Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնը յայտնեց, որ բոլոր համալսարաններուն ուշադրութեան կը յանձնէ այն կարեւոր կէտը, որ եթէ անոնք որեւէ տեսակի մրցաշարք կամ ախոյեանութիւն պիտի կազմակերպեն, պէտք է ամէն գնով տեղեակ պահեն ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, մրցաշարքին կատարուելիք թուականէն նուազագոյնը երեք շաբաթ առաջ:
Տեղեակ չպահելու պարագային ֆետերասիոնը այլ միջոցառումներու պիտի դիմէ կազմակերպիչ համալսարանին նկատմամբ: