Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականին Իր Տոմսը

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր: Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռոսթովը (Ռուսիա), 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ ապահովեց քառորդ աւարտականին իր տոմսը (երթ` 1-1): Մրցումին 70-րդ վայրկեանին Խուան Մաթա նշանակեց օրուան միակ կոլը, փոխանցում մը ստանալէ ետք Զլաթան Իպրահիմովիչէն, որ սքանչելի փոխանցում մը ստացած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ – Պիպլոս` 104-83

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր, Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ հիւրընկալեց Պիպլոսը` մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 104-83 արդիւնքով (26-16, 47-33, 74-56 եւ 104-83): Շանվիլի նորեկ մարզիկ Մարքէյթ Քամինկզ նշանակեց 27 կէտ, մինչ անոր խմբակից Տարիըն Թաունզ` 26 կէտ, իսկ Պրենտըն Թոմաս` 21 կէտ: Նշենք, որ Շանվիլէն 13...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Նասեր Պար Էլիաս Մրցումը` Կիրակի, 19 Մարտին

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ փոփոխութիւն կրեցին այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն վայրերը եւ օրերը: Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականէն յետաձգուած մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար շաբաթ, 18 մարտին, Ժունիէի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, այժմ, նոր յայտագիրին հիմամբ, տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ շաբաթ, 18 մարտին, ժամը 14:45-ին: Այս մէկը պատճառ դարձաւ,...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Սկսաւ Նախապատրաստուիլ

23-28 մարտին Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը: 23 մարտին Հայաստան պիտի մրցի Գերմանիոյ դէմ, 25-ին` Թուրքիոյ, իսկ 28-ին` Ֆինլանտայի դէմ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ, այս մրցաշարքին մասնակցելու համար Հայաստանի հաւաքականը` գլխաւոր մարզիկ Արտակ Օսեյեանի գլխաւորութեամբ, կը պատրաստուի արդէն: Անոր կողմէ հաւաքական հրաւիրուած են հետեւեալ ֆութպոլիստները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.-...

«Էն. Պի. Էյ.». Ճէյմզ Հարտենի 17-րդ Թրիփըլ – Տապըլ-ը

Ճէյմզ Հարտեն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տասը ճակատումներ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, 39 կէտի տարբերութեամբ` 139-100 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ռոքեթցի մաս կազմող Ճէյմզ Հարտեն, այս տարեշրջանի իր 17-րդ թրիփըլ-տապըլ-ը իրագործեց, երբ նշանակեց` 18 կէտ, 13 էսիսթ եւ 12 ռիպաունտ: Ինտիանա Փէյսըրզ 98-77 արդիւնքով յաղթեց Շարլոթ Հորնեթցին: Փոլ Ճորճ (Փէյսըրզ) նշանակեց...

Ռէալ Մատրիտ Ընկերային Հարցեր Ունեցող Երեխաներու Համար Ֆութպոլի Դպրոց Պիտի Բանայ

Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը մտադիր է ֆութպոլի դպրոց մը բանալ Անգլիոյ մէջ, ընկերային ծանր պայմաններու մէջ եղող ընտանիքներու երեխաներուն եւ հասարակութեան անպաշտպան խաւին համար: «Տէյլի Մէյլ»-ի համաձայն, Ռէալ այս դպրոցը պիտի բանայ Լոնտոնի հարաւը գտնուող Քրոյթոնի դպրոցին հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ: Նախագիծին նպատակը երիտասարդներուն աջակցութիւնն է, անոնց հմտութիւններուն զարգացումը թէ՛ մարզաշխարհին, եւ թէ առօրեայ կեանքի մէջ: Այդ դպրոցը պիտի գործէ 8-11...

Ինիեսթա` Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգելու Սեմին

Քաթալոնիական Պարսելոնայի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա, մօտ է իր ակումբին հետ պայմանագրութիւն մը կնքելուն: Այս լուրը կը յայտնէ Marca-ն: Կողմերը գրեթէ համաձայնած են նոր պայմանագրութեան երկարաձգման գծով, եւ ամէն ինչ պիտի յայտարարուի նախքան այս տարեշրջանին աւարտը: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, Ինիեսթա Պարսելոնայի հետ պիտի կնքէ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը` ապագային զայն տարիով մը եւս երկարաձգելու պայմանով:  

Կէօթցէ Մինչեւ Այս Տարեշրջանին Աւարտը` Բացակայ

Պորուսիա Տորթմունտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ակումբին մաս կազմող միջնապահ Մարիօ Կէօթցէ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի չկարենայ օգտակար դառնալ իր կազմին: Այսպիսով, անհանգստութենէ տառապող Կէօթցէի համար, 2016-2017 տարեշրջանը աւարտեցաւ: Քանի մը շաբաթ հանգստանալէ ետք ան պիտի սկսի պատրաստուիլ յառաջիկայ տարեշրջանին:    

70 Տարեկան Կինը 7 Օրուան Ընթացքին Մասնակցեցաւ 7 Մարաթոնի` 7 Տարբեր Ցամաքամասերու Մէջ

«Սի. Էն. Էն.» հրապարակեց լուր մը, ըստ որուն, 70 տարեկան կին մը` Չաու Սմիթ, 7 օրուան ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերաւ 7 տարբեր մարաթոններու, որոնք տեղի ունեցան 7 տարբեր ցամաքամասերու մէջ: Միացեալ Նահանգներու Միսուրի նահանգին մէջ բնակող կինը այս տարի, 25-31 յունուարին, վազած է Աւստրալիոյ, Սինկափուրի, Գահիրէի, Ամսթերտամի, Նիւ Եորքի, Չիլիի եւ Անթարքթիտայի Քինկ Ճորճ կղզիին մէջ տեղի ունեցած մարաթոններուն: Ան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրելով`  Հաստատօրէն Պահեց Առաջին Դիրքը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրելով` Հաստատօրէն Պահեց Առաջին Դիրքը

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը: ՀՄԸՄ իր 15-րդ յաղթանակը արձանագրելով, հաստատ կերպով պահեց պարագլուխի իր դիրքը: Պէտք է ըսել, որ երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի այս յաղթանակը եղաւ բաւական դիւրին` նկատի ունենալով անոր տեւողութեան ընթացքին ՀՄԸՄ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց մինչեւ 26-ի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Սաժեսը` 85-77 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Անդրանիկ Պէյրութի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:30-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց ախոյեան խումբը: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Մոնաքօ Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականին Իրենց Տոմսը

Մոնաքոյի յաղթական մարզիկները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ տեղի ունեցան դարձի վերջին երկու ճակատումները: Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ երթին Գերմանիոյ մէջ 4-2 արդիւնքով յաղթած էր Պայէր Լեւերքուզընի, երէկուան մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի մրցումներու իր տոմսը: Մրցումին ներկայ էր շուրջ 55 հազար հանդիսատես, իսկ օրուան իրաւարարն էր Սերկէյ Քարասեւ (Ռուսիա): Երէկուան երկրորդ...

Ժիւտօ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Նասիֆ Էլիաս Հանդիսացաւ Ախոյեան

Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) տեղի ունեցած աշխարհի ժիւտոյի բաժակի մրցաշարքին Նասիֆ Էլիաս յաջողեցաւ բարձր պահել Լիբանանի անունը, երբ 90 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ ախոյեան: Ան իր կատարած առաջին մրցումին յաղթեց ուրուկուէյցի իր մրցակիցին, ապա, յաջորդաբար` արժանթինցի եւ ամերիկացի մրցակիցներուն: Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց իր մարզիկին ձեռք ձգած այս իրագործումը:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթական հերթական իր ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ շաբաթ, 18 մարտին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին Ահտ - Սալամ Զղարթա քառորդ աւարտականի յետաձգուած մրցումը, Ժունիէի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ժամը 15:00-ին: Իսկ կիրակի, 19 մարտին տեղի պիտի ունենայ Նըժմէ - Սաֆա կիսաւարտականի մրցումը, Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ժամը 15:00-ին: Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները պիտի...

Հայաստան-Ուզպեքիստան Ֆութպոլի Բարեկամական Խաղը Թուրքիո՞յ Մէջ…

Հայաստան – Իրան Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Պիտի Չկատարուի

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ իրականութեան չի համապատասխաներ քանի մը օրէ շրջան ընող այն լուրը, թէ 6 յունիսին տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ: Ֆետերասիոնը հաստատեց, որ նման բան գոյութիւն չունի: Նշենք, որ հայրենի կազմը 4 յունիսին Երեւանի մէջ, արդէն իսկ բարեկամական մրցում մը պիտի ունենայ Սենթ Քից Էնտ Նեւիս խումբին դէմ:...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ռոսթով

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի ութ ճակատումները տեղի պիտի ունենան այսօր: Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ երթին, Ռուսիոյ մէջ, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռոսթովի հետ, այսօր, ժամը 22:05-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, իր դաշտին «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ կը կատարէ դարձի իր այս մրցումը, Ռոսթովի դէմ: Այսօրուան այս մրցումին Մանչեսթըրի մարզիչ` Ժոզէ Մուրինիօ, իբրեւ հիմնական մարզիկ, նկատի առաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի...

Անտեր Հերերա 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ 2 մրցումով կախակայեց Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի միջնապահ Անտեր Հերերան, որ Չելսիի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կարմիր քարտ մը ստացած էր: Ան, պիտի բացակայի Միտըլզպորոյի (19 մարտ) եւ Ուեսթ Պրոմուիչի (1 ապրիլ) դէմ տեղի ունենալիք փրեմիեր լիկի մրցումներէն:  

Ուորպըրթըն Նշանակուեցաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի Մարզիչ

Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Նոթինկհամ Ֆորեսթի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ սկովտիական Ռէյնճըրզի նախկին մարզիչ` Մարք Ուորպըրթըն նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: Ան երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ֆորեսթի հետ: Ան այսպիսով փոխարինեց Կերի Պրազիլը, որ կորսնցուց իր պաշտօնը: Ուորպըրթըն իրեն օգնական պիտի ունենայ Տէյվիտ Ուերը, որ նախապէս նոյն այդ պաշտօնին վրայ էր` Ռէյնճըրզի հետ: Անոր առաջին մրցումը...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուք Եւ Ճէյմզ` Թրիփըլ – Տապըլի Հեղինակներ

Ռասըլ Ուեսթպրուք «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան հինգ ճակատումներ: Օքլահոմա Սիթի 122-104 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պրուքլին Նեթցի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք, այս տարեշրջանի իր 35-րդ թրիփըլ-տապըլը իրագործելով (25 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 19 էսիսթ), աւելիով մօտեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ մրցանիշ հաստատած` Օսքար Ռապըրթսընի, որ տարեշրջանի մը ընթացքին իրագործած է 41 թրիփըլ տապըլ:...

Շէյքըսփիր Մինչեւ Այս Տարեշրջանին Աւարտը` Լայսթըր Սիթիի Մարզիչ

«Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Լայսթըր Սիթիի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Քրէյկ Շէյքըսփիր մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պիտի շարունակէ մնալ ակումբին մարզիչ: Նախորդ ամիս, Քլաուտիօ Ռանիերիի պաշտօնազրկումէն ետք, ան նշանակուած էր ժամանակաւոր մարզիչ: Անգլիոյ գործող ախոյեան Լայսթըր Սիթիի այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս առաջարկը շատ մեծ ուրախութեամբ ընդունած է Շէյքըսփիրը:

Page 998 of 1277 1 … 997 998 999 … 1,277

Արխիւներ