
Երէկ գիշեր Մանչեսթըր Եունայթըտ դուրս մնաց Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն, երբ քառորդ աւարտականի գծով իր կատարած մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Չելսիէն, վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ էր շուրջ 41 հազար հանդիսատես:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Նկոլօ Քանթէ (51-րդ):
Մրցումին 35-րդ վայրկեանին Եունայթըտի մարզիկներէն Անտեր Հերէյրա իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ` կարմիր քարտի մը արժանանալով:
Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ անմիջապէս Հենրիխ Մխիթարեանը փոխարինէ Մարուան Փելայնիով (37րդ վայրկեանին):
Կիսաւարտականին Չելսի պիտի մրցի Թոթենհամի դէմ, մինչ Արսենալ` Մանչեսթըր Սիթիի դէմ: