Երէկ Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Պուլկարիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 15-20 մարտին տեղի ունենալիք փոքրերու միջազգային դահուկարշաւի մրցաշարքի մը:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Միշել Շաքեր, մարզիչներն են Թոմաս Շուսթըր եւ Մեհտի Ֆրիք, իսկ մարզիկները` Օմար Զէյտան, Զիատ Շեհապ, Մեթիու Ասմար, Էլի Քալլաս, Ժոզեֆ Ռահմէ, Թամարա Խալաֆ, Նայա Սթեֆան, Լուիզ Մաքթաֆ եւ Մարիա Իսսա:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 18-19 մարտին Քֆարզըպիանի մէջ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի 2017 տարեշրջանի հեծելարշաւի վերջին հանգրուանի մրցումները: