Այնթապի Հերոսամարտի
Տօնակատարութիւնը
Այնթապի հայրենակցական միութեան կազմակերպած Այնթապի ինքնապաշտպանութեան 49-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի եւ նախագահութեամբ վեր. Մանասէ Շնորհօքեանի, տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 1 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Երեկոյթը սկսաւ դաշնակի վրայ Վ. Գալճեանի նուագած լիբանանեան քայլերգով:
Նախագահը բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Հպարտ ենք մեր հայրերով, որոնք եղած են ձեռներէց, ազգասէր, եկեղեցասէր, ուսումնատենչ եւ քաջ: Ուրախ ենք, որ այդ յատկութիւնները աւանդաբար կը շարունակուին ներկայ սերունդին մէջ»:
Խօսք առաւ Գրիգոր Պօղարեան` նիւթ ունենալով «Այնթապի տեղը մեր ազգային հերոսամարտներուն մէջ». մէկ առ մէկ անդրադարձաւ զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած հերոսամարտներուն: Յայտնեց, որ «1915-ին ալ Այնթապ պատրաստ էր զէնքի դիմելու, եթէ Կիլիկիոյ երկու անառիկ բերդերը` Զէյթուն եւ Տէօրթ-եոլ զէնքերը վար դրած չըլլային. այլապէս, Կիլիկիոյ ճակատագիրը կրնար ի նպաստ հայոց բոլորովին տարբեր ըլլալ»:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
Սեդա Թէլեան արտասանեց Վ. Թէքէեանի «Որբերուն ձեռքերը»: Մարիա Պիւլպիւլեան հատուած մը` Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն: Փեփրոնիա Տէր Սարգիսեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սրբուհի Մուրատեանի, մեներգեց «Դարդս լացէք»-ը (խօսք` Աւ. Իսահակեան, երաժշտ. Էտկար Մանաս) եւ «Ինձ մի խնդրիր»-ը (խօսք` Յ. Թումանեան, երաժշտ.` Ա. Մայիլեան):
Սոնիա եւ Հիլտա Մովսէսեան քոյրեր, առաջինը դաշնակի վրայ, երկրորդը ջութակով նուագեցին Ա. Յարութիւնեանի «Էքսբրոմբթ»-ը եւ Կոմիտասի «Կռունկ»-ը:
Վեր. Պարգեւ Տարագճեան իր բանախօսութեան մէջ շեշտեց, որ` «Այնթապի հայութիւնը 1920-ին զէնք վերցուց ոչ թէ իր գոյութիւնը պահելու,- զոր կարելի էր տարբեր միջոցներով ալ ի հարկին պահել, այլ` իբրեւ հայ քրիստոնեայ ապրելու եւ իբրեւ այդպիսին պատուով նահատակուելու: Ժողովուրդին գիտակից այս զոհաբերումը արդիւնք է իր ստացած դաստիարակութեան: Գիտակից դաստիարակութիւնն է, որ բազմութիւնները Աւարայրի իմացեալ մահուան կ՛առաջնորդէ եւ Աւարայրէն վերջին հաշուով յաղթանակներ կը կերտէ»:
Գեղարուեստական հաճելի վայելք մը եղաւ ասմունքող եւ բանաստեղծ Վեհանուշ Թէքեանի երկարաշունչ ասմունքը` Սիլվա Կապուտիկեանի «Մտորումներ» ճանապարհի կէսին» երկէն:
Գրիգոր Ստամպուլեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Վազգէն Գալճեանի, երգեց Իրիկնային Երեւան»-ը (խօսք` Յարութիւնեան, երաժշտ.` Աճեմեան) եւ «Իմ Երեւան»-ը (խօսք` Յարութիւնեան, երաժշտ.` Ա. Բաբաջանեան):
Հանդէսը վերջ գտաւ Այնթապի հերոսամարտի քայլերգի յոտնկայս խմբերգումով եւ Գէորգ Ա. քհնյ. Տէր Յարութիւնեանի «Պահպանիչ»-ով:
Կ. Խ.
Մշակուած Մարդը
– Կէօթէի, Պախի, Վակների ժողովուրդին ու հայրենիքին դէմ մենք գնդակը չենք արձակեր,- ըսին ֆրանսացի կարգ մը մտաւորականներ պատերազմի նախօրեակին ու մերժեցին զօրակոչին ընդառաջել:
Նոյն ճամբաներէն եկած յարգանքին պատճառով էր հաւանաբար, որ գերմանացի բազմաթիւ գրողներ ու արուեստագէտներ բռնեցին նո՛յն դիրքը, չուզեցին փամփուշտ արձակել Տեքարթի, Պոտլերի, Մարսել Փրուսթի ժողովուրդին ու հայրենքին դէմ, մերժեցին ծառայել առհասարակ հիթլերական ռազմապաշտ ոգիին ու խոյս տուին երկրէն բանտարկուեցան յաճախ, անճիտուեցան շատերը կեդրոնացման դաժան ճամբարներու մէջ:
Մտաւորականներու կողմէ որդեգրուած այս դիրքորոշումէն կարելի է անմիջապէս եզրակացնել, որ ազգերու փոխյարաբերութեան ու խաղաղ համակեցութեան մէջ մշակոյթին ու մշակուած մարդոց դերը արհամարելի ազդակ մը չէ եղած սկիզբէն ի վեր, ու պատերազմի թէ խաղաղութեան ատեն սանձարձակ ոճրագործները անոնք եղած են ընդհանրապէս, որոնց հոգին չէ սնած մշակոյթին մանանայով, որոնք զուրկ մնացած են ներքին մշակոյթէ, մշակութային արժէքները ու մարդը իբրեւ գերագոյն արժէք յարգելու գերազանց արժանիքներէն:
Կանխելու կամ թեթեւցնելու համար հոգեկան ամայութեան հետեւող մեծ ու փոքր ամէն աղէտ, մարդիկ դպրոցներ կը հիմնեն, մամուլ ու մատենդարան կը ստեղծեն, ազգերը մշակութային կապեր կը հաստատեն իրարու միջեւ, կը սորվին իրարու լեզուն, կը թարգմանեն մէկը միւսին գլուխ-գործոցները, զարկ կու տան փոխադարձ այցելութիւններու` միշտ նոյն ազնիւ մղումով, սպաննելու համար մարդուն մէջ գազանը, զօրացնելու համար անոր միւս յատկութիւնը, արարչագործ ուժը, հաշտարար, յարգալիր բարեմասնութիւնները, աստուածային էութեան բաղկացուցիչ միւս մասերը:
Այլոց ստեղծած գեղեցկութիւններուն հանդէպ բութ, հոգեպէս խոպան, այլամերժ ու ցեղակրօնութիւնը ծայրայեղ չափերու հասցուցած քանի մը ցաւագարներ ճանչցաւ մեր դարը, ճանցչաւ սուլթան Համիտը, Հիթլերն ու Ստալինը, որոնց արիւնոտ աւանդութիւնները, ի՜նչ խօսք, դեռ կը շարունակուին հոս ու հոն եւ անոնց առաջացուցած մղձաւանջէն բոլորովին բուժուելու համար հաւանաբար մարդիկ դեռ երկար ատեն պիտի սպասեն «բուժող ժամանակին»…
Դառն իրողութիւններուն եւ պայծառ հակադրութիւններու այս թւումը առաջին անգամ չէ, որ կը կատարուի հոս, բայց մէկուն չքացման անհրաժեշտութիւնը եւ միւսին միակտուր ներկայութեան ամէնօրեայ պահանջը ստիպողական կը դարձնեն կրկնութիւնը:
Աշխարհը հարստացնող, գեղեցկացնող, բնակելի՛ դարձնող մարդը ա՛յն է միշտ, մշակուած մարդը, որուն պէտք է տրուի խօսքը, քուէն, պատիւը` կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, մի՛շտ:
Պ. Ս.