Պարսելոնայի պատասխանատուները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը խումբի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի պայմանագրութեան երկարաձգման գծով, կը յայտնէ «Էլ Մունտօ Տեփորթիվօ»:
Աղբիւրին համաձայն, քաթալոնական ակումբը կրնայ 40 միլիոն եւրօ առաջարկել Մեսսիին` իբրեւ նիւթական պարգեւ, եթէ ան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ:
29 տարեկան Մեսսի, որ 2004-էն ի վեր հանդէս կու գայ Պարսելոնայի հետ, եթէ իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգէ, 2018-ի ամրան կրնայ ազատ ֆութպոլիստ դառնալ:
Կը նշուի, որ Պարսելոնա պատրաստ է Մեսսիին տարեկան 35 միլիոն եւրօ աշխատավարձ վճարելու: