Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ Sport.news.am կը յայտնէ, որ Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան ներկայիս կը գտնուի Երեւանի մէջ:
Ըստ աղբիւրին, Յարութիւնեան այժմ զբաղած է Արցախի մէջ յունահռոմէական ըմբշամարտի մարզադպրոց բանալու աշխատանքներով:
Պատմելով Հայաստան իր այցելութեան մասին` Ռուսիոյ մէջ բնակող Յարութիւնեան ըսած է.
«Ինչպէս յայտնի է, նպատակ ունիմ Արցախի մէջ յունահռոմէական ըմբշամարտի մարզադպրոց բանալ: Այժմ բաւական լուրջ աշխատանք կը տանիմ այս նախագիծիս շուրջ: Այդ դպրոցը բանալու հարցով ծրագրած եմ հանդիպիլ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
«Միայն այդ հանդիպումէն ետք պիտի մանրամասնեմ մարզադպրոցի բացման աշխատանքներս:
«Թերեւս չկարենամ այցելել Արցախ, որովհետեւ 15 մարտին կը վերադառնամ:
«Յաջորդ գալուս անպայման պիտի այցելեմ Արցախ»:
Նշենք, որ Միհրան Յարութիւնեան ցարդ չէ ապաքինած իր կատարած վիրաբուժութենէն ետք: