Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 15 մարտին, ՀՄԸՄ կը մրցի Հուփսի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Ցարդ 14 յաղթանակ արձանագրած եւ մէկ պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ Հուփս, որ արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած 12 պարտութիւն, կը գտնուի դասաւորման 10-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ:


