Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Պարտուեցաւ Եւ Նահանջեց 2-րդ Դիրք

Սերճիօ Ռամոս Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Սպանիոյ 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պարսելոնա կրեց անսպասելի պարտութիւն մը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 17-րդ դիրքին վրայ գտնուող Տեփորթիւօ Քորունայէն: Լուիս Սուարեզ նշանակեց Պարսելոնայի կոլը (46-րդ): Իր կրած այս պարտութենէն ետք Պարսելոնա պարագլուխի իր դիրքը զիջեցաւ Ռէալ Մատրիտին, որ երէկ գիշեր 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռէալ Պեթիսին, 2...

Թենիս. Ինտիըն Ուելզ. Միւրէյ Եւ Խաչանով Լքեցին Պայքարը

Կարէն Խաչանով Տղոց աշխարհի թենիսի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող անգլիացի Էնտի Միւրէյ, Ինտիըն Ուելզի միջազգային բաց մրցաշարքին, 4-6 եւ 6-7 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Վաշեք Փոսփիշիլիէն դուրս մնաց: Բ. հանգրուանին արգելքը չյաղթահարեց նաեւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը` Կարէն Խաչանով: 20 տարեկան մարզիկը, որ ճակատեցաւ 12-րդ դասուած պելճիքացի Տաւիտ Կոֆենի դէմ, 4-6, 6-3 եւ 3-6 արդիւնքով պարտուեցաւ իր մրցակիցէն: «ATP»-ի դասաւորման մէջ...

3 Կարմիր Քարտ` 30 Երկվայրկեանի Ընթացքին

Մեքսիքայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, Թոլքա Տէ Լերտօ խումբին 3 ֆութպոլիստները օրուան իրաւարարին կողմէ 30 երկվայրկեանի ընթացքին կարմիր քարտ ստացան: Մոնարքասի դէմ տեղի ունեցած մրցումին 84-րդ վայրկեանին միջնապահ Խեսիւս Մենտեւ, իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալէ ետք, դաշտէն վտարուեցաւ: Անոր երկու խմբակիցները, դժգոհ մնալով իրաւարարին տուած այդ որոշումէն, անոր հետ վիճելնուն պատճառով կարմիր քարտ ստացան: Երկարաձգումէն ետք մրցումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ: Սակայն,...

Հայ Կռփամարտիկները Հանդէս Պիտի Գան Գերմանիոյ Մէջ

13-18 մարտին գերմանական Հէյլ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ կռփամարտի «Քեմիսթրի քափ-2017» միջազգային մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 3 մարզիկով: Հաւաքականին երկրորդ մարզիչ Վահան Ադիլխանեանի գլխաւորութեամբ, մրցավայր կը մեկնին Յովհաննէս Դանիէլեան (49 քկ), Գոռ Երիցեան (69 քկ) եւ Վազգէն Շահվերդեան (81 քկ): Այս մասին գրուած է Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին մէջ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը իր մրցումը կը կատարէ Ժիպէյլի մէջ, ուր հիւրը կ՛ըլայ Պիպլոսի: Այս մրցումը, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Ինչպէս ծանօթ է, ցարդ իր կատարած մրցումներուն ՀՄԸՄ արձանագրած է 13 յաղթանակ եւ կրած մէկ պարտութիւն: Պարագլուխի իր դիրքը ամրապնդելու համար, ՀՄԸՄ պէտք է ամէն գնով յաղթական...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շեպիպեթ Մազրաա

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 11 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Շեպիպեթ Մազրաան: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Ստորեւ` 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ՇԱԲԱԹ, 11 ՄԱՐՏ       ԺԱՄ ԴԱՇՏ Սաժես - Ահլի Սայտա 15:00 Սաֆա ՀՄԸՄ - Շեպիպեթ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին հետաքրքրական մրցումներ` դասաւորման վերին եւ վարին դիրքերուն մէջ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը).     ԱՆԳԼԻԱ. 28-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Պուրնըմաութ (14) - Ուեսթ Համ (11) 17:00 Քրիսթալ Փալաս (17) - Թոթենհամ (2) (յետաձգուած) Էվըրթըն (7) - Ուեսթ Պրոմուիչ (8)...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը կը մրցի Հուփսի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 15:00-ին: Քաջալերելու համար իրենց խումբը` ՀՄԸՄ-ի համակիրները պէտք է մեկնին դաշտ եւ ներկայ գտնուին այս հանդիպումին:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հուտա

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 11 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը կը մրցի Հուտա խումբին դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Անսարի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Մաշաալ Պըտնայել

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 12 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Մաշաալ Պըտնայելի դէմ` Սատի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի տղաքը:

Դահուկարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Շուէտ

Երէկ առաւօտուն Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Շուէտ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 11-15 մարտին տեղի ունենալիք կրտսերներու աշխարհի ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի հաշուապահ Ռոպեր Էտմոն Քէյրուզ, մարզիկներն են` Թարա Նասսար, Սարա Լէոն, Էտուին Շարափիէ, Թարեք Մունլա եւ Սեզար Առնուք, իսկ անոնց մարզիչները` Պոզիլա Լուիս եւ Փրիս Տեքօ:

Ռաքիթիչ Մինչեւ 2021 Պիտի Մնայ Պարսելոնայի Հետ

Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի խրուաթ միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ ստորագրեց նոր պայմանագրութիւն մը: 28 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2021: Իսկ անոր հրաժարագինը կը կազմէ 125 միլիոն եւրօ: 2014-ի ամրան Պարսելոնայի (Սեւիլլայէն միացած Ռաթիքիչի նախկին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2019-ի ամառը: Ան Պարսայի հետ 145 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 23...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուքի 31-րդ «Թրիփըլ-Տապըլ»-ը

Ռասըլ Ուեսթպրուք «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը, տասը կէտի տարբերութեամբ` 102-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք տարեշրջանի իր 31-րդ «Թրիփըլ Տապըլ»-ը իրագործեց (23 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ): Թէեւ Լեպրըն Ճէյմս երէկ նշանակեց 29 կէտ, սակայն անոր կազմը` Քլիվլենտ...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի մրցումները տեղի կ՛ունենան շաբաթ, 11 մարտին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Իսկ պասքեթպոլի մրցումները տեղի կ՛ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, կիրակի, 12 մարտին: ՄԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՇԱԲԱԹ, 11 ՄԱՐՏ. ԺԱՄ Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան - Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան (2003-2004) 14:00 Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Կրեց Իր 11-րդ Պարտութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Սաժես, որ իր դաշտին` Ղազիրի մէջ, իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան հիւրընկալեց Լուէյզին, կրեց տարեշրջանի իր 11-րդ պարտութիւնը (4 յաղթանակներու կողքին)` 85-71 արդիւնքով (20-14, 33-40, 53-69 եւ 71-85): Սաժես յաջողեցաւ միայն առաջին քորթըրին գերազանցել իր հիւրին, մինչ մնացեալ քորթըրներուն բոլորին ալ, Լուէյզի իր հակակշիռին տակ...

«Եուրոփա Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան Կրկնեց Ուէյն Ռունիի Մրցանիշը

Հենրիխ Մխիթարեան կը նշանակէ իր կոլը «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանի ճակատումները: Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ Ռուսիոյ մէջ հիւրը եղաւ Ռոսթովի, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Մրցումին հաշիւը 35-րդ վայրկեանին բացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իր այս կոլին փոխանցումը ստացաւ Զլաթան Իպրահիմովիչէն: Մխիթարեան, որ վերջին երկու մրցումներէն բացակայած...

Կիրակի, 12 Մարտին. Ճատրակի Տարիքային Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Պէյրութի Ակումբին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 12 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ: Արձանագրութեան համար կապուիլ «Ուաթց Ափ»-ով` հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-300166, 70-961948 եւ 70-677955: Մասնակցութեան սակ ճշդուած է տասը ամերիկեան տոլար, իսկ արձանագրութեան վերջին ժամկէտ...

«ՖԻՖԱ». Հայաատանի Հաւաքականը Նահանջեց 3 Դիրքով

Երէկ ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Թէեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը նախորդ դասաւորման հրապարակումէն ետք որեւէ մրցում չկատարեց, բայց 3 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 85-րդ դիրքը` 422 կէտով: Լաւագոյն տասնեակին մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի չունեցաւ: 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Հայաստանի մրցակիցները, կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Լեհաստան` 12-րդ, Ռումանիա, 39-րդ, Դանիա` 48-րդ, Մոնթենեկրօ` 64-րդ...

Page 1000 of 1277 1 … 999 1,000 1,001 … 1,277

Արխիւներ