Վեհափառին Մեկնումը
Ամերիկա
Վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ յունահայոց առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեանի եւ ամերիկահայ թեմի հրաւիրակ, ազգային բարերար Ճորճ Մարտիկեանի, երէկ` երեքշաբթի, 8 ապրիլ, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին, «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան օդանաւով մեկնեցաւ Ամերիկա եռամսեայ հովուապետական այցելութիւն տալու` Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կիլիկեան թեմերու իր ժողովուրդին:
Վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանէն պաշտօնապէս օդակայան առաջնորդուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի ներկայացուցիչ, առողջապահութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեանի ընկերակցութեամբ:
Օդակայան ժամանումին վեհափառը արժանացաւ զինուորական պատիւներու:
Ողջերթ մաղթելու եկած էին` լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, կաթողիկէ հայոց պատրիարքանի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, դրան եպիսկոպոս Գարեգին Սարգիսեանը, վարդապետներ, քահանայ հայրեր, պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Սուրէն Խանամիրեան, Ազգ. Կեդր.. վարչութեան, Ազգ. իշխանութեանց, ազգ. մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, երեւելի ազգայիններ, կրթական մշակներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Պաշտօնական հիւրասրահին մէջ մօտ կէս ժամ հանգստանալէ ետք, վեհափառ հայրապետը օդանաւ առաջնորդուեցաւ զինուորական պատիւներով:
Վեհափառը Լոնտոնի Մէջ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. կէսօրէ ետք հասաւ Լոնտոն, ուր պիտի մնայ երկու օր:
Խորէն կաթողիկոս, որ Պէյրութէն կու գար, պիտի իջնէ «Հիլթըն» պանդոկը եւ երկու օրէն պիտի երթայ Ուաշինկթըն, ուր հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Նիքսընի հետ:
Յիսունհինգ…
Երկու օրէն կը լրանայ մեր թերթին հիմնադրութեան յիսունչորսերորդ տարին եւ կը սկսի յիսունհինգերորդը:
Առայժմ մենք մեր դերը կը խարսխենք սա քանի մը նշանախօսքերուն վրայ. հայ լեզուն անաղարտ պահել, հայ միտքը գործուն պահել, հայ ոգին արթուն պահել, Հայց. եկեղեցին զարթուն պահել, սպասարկել հայ գրականութեան, Հայ դատին, հայ մշակոյթին, հայ ազգայնութեան:
Վերի վերոյ այս է մեր հանգանակը: Եթէ տարիներէ ի վեր մեր ըսածները եւ ըսել ուզածները, մեր ըրածները եւ ընել ուզածները գումարենք իրարու վրայ, կը ստացուի սա եզրակացութիւնը. հայ ժողովուրդը մասամբ շահած է իր Դատը եւ համախումբ կ՛ապրի իր մասնատուած հայրենիքին մէջ, բարգաւաճ եւ յամենայնի յառաջընթաց:
Այսքանը յաջողութիւն մըն է մեզի համար, եթէ կատարեալ յաղթանակ մը չէ:
Կրնանք ըսել, որ ազգային-քաղաքական գետնի վրայ մենք ո՛չ ընկրկում ունինք, ո՛չ նահանջ: Ամրօրէն կառչած ենք գաղափարական եւ գաղափարաբանական մեր նորմաներուն: Ասիկա ապահովութիւն մըն է մեզի եւ մեր Դատին համար:
Հակառակ աջէն-ձախէն ըսուած ու չըսուած, խոստովանելի եւ անխոստովանելի ստգտանքներուն, մենք, այնուամենայնիւ, կը մնանք խստօրէն ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ, նախ` իբրեւ հայ, ապա` իբրեւ կուսակցութիւն, յետոյ` իբրեւ հանրային օրկան: Հայրենիքին հետն ենք, հայ ժողովուրդին հետն ենք, Հայց. եկեղեցիին հետն ենք, հայ մշակոյթին հետն ենք:
Մեզի կը թուի, թէ այս բաները ըսելն իսկ տեսակ մը յանցանք է, բայց ստիպուած ենք ըսել ու կրկնել ո՛չ այնքան իրողութիւն մը հաստատելու, որքան այդ իրողութիւնը ժխտողներուն մոլորանքը իրենց երեսին տալու համար:
Թող յստակ ըլլայ բոլորին համար, որ մենք յարձակող կողմ չենք, ընդհակառա՛կն, պաշտպանուող կողմ ենք: Յաճախ արձագանգ եղած ենք մեզի դէմ ուղղուած մեղադրանքներուն, ներսէն եւ դուրսէն, ցոյց տալու համար, թէ ո՞վ որո՛ւ դէմ կը պայքարի, ինչո՛ւ կը պայքարի, մանաւանդ` ինչպէ՛ս կը պայքարի:
Չենք ուրանար, որ գաղափարաբանական գետնի վրայ մենք հաշտ չենք մարքսիզմ-լենինիզմի հետ: Սակայն ըսելու պէտք կա՞յ, որ մենք վարչաձեւը չենք շփոթեր հայրենիքին հետ եւ գաղափարաբանութիւնները` ժողովուրդին: Կը դաւանինք, որ վարչաձեւերը անցողական են, գաղափարաբանութիւնները` ժամանակաւոր, բայց անոնց են հայրենիքները, յաւերժական են ժողովուրդները:
Ազգային հարցի մէջ մենք կը տարբերինք տիրող կուսակցութենէն: Դաշնակցութիւնը ժողովրդավար-ազգայնական կուսակցութիւն է, դաւանանքով` ընկերվարական: Որքան մարքսիզմ-լենինիզմը ազգայնանայ, այնքան մենք մօտեցած կ՛ըլլանք իրարու: Որքան միջազգայնանայ, այնքան հեռացած կ՛ըլլանք իրարմէ:
Երբ միլիոն բերաններ հող եւ ազատութիւն կը հայցեն Աստուծմէ, մենք հայցողներուն մէջն ենք եւ հայցողներուն հետ: Մեր մէջ (հինգուկէս միլիոն հայեր) կը խօսի Յիշատակը, այսինքն` ցեղին ձայնը, պատմութեան ձայնը, աւանդութեանց ձայնը, միասին շահուած յաղթանակներուն եւ միասին կրուած պարտութիւններուն ձայնը:
Մենք հաւատարիմ ենք, թէ՛ Յիշատակին եւ թէ՛ Ձայնին:
«Յուսաբեր»