Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Ապրիլ 1969)

Ապրիլ 18, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արժէքաւոր Հրատարակութիւն Մը

«Ցուցակ Ձեռագրաց Մշոյ Սուրբ Առաքելոց-
Թարգմանչաց Վանքի Եւ Շրջակայից»

«Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական մատենաշարով լոյս տեսնող հայագիտական հրատարակութիւններուն մէջ իրենց արժէքով ու նշանակութեամբ յատուկ տեղ կը գրաւեն հայ ձեռագրական մշակոյթին գանձերը ներկայացնող ձեռագրացուցակները:

Պարագայ մը եւս արժէքաւոր կը դարձնէ վերոյիշեալ ցուցակները. ասոնց մէջ, աշխարհի զանազան ձեռագրատուներու մէջ գտնուող մատեաններէն զատ, նկարագրուած են այն հաւաքածոները, որոնք ոչնչացած են կամ անհետ կորսուած են Ա. Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ: Արդարեւ, ժամանակին կազմուած այդ ցուցակները դէպքերու բերումով փրկուած են կորուստէ եւ այսօր կը ներկայացուին հանրութեան:

Հրապարակի վրայ է մեծարժէք հրատարակութիւն մը եւս` «Ցուցակ ձեռագրաց Մշոյ Ս. Առաքելոց-Թարգմանչաց վանքի եւ շրջակայից» աշխատութիւնը, որ լոյս տեսած է Արա Գալաճեանի խմբագրութեամբ:

Աշխատութիւնը բաղկացած է երկու ինքնուրոյն մասերէ: Առաջին մասը` «Ցուցակ ձեռագրաց Մշոյ Ս. Առաքելոց-Թարգմանչաց վանքի», կազմուած է 1912-ին, Սահակ Մուրատեանի ձեռքով: Ցուցակը կ՛ընդգրկէ վանքի ձեռագրատան 126 մատեաններու համառօտ նկարագրութիւններն ու յիշատակարանները, որոնցմէ շատերը ծանօթ չէին հայագիտութեան:

Երկրորդ մասը` «Ցուցակ ձեռագրաց Մուշ քաղաքի եւ շրջակայից» վերտառութեամբ,  կազմուած է 1914-ին, Նազարէթ Մարտիրոսեանի կողմէ: Այս երկրորդ ցուցակը կ՛ընդգրկէ 152 ձեռագիրներու նկարագրութիւններն ու յիշատակարանները: Ասոնց մէկ մասը նոյնպէս կը հրապարակուի առաջին անգամ:

Ներկայ ցուցակներուն մէջ, անշուշտ, Մշոյ գաւառի ձեռագրական բոլոր հարստութիւնները չեն ներկայացուած: Սակայն եղածն ալ անգնահատելի արժէք կը ներկայացնէ:

Ծառայել Եւ Իշխել

Ազգային մարմինները կ՛ընտրուին հանրութեան ծառայելու եւ ոչ թէ անոր վրայ իշխելու համար:

Հանրութեան ծառայելը մեծ առաքինութիւն մըն է եւ ամէն գնահատանքի արժանի արարք մը:

Մեր ազգային մարմիններու անդամները իրենց ժամանակը, եռանդը եւ կարողութիւնը կը տրամադրեն համայնքին` առանց անկէ որեւէ բան ակնկալելու:

Միայն զոհաբերութեան ընդունակ եւ գաղափարական տոգորում ունեցող անձերն են, որ բոլորանուէր կը լծուին հանրային աշխատանքներու, յաճախ` ի վնաս իրենց անհատական գործերուն:

Որքան զարգանայ եւ ճիւղաւորուի հանրային գործը, այնքան աւելի կը տարածուի ազգային մարմիններու աշխատանքին դաշտը, եւ անոնց ուսերուն կը ծանրանայ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն:

Ազգային մարմինները թէ՛ կը ծառայեն համայնքին եւ թէ՛ կը վարեն անոր հանրային, կրթական եւ ընկերային գործերը:

Սակայն ղեկավարել` չի նշանակեր իշխել:

Իշխողը իր կամքը կը պարտադրէ, իր քմահաճոյքով կ՛առաջնորդէ եւ երբեմն ալ անձնական շահ կը փնտռէ: Ան իր փառասիրութեան յագուրդ տալու համար յաճախ աթոռի պայքար կը մղէ:

Իսկ համայնքին ծառայողը ամէն ինչ կու տայ` առանց ոչինչ ստանալու: Անոր միակ վարձատրութիւնը ազգին օգտակար ըլլալու գոհունակութեան զգացումն է:

Գոյութիւն չունի աւելի վսեմ ու բարձր կոչում, քան` ազգին ծառայելը:

Մեզի կը մնայ գնահատել անոնց նուիրումն ու զոհաբերութիւնը եւ զօրավիգ հանդիսանալ իրենց գործունէութեան:

 

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

Նախորդը

Ապրիլեան Խոհեր. Պայքարի Տրամաբանութեամբ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?