոկտեմբերը, ամէն բանէ առաջ պիտի մտածէ լայն բացուած բերանները փակելու եւ հայ եկեղեցականութիւնը անսայթաք ու անխոտոր ճամբու մէջ պահելու ազդու միջոցներուն մասին:

Մ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ամազոնի Մէջ` Նոր Ցեղախումբ Մը Գտնուած Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?