Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Վիգէն Էսքիճեան նշանակուեցաւ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ:
Վիգէն Էսքիճեան, որ 12 յուլիս 1972-ին ծնած է Լիբանանի մէջ, եղած է մարզիչ լիբանանեան շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի:
Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի Բ. դասակարգի 2017-ի ախոյեանութեան:
Յուլիսին տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան, Հայաստան Ա. խմբակին մէջ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Մալթան, Պելճիքան, Ֆինլանտան, Լեհաստանը եւ Պիելոռուսիան: