Հայերէնով Այդ Թերթը…
Վիեթնամի Մէջ
– Դո՞ւք. դուք կը նմանիք հարստութեան մէջ, հարստութենէն շլացած մարդուն, որ չի գիտեր` ի՛նչ ընէ: Հա՞յ: Կը կասկածիմ` որ զտարիւնն էք ձեր ամէնէն ղապատային բան մը կորսնցուցած է իր իսկութենէն:
Պաշտամո՞ւնք հայերէնի կամ հայութենէն եկող որեւէ ինչի հանդէպ: Ո՞ւր է:
Տղա՛ս, արժէքը գիտնալու համար ձեր ունեցածին, մի՛ սպասէք` որ զայն կորսնցնէք:
Ուրիշ ի՞նչ ըրած ունիք այս օրերուն, եթէ ոչ` տռտռոց, եթէ ոչ` չհաւնիլ, պահանջել աւելին, մի՛շտ աւելին, ամուլ բաղդատականներ ընել ու բանբասանք: Ու այսպէ՛ս:
Քիչ մըն ալ շատ ունենալէն կու գան այս բաները: Չե՞ս հաւատար:
Քիչ կը մնայ, որ մաղթեմ, որ մեր ժողովուրդը շատ չունենայ, կամ ատեն ատեն կորսնցնէ` ունեցածէն, որ խելքը պահէ գլուխը:
Այսպէս ջղային, պոռթկացող մարդը տակաւին երիտասարդ կ՛երեւի` հակառակ ձմրան մուտքին:
Աչքերը մոխիրէն ազատած կրակի կտոր, ձայնը` պոռոզանի պատռտուք: Բարձր, հնչեղ, ինչպէս` պողպատին դպչող պողպատ:
Յարաճուն եռանդով, փաստարկելու համար իր հաստատումները, կը շարունակէ` ձայնը բացառապէս մեղմացնելով.
– Լա՛ւ, հիմա մտի՛կ ըրէ. դուն, որ կը կարծես` գրոց-բրոց ես, քեզի բան՛ պատմեմ:
Ձայնը յանկարծ աւելի կը նահանջէ, ինչպէս` ժայռերուն առջեւ փշրուած ալիք: Տխուր սիւք մըն է` մութէն, խորունկէն եկող:
– Գաղափար ունի՞ս Լեժիոն Էթրանժեր-ի մասին: Աղէ՛կ: Ֆրանսական բանակին մէջ զինուոր էի: Ա՛յդ գումարտակին մէջ: Մեզ Վիեթնամ տարին:
Վիեթնամը այս օրերուն ժողովուրդին աչքին կը ներկայանայ բնականօրէն ինչպէս դժոխք, ուր ռումբերը կը տեղան որպէս մանանայ երկնատուր:
Վիեթնամը իրականին մէջ դրախտ երկիր է: Կանա՛չ: Բնակիչները` բարի պարիկ: Կատակ չեմ ըներ: Այդպէս բարի ժողովուրդ կարելի չէ գտնել որեւէ՛ այլ տեղ: Հիւրասէր, այլասէր: Մարդամօ՜տ:
Գիրքերէն լսածներս չէ որ կը ծախեմ: Օղլո՛ւմ, լա՛ւ մտիկ ըրէ: Աշխարհ տեսած մարդ եմ: Հին լեժիոն էթրանժէակա՛ն…
Հոս, գաւաթէն դուրս յորդող պիրայի պղպջակներուն պէս հպարտութիւնն է, որ ախորժակ կը բանայ:
Ֆրանսական բանակի երբեմնի հայ զինուորը, հին ի՜նչ կարօտներ աչքերուն, արագ կը գտնէ նախկին թաւշային տխրութիւնը: Տխրութիւնը մը, որ կը թարգմանի այսպէս.- ի՜նչ ալ ընեմ, չէք կրնար ըմբռնել զիս: Բայց եւ այնպէս, սկսած եմ, շարունակեմ…
– Ութ տարի մնացի Վիեթնամ: Ութ տարի, որպէս ընկեր ունեցայ ֆրանսացիներ, ալճերիացիներ, իտալացիներ, ինչեր ու ինչեր, սակայն անմիջական մօտիկս` ոչ իսկ մէկ հատիկ հայ: Հայեր կային: Բայց ինկած էինք իրարմէ հեռու տեղեր: Պարագայական հանդիպումները հայ զինուորներու հետ` կը վերածուէին կատարեալ գինարբուքի: Հայերէնի մէջ հայրենի կարօտը կար, հեռաւոր մայրիկը կար, հեռաւոր հարազատ ամէն ինչ:
Այս բոլորը պարապ բաներ են: Գամ հիմնականին:
Այդ օր (ծօ՛ ի՜նչ օր, ի՜նչ օր, միա՛յն գիտնաս) ճահճային շրջանէ մը կ՛անցնէինք: Յանկարծ, Տէ՛ր Աստուած, գետնին վրայ, տղմաթաթախ հայերէն թերթի կտոր մը տեսայ: Վա՛յ օղուլ. միայն կարենաս երեւակայել յուզումս, կարօ՛տս. յափշտակեցի՛ այդ թերթի աղտոտ կտորը: Շուարած աջ ու ձախ նայեցայ: Այստեղ ինչպէ՞ս ինկած էր: Ո՞վ հոս բերած էր հայերէն գիր ու թերթ: Զուր էր ամէն փնտռտուք: Այդ թերթի կտորը տարի, լուացի մեծ ուշադրութեամբ, արդուկեցի եւ դրի ծոցս: Դրամապանակի՛ս մէջ: Դրմապանակի ա՛յն անկիւնը, ուր երիտասարդղներ իրենց նշանածին նկարը կը դնեն:
Այդ մաքրուած թերթի կտորը տարիներով մնաց ծոցս, կարծէք որպէս, ծօ, ի՛նչ ըսեմ, մե՛ղք չըլլայ: Այդ հայերէն թերթի կտորը դարձաւ բարեկամ, դարձաւ մխիթարանք:
Ես հազար անգամ կարդացի թերեւս այդ կտոր թերթը:
Սրբութիւն էր ինծի համար ան: Մինչեւ, մինչեւ հասանք հոս:
Յոգնած, հայերէնի ամբողջ սէրը, հաւատամքը աչքերուն մէջ շող դարձուցած` անգամ մըն ալ ինծի նայեցաւ հին լեժիոնականը.
– Դո՞ւք. միայն հաւնիլ-չհաւնիլ կը խաղաք: Հարցը չաղտոտելն է. աղտոտածը` մաքրե՛լ, պահե՛լ: Ես ասո՛ր կը հաւատամ:
ԱՍԻԱՑԻ