Հեռու Մնալ
Հայաստանի գիտութեան ազգային ակադեմիան յատուկ մասնաճիւղ մը ունի, արեւելագիտութեան, որուն արաբական երկիրներու բաժնի վարիչը` Ն. Յովհաննիսեան, «Հայ-արաբական բարեկամութիւնը» խորագրով յօդուած մը ստորագրած է «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի այս տարուան փետրուար 19 թիւին մէջ:
Ն. Յովհաննիսեան իր նիւթը սկսած է 20-րդ դարու սկիզբներէն եւ ճշգրտօրէն բնութագրած է հայ եւ արաբ ժողովուրդներու հասարակաց թշնամին` սուլթանական կառավարութիւնը: Օսմանեան բռնակալութիւնը, որ իր մականին տակ առած էր նաեւ արաբական երկիրները, նոյն աչքով կը դիտէր հայ եւ արաբ ազատագրական պայքարի դրսեւորումները, կը բանտարկէր , կ՛աքսորէր ազատութեան ծարաւի ծառացողներն ու կախաղաններ բարձրացնելով` կը ծաւալէր իր թրքութիւնը` Հայաստանէն մինչեւ Արաբական թերակղզիին հեռաւոր անկիւնները:
Գերութեան եւ տառապանքի մէջ ճակատագրակից այս երկու ժողովուրդները երբեմն ուղղակի եւ երբեմն անուղղակիօրէն իրարու օժանդակած են: «Ազգային անկախութեան համար մղուող պայքարում արաբների իւրաքանչիւր յաղթանակ առարկայականօրէն ծառայում էր նաեւ հայերի ազատագրմանը, եւ, հակառակը, հայերի կողմից սուլթանականութեանը հասցուող ամէն մի հարուած մօտեցնում էր նաեւ արաբների ազատագրման պահը»:
Ն. Յովհաննիսեան կ՛անդրադառնայ նաեւ արաբական երկիրներու ազատագրման երկրորդ փուլին, օտար խնամատարութիւններէն վերջնականապէս ձերբազատելու համար մղուած պայքարին, որուն հայ ժողովուրդը դարձեալ բերաւ իր նպաստը` կանգնելով ազատութեան համար մարտնչող բազմութիւններուն կողքին, հոս թէ այլուր, Եգիպտոսէն մինչեւ Սուրիա:
Այս երկու հանգամանքներուն առընթեր` երկու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը սերտացնող կայ երրորդ հիմք մը, արաբական երկիրներու տնտեսական վերակառուցման եւ մշակութային վերելքին մեր բուռն մասնակցութիւնը, որ ամէնուրեք ու ամէնուն կողմէ այնքան մեծ գնահատանքի արժանացաւ:
Այսքանը լաւ է, լաւ տրուած է Յովհաննիսեանի գրութեան մէջ, Պըշարա Խուրի, Շիւքրի Քուէթլիի, Ռիատ Սոլհի, Ռաշիտ Քարամէի եւ այլ դէմքերու վկայութիւններով հիմնաւորուած գրութիւն է, լաւ է:
Բայց լաւ չէ վերջին մասը, մանաւանդ` Լիբանանի ներքին անցուդարձերուն կապուած սա գնահատականը.
«Նոյնպիսի բարձր գնահատականի արժանացան հայերը նաեւ 1958 թուականի ապստամբութեանը մասնակցելու համար»:
«1958 թուականի ապստամբութիւնը» հետեւանք էր ներքին վէճերու եւ Հայաստանի պետական թէ մտաւորական դէմքերը խոհեմութիւն մը արձանագրած չեն ըլլար նման հարցերու մէջ մխրճուած սակաւաթիւ պատեհապաշտներուն վրայ ընդհանրացումներ ընելով:
Երբ պայքարի ելած կողմերը իրե՛նք իսկ կ՛աշխատին մոռնալ այդ թուականին տեղի ունեցած դէպքերը, նոյն խորհրդարանին մէջ կու գան բազմիլ կողք կողքի, միասին կառավարութիւն կը կազմեն, կ՛աշխատին միասին, մեզի կը մնայ քիչ մը զուսպ ըլլալ, չարծարծել այլոց պատմութեան ցաւոտ ու արիւնալի էջերը եւ, մանաւանդ, հեռու մնալ սովորական արկածախնդիրներ պսակելու փութկոտութենէն, ու շատ հեռու` անոնց օրինակով մեր ժողովուրդը գնահատելու հեռարձակ անհեթեթութենէն:
Պ. Ս.