Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 12 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:
Ճատրակի այս միօրեայ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 112 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ:
Մրցումները տեղի ունեցան բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ եւ մարզական ոգիով:
Պէտք է նշել, որ այս մրցաշարքը եղաւ բաւական յաջող: Պայքարի ոգիով 8-էն մինչեւ 18 տարեկան երկսեռ ճատրակ խաղացողներ մրցեցան իրարու դէմ: