«Բագին» Ամսագրին
Ապրիլի Համարը
Լոյս տեսաւ «Բագին» ամսագրին չորրորդ համարը:
Զուտ գրական բաժինը կը բացուի Արամ Հայկազի «Թոռնուհիս» պատմուածքով, որ գրական սիրուն էջ մըն է` տրուած արագ, վառ եւ աշխուժ ոճով մը:
Յ. Գեղարդ ունի այլաբանական խորքով երեք քերթուածներ` «Բանաստեղծը», «Բանաստեղծութիւն», «Բանաստեղծութիւն»:
Նուպար Չարխուտեանի «Մահուան կամուրջը» վէպը այս համարով կը ճիւղաւորուի արդէն: Էրզրում ենք, հիմա: Երկու նոր դէմքեր հրապարակ կու գան: Ն. Չարխուտեան, առանց երբեք զգացական ըլլալու, կու տայ Եղեռնի եւ անոր յաջորդող անշնչելի ժամանակաշրջանը.
«Պիտի յիշե՛ս, արե՛ւ, այդ անվերջանալի օրերը, այդ անմոռանալի՜ օրերը, որովհետեւ հուրէ դէմքիդ վրայ կը պահես տակաւին արեան բիծերը, որ ժայթքեցան մինչեւ քու բարձրութիւնդ: Եւ դո՛ւն զայրացած, գինովցած` կը դանդաչէիր անհունութեան մէջ եւ մէկէ աւելի անգամներ ճակատդ զարկիր անգութ երկնակամարին կարծր բիւրեղին»: Ն. Չարխուտեանի վէպը կը շարունակուի:
Յակոբ Մանուկեանը ունի զուսպ քնարականութեամբ առլցուն երկարաշունչ քերթուած մը` «Տիեզերքի խորհուրդին»: Արտաշէս Եաղուպեանի «Տէր-տէր Ամուն անիծեց»-ը կ՛աւարտի այս թիւով: Ռիմա Գառոնէ ունի երկու բանաստեղծութիւններ` «Կենաց բաժակը» եւ «Աշխարհն ու մենք»:
Արա Արծրունի ստորագրած է «Դեղին լոյսը» պատմուածքը, որ իրեն հետ կը բերէ կենդանի վկայութիւն մը` այժմու կեանքին մէկ ծածուկ երեսին: Ան կը յաջողի քակել նորահաս աղջկան հոգեկան մէկ բարդ հանգոյցը:
Շահպանի ստորագրութեամբ երկու քերթուածներ կան` «Ամէն անգամ, երբ քեզ սիրեմ» եւ «Հարկաւ օր մը կ՛ըսես ինծի»:
«Իմացական շարժում» բաժնին առաջին յօդուածը` «Մշակութային նոր օճախ մը», յատկացուած է թատրոնին եւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» նորակառոյց թատերասրահին, մասնաւորապէս: Այս առիթով` նաեւ կը նշուի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ցարդ բեմադրած 270 ներկայացումներու պատկառելի գործը:
Նորայր Պարթեւեանը «Հերպըրթ Մարքիւզ – յառաջացած ճարտարարուեստի քաղաքակրթութիւնը մերժողներու գաղափարախօսը», երկար եւ հետաքրքրական իր յօդուածով կ՛անդրադառնայ եօթանասնամեայ իմաստասէր Հերպըրթ Մարքիւզի փիլիսոփայութեան, որ յօդուածագրին բառերովը, ամբողջական եւ կրքոտ դատապարտութիւնն է խորհրդային եւ ամերիկեան յառաջացած ճարտարարուեստի քաղաքակրթութեան: Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ուսանողական սանձարձակ ըմբոստութիւններուն, ինչպէս նաեւ` անոնց տուն տուող կարգ մը պատճառներուն:
Լ. Մկրտչեանի «Պետական իրաւագիտակցութեան ձեւաւորումը Հայաստանում» երկար յօդուածը հետաքրքրական եւ ներհուն ուսումնասիրութիւն մըն է:
Արտաշէս Օրագեանի «Ակնարկ հայ ճարտարապետութեան պատմութեան» երկար գրախօսականը կը շարունակուի:
Նշան Պէշիկթաշլեան գողտրիկ գրախօսական մը ունի` ի մասին Կ. Սասունիիի «Սարերու Ասլան»-ին:
«Նշմարներ»-ու մէջ կը կարդանք, նախ, «Դեռեւս երազելի է» էջը, ապա` «Գրական Թերթ»-ի «Ո՞րն է 1968 թուականի ձեր հեղինակած լաւագոյն բանաստեղծութիւնը» եւ «Ո՞րն էք համարում 1968 թուականի հայ քնարերգութեան ամենալաւ բանաստեղծութիւնը» զոյգ հարցումներուն պատասխանած հայրենի 10 բանաստեղծներուն եւ տասը քննադատներուն կարծիքները, որոնց առաջին մասը «Բագին» ամսագրին նախորդ (մարտ) համարին «Նշմարներ»-ուն մէջ տեղ գտած էին: Այս ուղղութեամբ, խմբագրութիւնը շատ տեղին գործ մը ըրած է` այս ա՜յնքան հետաքրքրական կարծիքները «Գրական Թերթ»-էն արտատպած ըլլալով: Եւ վերջապէս, «Կոչ» մը, որ կու գայ Թեհրանէն, ուր խումբ մը մտաւորականներ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են տօնելու հայ գրականութեան եւ մասնաւորաբար հայ թատրոնին անխոնջ մէկ մշակին` Մանուէլ Մարութեանին գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը:
Պ. Գ.