Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թեմփերլէյ իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Թիկրէի:
Յաղթական կազմին երրորդ կոլը նշանակեց Մաուրօ Գեւգէօզեան, որ իր նորամուտը կը նշէր Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Գեւգէօզեան, որ դաշտ ներկայացաւ 53-րդ վայրկեանին, իր այս կոլը նշանակեց 79-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Թեմփերլէյ ապահովելով 16 կէտ դասաւորման մէջ բարձրացաւ 23-րդ դիրքին: