«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու մրցումներ:
Լայսթըր Սիթի, որ երթին Սպանիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, երէկ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Ուես Մորկան (27-րդ) եւ Մարք Ալպրայթըն (54-րդ) նշանակեցին Լայսթըրի երկու կոլերը:
Սեւիլլայէն Սամիր Նասրի կարմիր քարտ մը ստացաւ (74-րդ), մինչ անոր խմբակից Սթիւըն Նզոնզի փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել (80-րդ):
Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Փորթոն, Փաուլօ Տիպալայի նշանակած կոլին շնորհիւ (42-րդ` փենալթիով), 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, իր կարգին ապահովեց իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթին եւս յաղթանակ մը արձանագրած էր (2-0):
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումներուն, Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Պայէր Լեւերքուզընը, իսկ Մոնաքօ` Մանչեսթըր Սիթին:
Երթին Աթլեթիքօ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, իսկ Մանչեսթըր Սիթի` 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: