Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որ շաբաթ, 11 մարտին իրարու դէմ հանեց Պիպլոս եւ ՀՄԸՄ-ը (Ժըպէյլի մէջ), աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի փայլուն եւ տպաւորիչ յաղթանակով` 87-70 արդիւնքով (22-20, 38-40, 55-69 եւ 70-87):
Այսպիսով, տարեշրջանի իր 14-րդ յաղթանակը արձանագրելով, ՀՄԸՄ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆետի Խաթիպ` 32 կէտ (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ, 8 փորձերէ ետք) եւ 7 ռիպաունտ:
Քեւին Կալոուէյ, բաւական լաւ ելոյթ մը ունենալով, իրագործեց տապըլ-տապըլ մը` 11 կէտ եւ 12 էսիսթ, Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 17 կէտ, 7 ռիպաունտ, իսկ Աթեր Մաժոք` 8 կէտ, 14 ռիպաունտ:
Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քլէյ Թաքըր` 28 կէտ (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ), իսկ անոր խմբակից, Ճէյ Եանկպլատ` 20 կէտ:
ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 50 ռիպաունտ, փոխան 30-ի, ՀՄԸՄ-ի էսիսթները եղան` 21, փոխան` 11-ի:
Նշենք, որ մրցումին ընթացքին ՀՄԸՄ առիթով մը 20 կէտի առաւելութիւն մը (65-45) ունեցաւ իր մրցակիցին:
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Փոլ Սքայեմ եւ Ռապիհ Մասրի:
Նշենք, որ երէկ, 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Լույէզի, 91-81 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Մէյրուպայի: Այս վերջինէն, Ռոպերթ Ափշօ նշանակեց 28 կէտ, իսկ անոր խմբակից, Էմանուէլ Ճոնզ` 24, Լուէյզիէն, Թրէյվիս Մաքկի նշանակեց 24 կէտ: