Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Ապրիլ 1969)

Ապրիլ 8, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ս. Զատիկը
Լիբանանի Մէջ

Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս արտակարգ ջերմեռանդութեամբ եւ աւանդական սովորութիւններով տօնեց Ս. Զատիկը:

Բոլոր եկեղեցիները, իրենց շրջափակերով, լեցուն էին խուռներամ բազմութեամբը հաւատացեալներու, որոնք ջերմեռանդ երկիւղածութեամբ հետեւեցան Աւագ Շաբթու եւ Ս. Զատկի սրբազան արարողութիւններուն:

Աւագ շաբաթ, 5 ապրիլ, ճրագալոյցի ս. պատարագէն ետք, շատեր, իրենց ընտանեկան յարկերէն ներս, մինչեւ ուշ գիշեր տօնեցին Ս. Յարութիւնը:

Կիրակի, 6 ապրիլ, Ս. Զատիկ: Դպրաց երգեցիկ խումբեր, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, թաղէ թաղ շրջելով, տպաւորիչ երգեցողութեամբ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» շարականը երգեցին:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, պատարագեց դրան եպիսկոպոս Գարեգին Սարգիսեան:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Սահակ արքեպիսկոպոս:

Կաթողիկէ հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ համապատարագը մատուցանեց Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք:

Բոլոր եկեղեցիներու մէջ ս. պատարագը մատուցուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ եւ երգեցողութեամբ: Օրուան խորհուրդը պատգամող հոգեշունչ քարոզներ խօսեցան պատարագիչ հոգեւոր տէրը, սրբազանները, վարդապետները եւ քահանայ հայրերը:

Հայ աւետարանական եկեղեցիներու մէջ եւս տեղի ունեցաւ պաշտամունք եւ քարոզ` վերապատուելի եւ պատուելի հովուապետներու կողմէ:

Երկուշաբթի, 7 ապրիլ: Յիշատակ մեռելոց: Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ: Ֆըրն էլ Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուները եւ կաթողիկէ հայոց գերեզմանատուները այցելեցին սգաւոր ընտանիքներու բազմահարիւր անդամներ` յարգելու համար յիշատակը իրենց հեռու եւ մօտ ննջեցեալներուն: Գերեզմանօրհնէքը դարձեալ տեղի ունեցաւ անդաստանի նմանողութեամբ եւ մասնակցութեամբ բոլոր քահանայ հայրերուն:

***

Կիրակի, 6 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, պանդոկ «Պրիսթոլ»-ի շքեղ սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի աւանդական պարահանդէսը` նախագահութեամբ առողջապահութեան նախարար տէր եւ տիկին մեթր Խաչիկ Պապիկեաններու:

Ներկայ էին պետական երեսփոխաններ` տէր եւ տիկին Մովսէս Տէր Գալուստեաններ, Սուրէն Խանամիրեան, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեաններ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտի մէջ պարահանդէսը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:

Այս առիթով, օրուան նախագահ տէր եւ տիկին մեթր Խաչիկ Պապիկեաններ 1000 լ. ոսկի նուիրեց ՀՄԸՄ-ին:

***

Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած Ս. Զատկի աւանդական հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 ապրիլ, ժամը 11:00-ին, միութեան ակումբին մէջ: Ներկայ էին անդամներ եւ համակիրներ: Խօսեցաւ միութեան ատենապետ փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան, շնորհաւորեց Ս. Զատիկը եւ մաղթեց նոր յարութիւն հայ ժողովուրդին: Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:

«Արմենիա»
Եւ Իր Տպարանը

«Արմենիա» թերթը հիմնուած է ՀՅ Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի մարմիններու նախաձեռնութեամբ եւ բոլոր ընկերներու զոհողութեան գնով:

Երեսունութ տարի շարունակ «Արմենիա» բարձր բռնած է գաղափարական դրօշը` հանդիսանալով մայիս 28-ի խորհուրդը անաղարտ պահպանող եւ հայոց ազգային իրաւունքներու եւ քաղաքական ծրագիրներու իրականացման համար պայքարող օրկան մը:

Այդ գաղափարներով «Արմենիա» դաստիարակած է սերունդներ եւ հասցուցած` նոր ու թարմ ուժեր, որոնք ինքնավստահ ու համարձակ` ներկայիս ստանձնած են հանրային մեր կեանքին ղեկավարութիւնը:

«Արմենիա» ոչ միայն յաջողած է շաբաթաթերթէն օրաթերթի վերածուիլ, այլեւ` ունենալ իր սեփական տպարանը, որ տարիներու ընթացքին ընդլայնած ու արդիականացուցած է:

Ներկայիս «Արմենիա»-ի տպարանը օժտուած է մամուլով, հայերէն եւ սպաներէն տողաշարներով եւ տպարանի մը համար անհրաժեշտ այլ մեքենաներով:

Տպագրական այն աշխատանքները, որ ցարդ կը տրուէին այլ եւ այլ տպարաններու մէջ, այսուհետեւ կրնան յանձնուիլ մեր տպարանին, այն վստահութեամբ, որ կը կատարուի մաքուր եւ ճաշակաւոր գործ:

Սակայն, յաջողութեան պարագային, «Արմենիա»-ի տպարանին առջեւ կը բացուին նոր հեռանկարներ: Մօտ ապագային ան կրնայ դառնալ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ հաստատութիւն մը, որով կը գոցուի մեր գաղութին մէկ շատ կարեւոր բացը:

Վերջին տասնամեակի ընթացքին տեղւոյս հայկական գաղութը հսկայական յառաջդիմութիւն ունեցած է, յատկապէս` կրթական մարզին մէջ: Գոյութիւն ունին կարգ մը կրթական հիմնարկութիւններ, երկրորդական վարժարաններ, գրադարաններ, երգչախումբեր եւ զանազան ճիւղերու պատկանող արուեստագէտներ:

Սակայն կը պակսի հրատարակչական մը, որ այնքան անհրաժեշտ է մեր մշակոյթին մղում տալու եւ զայն տարածելու համար:

Դպրոցներուն մէջ զգալի է հայերէն դասագիրքերու պակասը, աշակերտութիւնը իր ձեռքին տակ չունի ընթերցանութեան համար մատչելի գիրքեր, զուրկ ենք մանկական գրականութենէ, պատկերազարդ հանդէսներէ, բառարաններէ եւ դպրոցի մը վերաբերեալ այլ հրատարակութիւններէ:

Ի գին մեծ ճիգերու եւ զոհողութեանց` հիմնած ենք երկրորդական վարժարաններ եւ ջանք չենք խնայեր հոն յաճախող աշակերտներուն հայեցի դաստիարակութիւն տալու եւ անոնց ազգային ոգի եւ հայկական գաղափարներ ներշնչելու: Սակայն միեւնոյն աշակերտութիւնը, թէ՛ դպրոցէն ներս եւ թէ՛ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, պէտք ունի մտաւոր եւ ոգեկան սնունդի, այսինքն` գրականութեան: Միայն դուրսէն գիրքեր բերել տալով` պիտի չկրնանք լրիւ կերպով գոհացում տալ անոնց պահանջներուն:

Այդ պակասը հնարաւոր պիտի ըլլայ լրացնել տեղւոյն վրայ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ մը հիմնելով:

«Արմենիա»-ի տպարանը կը հետապնդէ ճիշդ այդ նպատակը, որուն իրականացումը, սակայն, կախում ունի անոր ապագայ յաջողութենէն:

«Արմենիա»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հանդիպում-Զրոյց` Հայ Քաջ Տօ Մարտարուեստին Մասին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?