Մարզական

Մայեմի Պիտի Հիւրընկալէ «Քլասիքօ»-ն

Սպանական ֆութպոլի երկու անուանի ակումբները` Ռէալ Մատրիտն ու Պարսելոնան, 29 յուլիսին ֆութպոլի բարեկամական խաղով մը, իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Մայեմիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ): Առաջին անգամն ըլլալով է, որ «Քլասիքօ»-ն Սպանիայէն դուրս տեղի պիտի ունենայ: Վերջին անգամ 35 տարի առաջ` 1982-ին, անոնք Վենեզուելայի մէջ ճակատած էին իրարու դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մայեմի Տոլֆինսի Հարտ Ռոք մարզադաշտին վրայ, որ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 90-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 15 մարտին, ՀՄԸՄ կը մրցի Հուփսի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Ցարդ 14 յաղթանակ արձանագրած եւ մէկ պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի...

Միհրան Յարութիւնեան. «Արցախի Մէջ Մարզադպրոց Բանալու Համար Ծրագրած Եմ Հանդիպիլ Բակօ Սահակեանի Հետ»

Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ Sport.news.am կը յայտնէ, որ Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան ներկայիս կը գտնուի Երեւանի մէջ: Ըստ աղբիւրին, Յարութիւնեան այժմ զբաղած է Արցախի մէջ յունահռոմէական ըմբշամարտի մարզադպրոց բանալու աշխատանքներով: Պատմելով Հայաստան իր այցելութեան մասին` Ռուսիոյ մէջ բնակող Յարութիւնեան ըսած է. «Ինչպէս յայտնի է, նպատակ ունիմ Արցախի մէջ յունահռոմէական ըմբշամարտի մարզադպրոց բանալ: Այժմ բաւական լուրջ աշխատանք կը տանիմ...

Պասքեթպոլ. Վիգէն Էսքիճեան Նշանակուեցաւ Հայաստանի 20 Տարեկանէն Վար Հաւաքականի Մարզիչ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Վիգէն Էսքիճեան նշանակուեցաւ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Վիգէն Էսքիճեան, որ 12 յուլիս 1972-ին ծնած է Լիբանանի մէջ, եղած է մարզիչ լիբանանեան շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի: Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի Բ. դասակարգի 2017-ի ախոյեանութեան: Յուլիսին տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան, Հայաստան...

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Պուլկարիա

Երէկ Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Պուլկարիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 15-20 մարտին տեղի ունենալիք փոքրերու միջազգային դահուկարշաւի մրցաշարքի մը: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Միշել Շաքեր, մարզիչներն են Թոմաս Շուսթըր եւ Մեհտի Ֆրիք, իսկ մարզիկները` Օմար Զէյտան, Զիատ Շեհապ, Մեթիու Ասմար, Էլի Քալլաս, Ժոզեֆ Ռահմէ, Թամարա Խալաֆ, Նայա Սթեֆան, Լուիզ Մաքթաֆ եւ Մարիա Իսսա: Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի...

Լիբանանեան Համալսարաններու Մարզական Ֆետերասիոնին Հաղորդագրութիւնը

Լիբանանեան Համալսարաններու Մարզական Ֆետերասիոնին Հաղորդագրութիւնը

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնը յայտնեց, որ բոլոր համալսարաններուն ուշադրութեան կը յանձնէ այն կարեւոր կէտը, որ եթէ անոնք որեւէ տեսակի մրցաշարք կամ ախոյեանութիւն պիտի կազմակերպեն, պէտք է ամէն գնով տեղեակ պահեն ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, մրցաշարքին կատարուելիք թուականէն նուազագոյնը երեք շաբաթ առաջ: Տեղեակ չպահելու պարագային ֆետերասիոնը այլ միջոցառումներու պիտի դիմէ կազմակերպիչ համալսարանին նկատմամբ:

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Պել Հորիզոն Հանդիսացաւ Առաջին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Շեպիպէ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի 12-17 տարեկան դասակարգի բաժակի մրցումները: Ակումբներու դասաւորման մէջ Պել Հորիզոն հանդիսացաւ առաջին (54 կէտ), ապա երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Սանթրալ Ժունիէ (38) եւ Շեպիպէ Շիահ (16): Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնի անդամներուն: Այս մրցաշարքի իրաւարարներուն կարգին էր...

Ճատրակ. Հայաստան 4 Մասնակից Ունի Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութեան

Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, Հայաստան պիտի ունենայ 4 մասնակից: 11 ապրիլին սկսելիք այս ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան, միջազգային վարպետներ Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Գալոյեան եւ Մարիա Գէորգեան: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը այս լուրը եզրափակեց նշելով, որ այս ախոյեանութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, 14 ճատրակ խաղացողներ պիտի ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:

Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգելու Պարագային. Մեսսի 40 Միլիոն Եւրոյի Նիւթական Պարգեւ Մը Կրնայ Ստանալ

Պարսելոնայի պատասխանատուները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը խումբի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի պայմանագրութեան երկարաձգման գծով, կը յայտնէ «Էլ Մունտօ Տեփորթիվօ»: Աղբիւրին համաձայն, քաթալոնական ակումբը կրնայ 40 միլիոն եւրօ առաջարկել Մեսսիին` իբրեւ նիւթական պարգեւ, եթէ ան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ: 29 տարեկան Մեսսի, որ 2004-էն ի վեր հանդէս կու գայ Պարսելոնայի հետ, եթէ իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգէ, 2018-ի ամրան կրնայ ազատ ֆութպոլիստ դառնալ: Կը...

«Էն. Պի. Էյ.». Էլֆրիտ Փէյթըն` «Թրիփըլ – Տապըլ»-ի Հեղինակ

Էլֆրիտ Փէյթըն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 8 ճակատումներ: Մինեսոթա Վուլվզ, որ հիւրընկալեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը, 119-104 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քարլ-Անթոնի Թոմաս նշանակեց 39 կէտ: Սաքրամենթօ Քինկզ 120-115 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Օրլանտօ Մեճիքին: Հակառակ իր կազմին կրած այս պարտութեան, Էլֆրիտ Փէյթըն «Թրիփըլ տապըլ»-ի հեղինակ դարձաւ (13 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ):...

«Չեմփիընզ Լիկ». Լայսթըր Սիթի Եւ Եուվենթուս Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու մրցումներ: Լայսթըր Սիթի, որ երթին Սպանիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, երէկ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Ուես Մորկան (27-րդ) եւ Մարք Ալպրայթըն (54-րդ) նշանակեցին Լայսթըրի երկու կոլերը: Սեւիլլայէն Սամիր Նասրի կարմիր քարտ մը ստացաւ...

Ճատրակ.  112 Երկսեռ Խաղացողներ Մասնակցեցան Հմըմ Պէյրութի Կազմակերպած Մրցաշարքին

Ճատրակ. 112 Երկսեռ Խաղացողներ Մասնակցեցան Հմըմ Պէյրութի Կազմակերպած Մրցաշարքին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 12 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ: Ճատրակի այս միօրեայ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 112 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ: Մրցումները տեղի ունեցան բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ եւ մարզական ոգիով: Պէտք է նշել, որ...

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ազատ Ոճի Հաւաքականը 2 Մետալի Տիրացաւ Պոլսոյ Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Թուրքիոյ մէջ աւարտեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը: Վոլոդիա Ֆրանգուլեանէն (պրոնզ մետալ) ետք (61 քկ) Հայաստանի համար երկրորդ մետալը ապահովեց Նարեկ Սիրունեան (65 քկ), որ յաղթելէ ետք երեք թուրք ըմբիշներու, հասաւ աւարտական, ուր սակայն պարտուելով տիրացաւ արծաթ մետալի մը: Այսպիսով, Հայաստան մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետալով վերադարձաւ Թուրքիայէն: Գրիգոր Գրիգորեան...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Եունայթըտ Դուրս Մնաց

Հենրիխ Մխիթարեան` երէկուան մրցումին Երէկ գիշեր Մանչեսթըր Եունայթըտ դուրս մնաց Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն, երբ քառորդ աւարտականի գծով իր կատարած մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չելսիէն, վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ էր շուրջ 41 հազար հանդիսատես: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Նկոլօ Քանթէ (51-րդ): Մրցումին 35-րդ վայրկեանին Եունայթըտի մարզիկներէն Անտեր Հերէյրա իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն...

Յառաջիկայ Ամառ. Հայաստանի Հաւաքականը Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Իրանի Դէմ

Իրանեան մամուլին համաձայն, յառաջիկայ ամառ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Իրանի ազգային խումբին դէմ: Կը նշուի, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 6 յունիսին` Երեւանի մէջ: Սակայն Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ցարդ այս լուրը չհաստատեց: Նշենք, որ այժմ Հայաստան կը պատրաստուի 26 մարտին, Ղազախստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարք):

Գեղասահք.  Սլաւիկ Հայրապետեան Հանդիսացաւ Երրորդ

Գեղասահք. Սլաւիկ Հայրապետեան Հանդիսացաւ Երրորդ

10-12 մարտին Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած Գարնանային 2017-ի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի գեղասահորդ Սլաւիկ Հայրապետեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր, այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը: Ան արձանագրեց 101,74 կէտի արդիւնք մը:

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Եուվենթուս – Փորթօ Եւ Լայսթըր Սիթի – Սեւիլլա

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական ճակատումներ: Այսօր Եուվենթուս կը հիւրընկալէ Փորթոն, իսկ Լայսթըր Սիթի` Սեւիլլան: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Երթին Եուվենթուս Փորթուգալի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ Սեւիլլա իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Լայսթըր Սիթիին: Ինչ կը վերաբերի վաղուան ճակատումներուն, Աթլեթիքօ...

Արժանթինեան Ֆութպոլ. Մաուրօ Գեւգէօզեանի Առաջին Կոլը` Նորամուտի Մրցումին

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թեմփերլէյ իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Թիկրէի: Յաղթական կազմին երրորդ կոլը նշանակեց Մաուրօ Գեւգէօզեան, որ իր նորամուտը կը նշէր Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: Գեւգէօզեան, որ դաշտ ներկայացաւ 53-րդ վայրկեանին, իր այս կոլը նշանակեց 79-րդ վայրկեանին: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Թեմփերլէյ ապահովելով 16 կէտ դասաւորման մէջ բարձրացաւ 23-րդ դիրքին:

«Էն. Պի. Էյ.». Հարտենի «Թրիփըլ-Տապըլ»-ը Օգնեց Ռոքեթցին, Որ Յաղթէ Քաւալիրզին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հիուսթըն Ռոքեթց 117-112 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Քլիվլենտ Քաւալիրզին: Ռոքեթցի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Ճէյմս Հարտեն, որ «թրիփըլ-տապըլ» մը իրագործեց (38 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ): Քաւալիրզէն 30 կէտ նշանակեց Լեպրոն Ճէյմս: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Պոսթըն Սելթիքս - Շիքակօ Պուլզ 100-80 Պրուքլին Նեթց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը` 87-70 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Պիպլոսին

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որ շաբաթ, 11 մարտին իրարու դէմ հանեց Պիպլոս եւ ՀՄԸՄ-ը (Ժըպէյլի մէջ), աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի փայլուն եւ տպաւորիչ յաղթանակով` 87-70 արդիւնքով (22-20, 38-40, 55-69 եւ 70-87): Այսպիսով, տարեշրջանի իր 14-րդ յաղթանակը արձանագրելով, ՀՄԸՄ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը: ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆետի Խաթիպ` 32 կէտ (ներառեալ` 5 թրի...

Page 999 of 1277 1 … 998 999 1,000 … 1,277

Արխիւներ